Անթիլիասի Դպրեվանքի
Ամավերջի Հանդէսը
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի 38-րդ տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Դպրեվանքի բակին մէջ:
Հանդէսը սկսաւ դպրեվանքի «Սիրտ ի Սիրտ» քայլերգի եւ Թարգմանչաց «Որք Զարդարեցին» շարականի խմբերգումով:
Տիգրան սարկաւագ կարդաց հատուած մը Աստուածաշունչէն, Պօղոս Առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղած երկրորդ նամակէն` «Ողջամիտ վարդապետը»:
Ապրումով արտասանեցին` Ներսէս Պահարեան «Աստուծոյ»-ն (Վահան Թէքէեանի) եւ Գրիգոր Ճանէցեան «Խաչբուռ»-ը (Դանիէլ Վարուժանի):
Ղեկավարութեամբ Զարեհ աբեղայ Ազնաւորեանի, դպրեվանքի երգչախումբը յաջողութեամբ խմբերգեց «Ժառանգ»-ը (երաժշտ. Զարեհ աբեղայ Ազնաւորեանի), «Նմանեալ»-ը (դաշն. Զարեհ աբեղայ Ազնաւորեանի) եւ «Հերոսական»-ը (երաժշտ. Գրիգոր Եղիազարեանի):
Դպրեվանքի տեսուչ Տաթեւ վրդ. Սարգիսեան կարդաց դպրեվանքի 1967-1968 տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ ամավերջի խօսքը:
Տպաւորիչ արտասանութիւն մը եղաւ «Դպրեվանքեան պատարագ» խմբական արտասանութիւնը: Մենասողներ` Արամ աբեղայ եւ Զարեհ Էքմէքճեան:
Յանուն Ժառանգաւորացի աւարտականներուն, ուղերձ կարդաց Յովհաննէս սարկաւագ եւ յանուն Ընծայարանի աւարտականներուն` Խաժակ աբեղայ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում` ձեռամբ վեհափառ հայրապետի:
Ժառանգաւորաց բաժնէն վկայական ստացան Թորգոմ Դանիէլեան, Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Վազգէն Ղուկասեան եւ Տիգրան Թրթռեան, որոնք յունիս 9-ին, կոչուած էին սարկաւագական սուրբ կարգին: Նոյն օրը, սարկաւագ ձեռնադրուած էր նաեւ անցեալ տարուան աւարտականներէն` Յարութիւն Մանուկեան:
Ընծայարանի բաժնէն վկայական ստացան նորընծաներ` Արամ աբեղայ Քէշիշեան, Խաժակ աբեղայ Յակոբեան, Հրայր աբեղայ Նիկոլեան, Սեպուհ աբեղայ Սարգիսեան, Յակոբ սարկաւագ Պօղոսեան:
Օրհնութեան խօսքը արտասանեց վեհափառ հայրապետը.
Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին նշանաբանը եղած է, – ի միջի այլոց ըսաւ կաթողիկոսը,- ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել ժողովուրդին: Մեր Աթոռը իր փառքը տեսած է իր ծառայութեան դաշտին մէջ: Ընդարձակուած է ծառայութեան դաշտը: Այս հոգեւոր տան մէջ է, որ կը պատրաստուին մշակներն ու հովիւները, երթալու եւ ծառայելու համար հայ ժողովուրդի դաշտին մէջ:
Այժմ Կիլիկիոյ միաբանութիւնը ունի 38 անդամ, որոնց 18-ը կը ծառայեն մեր թեմերուն մէջ, քանի մը հոգի կը ստանան համալսարանական ուսում եւ մնացեալները վանքի մէջ են: Դպրեվանքի ուսուցիչ են կամ ստանձնած են վանական պաշտօններ:
Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի կարիքները եւ բազմացող պահանջները,- յայտնեց վեհափառ հայրապետը, որոշեցինք դպրեվանքի ծրագրին մէջ հիմնական բարեփոխումներ կատարել: Ցարդ Ժառանգաւորացի 5-ամեայ եւ Ընծայարանի 3-ամեայ ծրագիրին փոխարէն, դպրեվանքը աւելի հիմնաւոր երկրորդական ուսման մակարդակով մը ապահովելու համար, պիտի իրագործուի ութամեայ ծրագիր մը: Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք, սարկաւագ ձեռնադրութիւնը այլեւս պայման պիտի չնկատուի Ընծայարանի բաժինը անցնելու: Առիթ պիտի տրուի աւելի մեծ թիւով ուսանողներու, հետեւելու ութամեայ մեր ծրագրին, ուր մասնագիտական նիւթերու դասաւանդութեանց, յատկապէս` հայագիտական, աստուածաբանական եւ իմաստասիրական, աւելի խնամք եւ աւելի լայն ժամանակ պիտի ընծայուի: Աւարտականները, համաձայն իրենց կոչումին, ազատ պիտի ըլլան ընդունելու կուսակրօնութիւնը, ամուսնացեալ քահանայութիւնը, կամ նետուելու հանրային-կրթական ծառայութեան, որուն այնքան կարիքը ունի մեր ժողովուրդը:
Այնուհետեւ, վեհափառ հայրապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տեսուչ հայր սուրբին, ուսուցիչներուն, որոնք այնքան նուիրումով գլուխ հանած էին իրենց ստանձնած սրբազան պարտականութիւնը: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ ուխտանուէր միաբանութեան, ազգային իշխանութեանց եւ հայ ժողովուրդին, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութեամբ, նեցուկ կը հանդիսանան եւ կը գնահատեն Կիլիկիոյ Աթոռին գործունէութիւնը:
Հանդէսը վերջ գտաւ վեհափառ հօր «Պահպանիչ»-ով եւ «Կիլիկիա» երգի խմբերգումով:
ՀՐԱԶԴԱՆ
