Մայիս 28-ի Խորհուրդը
(Մ. Իշխանի Ճառը` Հայաստանի
Անկախութեան Յիսնամեակին Առթիւ)
Սրբազան հայրե՛ր, բարեկամնե՛ր, ընկերնե՛ր:
Հաւաքուած ենք անգամ մը եւս տօնելու հայոց պատմութեան մեծագոյն թուականներէն մէկը: Կ՛ըսեմ` մեծագոյնը, որովհետեւ չունինք հայոց պատմութեան մէջ թուական մը, որ այնքան ծանր եւ այնքան մահաշուք օրերէն ետք, այնքան շքեղ փայլով մը փայլեցաւ հայոց երկնակամարին վրայ:
Մենք ունեցանք Վարդանանք եւ այլ դիւցազնամարտներ` յաճախ բարոյական, մշակութային արժէքով: Սակայն մայիս 28-ը հայ ժողովուրդի յարութիւնը կը խորհրդանշէ, հայ ժողովուրդի բազուկի յաղթանակին տօնն է` ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ բարոյական:
Երբ 50-ամեակ կը տօնենք, գիտակից ենք, որ իսկապէս բախտաւոր սերունդ ենք: Այսօր, հոս նոր սերունդ մը կայ, որ իբրեւ պատմութիւն կ՛առնէ այդ մեծ դէպքը: Կան սակայն այնպիսիներ ալ, որոնք դերակատար են, կան եւ այնպիսիներ, որոնք այդ կռիւներու արձագանգներով օրօրուեցան: Մենք այն սերունդն ենք, որ մայիս 28-ը կերտողներուն հետ ապրեցաւ: Այսօրը պատմութեան օր չէ, այլ` ապրումի օր:
Մայիս 28-ը ամբողջ ժողովուրդի մը յարութիւնը կը բնորոշէ, ո՛չ պարզ դէպք մը, այլ ամբողջ հայութեան կերտած անջնջելի մէկ թուականն է:
Վայրկեան մը երթանք Սարդարապատ, Բաշ Ապարան, Ղարաքիլիսէ, ուր թշնամին ազատօրէն կու գար հայութեան մնացորդը ընդմիշտ բնաջնջելու վճռակամութեամբ: Կու գար այն ապահովութեամբ, որ դիւրին պատառ մը պիտի ըլլայ որբերու, գաղթականներու մնացորդով կազմուած բանակը:
Այդպիսի ծանր, մղձաւանջային օրեր էին, լինել-չլինելու օրեր, մահուան կամ ազատութեան օրեր, եւ մեր հայրերը գիտցան անօրինակ խոյանքով կասեցնել արիւնարբու մեր դարաւոր թշնամին, որ վճռած է հայ անունը ջնջել աշխարհէն:
Այսօր հրաշք կը թուի: Անկարելի է այս պատերազմը, պիտի ըսէին ռազմագէտները, եթէ այդ օրերուն սեղանի շուրջ նստէին: Կանոնաւոր բանակը կու գար գաղթական ժողովուրդին վրայ, որ զէնք ալ չունէր: Բա՛ց էր ճակատը: Մեր թիկունքը` դաւաճան թաթարը եւ անտարբեր վրացին: Կտրուած արտաքին աշխարհէն, լքուած դրացիներէն, անօթի, համաճարակ հիւանդութիւններ: Այս պայմաններու մէջ էր, որ հայ ժողովուրդը կը կերտէր Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի յաղթանակները: Հրաշք էր: Բայց ի՞նչն է հրաշքը:
Գերբնական այն ուժը, զոր ցոյց տուաւ հայ ժողովուրդը: Այդ կու գար մեր պատմութենէն, սկսած` Հայկ նահապետէն մինչեւ րաֆֆիները: Մեր բոլոր գաղափարական հերոսները, ֆետայիները մաս ունէին Սարդապատի յաղթանակին մէջ` իրենց ոգեղէն ներշնչումներով: Կին ու այր մարդ, ծեր ու երիտասարդ, կրօնական ու աշխարհական, առանց կուսակցական խտրականութեան, օրհասի առջեւ գտնուող ժողովուրդ մը կ՛ըսէր թշնամիին` Կեցի՛ր այնտեղ»: Այդ միասնականութիւնը շշմեցուց թշնամին: Եւ մեր հայրերը այդ գերագոյն զոհաբերութեամբ կրցան պարտադրել իրենց կամքը, եւ թուրքը ինքը ստիպուեցաւ ճանչնալ առաջինը հայոց անկախութիւնը: Հոն էին բոլորը` Ղեւոնդ Երէցները, Սասունցի Դաւիթները, Դաւիթ Բէկերը, եւ ատոր համար մեծ էր հայոց բանակը:
Այս տօնը կը խորհրդանշէ շատ կարեւոր իմաստ մը եւս: Մայիս 28-էն առաջ ուրիշ հայութիւն կար: Մայիս 28-էն ետք հայութեան դիմագիծը փոխուեցաւ, ո՛չ միայն այդ օրուան հայութիւնը ունեցանք, այլեւ այսօրուա՛ն հայութիւնը, աւելի գիտակից` անկախութեան, Հայ դատին` որովետեւ տեսաւ ու ապրեցաւ երկու տարուան անկախութեան շրջան մը:
Եւ այսօր այդ հայութիւնը շինարարութեան լծուած է: Հայաստան մը, որ քաոս էր, աւերակ էր, մեր հայրերը այդ քաոսէն ստեղծեցին պետական դիմագիծ, հիմը դրին պետական այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք այսօր վերելքի մէջ են:
Ազգ մը մրցակցութեան աշխարհին վրայ յաճախ քննութիւններ անցընելու պարտաւոր է: Եւ պէտք է այդ քննութիւնները յաջող անցընէ: Եւ մենք պատուով անցուցած ենք: Մեր պապերը անցուցին այդ քննութիւնը` մեզի կտակելով Հայաստանը եւ եռագոյնը, որ ազատութեան խորհրդանիշն է:
Սարդարապատի հերոսները յիսուն տարի ետք յաղթանակ մը եւս տարին: Անոնց ոսկորներուն յաղթանակն է Սարդարապատի հոյակերտ կոթողը:
Հայութիւնը մէկ է, մեր քաղաքական իտէալը մէկ է, մեր Դատը մէկ է: Ո՛չ մէկ թշնամի կրնայ այս իրականութենէն մեզ բաժնել: Ապրիլ 24-ի եւ մայիս 28-ի յիսնամեակները եկան փաստելու, որ հայութիւնը մէկ է:
Մեր հայրերը մեզի հայրենիք մը ձգեցին: Ամէնէն նեղ օրերուն մեռնիլ գիտցան, որ մենք ապրինք:
Մենք ի՞նչ ձեւով պիտի պատասխանենք վաղուան հարցականին: Մենք եւ նոր սերունդներ պիտի կրնա՞նք հաւատարիմ մնալ մեր պատմութեան: Պիտի կրնա՞նք շարունակել ճակատամարտը:
Մայսի 28-ով ճակատամարտ մը շահեցանք, բայց պատերազմը կը շարունակուի: Կը շէննայ մեր երկիրը: Դուրսն ալ առաւելութիւններ ունինք: Հինգուկէս միլիոն հայութիւն կայ հիմա աշխարհիս երեսին: Գրականութիւնը կը ծաղկի, տնտեսապէս կը բարգաւաճի մեր ժողովուրդը: Յաւելեալ զէնքեր ունինք յաջողութեան եւ յաղթանակի: Միայն պէտք է գիտնանք ի սպաս դնել այդ զէնքերը` մեր արդար Դատի յաղթանակին համար:
Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդը կ՛ընէ իր յաւելեալ ճիգը. Մենք պէտք է հարց տանք մեզի, թէ ամէն մէկ հայ ի՛նչ կրնայ ընել սփիւռքի մէջ: Ըսողներ գտնուին թերեւս, թէ ի՞նչ կրնանք ընել, երբ այսօր ահռելի ուժեր եւ հիւլէական ռումբեր կը խօսին:
Այսպիսի տրամաբանութիւններով ապրող ժողովուրդները չեն կրնար ապրիլ, չեն կրնար յաղթել: Բայց կու գայ օրը հատուցման: Մենք թէեւ փոքր ազգ ենք, բայց օժտուած ենք հոգեկան մեծ ուժերով: Միայն` չխախտի հաւատքը մեր սրտերուն` Հայաստանի իտէալին հանդէպ:
Երիտասարդ մայրեր, ձեր զաւակներուն ներշնչեցէք ազգային իտէալը: Երիտասա՛րդ ուսանողներ, ձեր գիրքերուն վրայ հակած պահուն պիտի ապրիք հայութեամբ եւ հայրենիքի գաղափարով:
Ազատութեան պահպանման համար յարատեւ ճիգ եւ պայքար պէտք է: Այս է մեր պատմութեան ոգին: Եւ եթէ կ՛ուզենք մենք հաւատարիմ մնալ մեր իտէալին, ուխտենք նոյն ճամբով ընթանալ, որովհետեւ ուխտի օր է նաեւ այս տօնակատարութիւնը: Ուխտե՛նք հաւատարիմ մնալ ամբողջական եւ ազատ հայրենիքի մեր սուրբ գաղափարին:
