Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Յունիս 1968)

June 30, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ասմունքող Յ. Կիւլոյեան
Վենետիկի Մէջ

Յունիս 13-ին ասմունքող Յ. Կիւլոյեան կը ժամանէ Վենետիկ:

Ասմունքի որոշուած ժամը կը հնչէ: Ամէն ոք լարուած ուշադրութեամբ կը սպասէ: «Վէրք Հայաստանի» հատորին մէջէն, Խաչատուր Աբովեանն է, որ կը բարբառի:

Արշակ Չօպանեան, իր «Դէմքեր» հատորին մէջ, կը պատմէ. «Նոյնինքն Աբովեան, ինչպէս կը գրէ իր նամակներէն մէկուն մէջ, Մխիթարի կենսագրութիւնը կարդալով է, որ հրայրքն ունեցած է մարդ մը, գործիչ մը ըլլալու. մինչեւ անգամ փափաքած է Վենետիկ երթալ եւ միաբանութեան մէջ մտնել. որոշած էր Տաճկաստանէն Երեւան եկած քահանայի մը հետ Պոլիս մեկնիլ եւ անկից Վենետիկ. չնչին դիպուած մը զինքը արգիլեց, դերձակը հագուստները ժամանակին չհասցուց» («Դէմքեր», տպ. Փարիզ, 1924, էջ 62):

Այսօր, սակայն, այդ դէպքէն շուրջ մէկուկէս դար ետք, Խ. Աբովեան Ս. Ղազար կը ժամանէ` յանձին Յ. Կիւլոյեանի: «Վէրք Հայաստանի»-ին երգը կը հնչէ Մխիթարի համեստ յարկին ներքեւ: Յ. Կիւլոյեան ներկաները կը փոխադրէ հայրենի աշխարհ: Ան կը խանդավառէ ու կը խանդավառուի, կը յուզէ ու կը յուզուի:

Յաջորդ օր, կարգը Մուրատ-Ռափայէլեանի աշակերտներուն է վայելելու Յ. Կիւլոյեանի հրամցուցած ասմունքի խնճոյքը: Մօտ երկուքուկէս ժամ ներկաները կախուած կը մնան ասմունքողին շրթունքէն: Ամէնուն սիրտը բռնկած է բոցով մը, որ կը կոչուի հայրենասիրութիւն:

Կիրակի, 16 յունիսին տեղի ունեցաւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը: Վարժարանի Թէոփիլեան շքեղ հանդիսասրահը լեցուած էր հանդիսականներով: Ներկայ էին Վենետկոյ նահանգապետը, ֆրանսական հիւպատոսը, Միլանէն եկած էին ազգային բարերար` պր. Եր. Հիւսիսեանը, գաղութին նախագահ պր. Ս. Սրապեանը, բանաստեղծ Ար. Սրապեանը. Լոնտոնէն` պր. Չալըքեանը. Պոլսէն, Թեհրանէն, Ափրիկէի Թրիփոլի քաղաքէն ազգայիններ, աշակերտներու ծնողներ եւ այլն:

Հ. Ս. Ագըլեան, վարժարանին տնօրէնը ըրաւ հանդէսին բացումը: Յետոյ տեղի ունեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխումը: 16 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականը: Իր առինքնող ձայնով հանդէսին մասնաւոր փայլ մը տուաւ լիբանանահայ երգչուհի Շաքէ Վարդենիսեան: Յ. Կիւլոյեան անգամ մը եւս թնդացուց ամէնուն սիրտը:

Փակման խօսքը տրուեցաւ իտալացի նահանգապետին, որ դրուատեց Մխիթարեան հայրերու ազգօգուտ գործունէութիւնը: Անիկա մասնաւոր գոհունակութիւն յայտնեց, որ բախտը ունեցաւ լսելու հայկական գեղեցիկ երգեր եւ արտասանութիւնը Յ. Կիւլոյեանին, զայն նմանցնելով պերճաբարբառ Մեծ Դեմոսթենէսին եւ Կիկերոնին:

Յ. Կիւլոյեան, Վենետիկ քանի մը օրուան իր այցելութեամբ, անմոռանալի յիշատակներ թողուց ամէնուն սրտին մէջ:

Հ. Ե. Տ.

Յովհաննէս Փափազեան
Յայտնութիւն Մը

Լիբանանահայ լրագրողներ վերջերս իմանալով, որ Պէյրութ կը գտնուի տաղանդաւոր տղայ մը` Յովհաննէս Փափազեան, փափաք յայտնեցին տեսակցութիւն մը ունենալ իր հետ:

Երկուշաբթի, 10 յունիսի երեկոյեան, Յովհ. Փափազեանի բնակարանին մէջ խմբուած են լիբանանահայ լրագրողներ, որոնք եկած են տեսնելու այս երիտասարդ տղուն ինքնատիպ յղացում-ստեղծագործութիւնը` Պէյրութի մանրակերտը:

Յովհաննէս Փափազեան կառուցած է մանրանկար Պէյրութը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Աննախընթաց գործ մը, որ այսօր հրապարակ կը հանէ հազիւ 24 տարեկան այս երիտասարդը: Ճշգրիտ չափագրութիւններով, ծովու մակերեսի բարձրութեան կատարեալ համեմատական չափերով պատրաստուած է մեր մայրաքաղաքը, որուն գրեթէ կէսը ամբողջացած է, իսկ միւս կէսը` կիսաւարտ: 1100 ժամ աշխատած է Յովհաննէս այս գործը յաջողցնելու համար:

Մանրակերտին նայելով` ամէն մարդ կրնայ գտնել որեւէ փողոց, շէնք կամ նոյնիսկ աննշան տուն: Երկնաքեր թէ փլելու ենթակայ հին տուն մը ուշադրութենէն չէ վրիպած Յովհաննէսին: Ծովեզերեայ շրջանէն սկսեալ, այսինքն` Սեն Ժորժի մօտերէն մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակը, մէջն ըլլալով հանրային պարտէզի, Ամերիկեան հիւանդանոցի, Ֆենիսիա-Սթարքոյի շրջանները, գեղեցիկ, բնական գոյներու ներդաշնակ համադրութիւններով «վերարտադրած» է: Կարելի է միայն զարմանալ:

Երբ հարց տրուեցաւ իրեն, թէ ինչո՞ւ սկսած է այս գործին, պատասխանեց.

– Կը սիրեմ: Մեր տունէն ամէն օր կը տեսնեմ Պէյրութի դէպի ծով մտած գեղեցիկ տեսարանը: Ուզեցի, որ այս պատկերը յաւիտենական մնայ այս գործով:

– Ի՞նչ պիտի ընէք այս «քաղաքը», հարց տրուեցաւ իրեն:

– Պիտի նուիրեմ պետութեան: Թերեւս յարմար նկատուի թանգարանի մէջ զետեղել զայն: Դրամի համար բնաւ չեմ մտածած:

Շատ համեստ ընտանիքի զաւակ մը: Իր ձեռակերտին ու ստեղծագործական աշխատանքին մասին մտածող տաղանդաւոր երիտասարդ մը, որուն մասին արդէն իսկ գրած են տեղական թերթեր: Մանրակերտը ցուցադրուած է «Աքթիւալիթէ Լիպանէզ»-էն եւ յայտարարուած` Լիբանանի ձայնասփիւռէն:

Մեր կարգին, շնորհաւորելով այս շնորհաշատ տղան, կը մաղթենք իր նպատակին կատարեալ յաջողութիւն:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հրաբուխին Պզտիկը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.