Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1968)

Յունիս 22, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններ

 Հայաստանի Հանրապետութեան
Յիսնամեակի Տօնակատարութիւն

150 Պատանիներ Կատարեցին
Պատանեկան Երդում

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կեդրոնական վարիչ մարմինին կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակի շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 16 յունիս, ամբողջ օրը, Այնճարի դալարագեղ պարտէզներուն մէջ, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի:

Կը մասնակցէին Լիբանանի 10 պատանեկան միութիւններէն աւելի քան 450 պատանի ընկերներ` իրենց վարիչներով:

Հանդիսութիւնները սկսան մարզական խաղերով:

Տեղի ունեցաւ վազքի, փինկ-փոնկի, ոստումի, նշանառութեան եւ պասքեթպոլի մրցումները, եւ ախոյեան պատ. միութիւններ ստացան բաժակներ: Խաղերու մրցանակաւոր ընկերներ ստացան զինանշաններ:

Տօնակատարութեան բաժինը սկսաւ ժամը 3:00-ին: Բացի պատանիներէն` ներկայ էին հոծ թիւով ընկերներ եւ հայրենակիցներ:

Բացումը կատարեց Պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ Արմէն Տօնոյեանը: Պատմական ընդարձակ ակնարկ մը նետեց բոլոր այն դէպքերուն վրայ, որոնք ծնունդ տուին մայիսեան մեծ յաղթանակին: Ապա Ա. Տօնոյեան յայտնեց, թէ հայոց պատմութիւնը լեցուն է փառապանծ յաղթանակներով, բայց մայիս 28-ի յաղթանակը, եղաւ 600 տարիներու հայ ժողովուրդի երազներուն իրականացումը:

«Ուրախութեամբ կը լսենք Սարդարապատի յուշարձանին բարձրացման լուրը ու կը յայտարարենք, որ պատանիները իրենք մեր ժողովուրդի ոգեղէն յուշարձաններն են, հայ յաղթանակի փառքը շեփորող եւ ուխտող` շարունակելու հայկական սուրբ Դատին հետապնդումը: Մենք կը հաւատանք հայ ժողովուրդի յաւերժութեան, ինչպէս եւ կը հաւատանք ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելութեան` ի խնդիր հայութեան գերագոյն նպատակին` միացեալ եւ անկախ Հայաստանի»:

Այնուհետեւ պատանիներ մեներգեցին յեղափոխական երգեր, ինչպէս եւ արտասանեցին ազգայնաշունչ քերթուածներ:

Օրուան նախագահ Կարօ Սասունի հրաւիրուեցաւ տալու իր պատգամը: Արժանացաւ պատանիներու որոտընդոստ ծափերուն եւ խանդավառ «կեցցէ»-ներուն:

Կ. Սասունի յուզուած ու հաւատքով տոգորուած խօսեցաւ պատանիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան իրականացման մասին` մանրամասնօրէն նկարագրելով այն բոլոր փուլերը, որոնք բոլորն ալ մեծագոյն յաջողութեամբ, հայ ժողովուրդին տուին իր սիրելի երկրին անկախութիւնը:

Կ. Սասունի անձնական վկայութիւններով փաստեց առասպելական հերոսութիւններուն ճշմարտութիւնը` շեշտելով, որ` «Հրաշք չէր, որ կը  կատարուէր 1918-ի մայիսեան պայծառ օրերուն: Դիւցազնամարտ մըն էր, ժողովուրդներու կեանքին մէջ շատ քիչ տեսնուած յաղթանակ էր, որ իրականացաւ շնորհիւ ամբողջական հայութեան անսակարկ ու անձնուրաց մասնակցութեամբ պատերազմին: Հայ ժողովուրդը այդ օրերուն չունէր հիւլէական ռումբ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը չունէր հիւլէական ռումբ, բայց իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր խմբապետ թէ պարզ ֆետայի, ի՛նք դարձած էր հիւլէականէն աւելի զօրաւոր ռումբ մը, կը պայթէր` ի խնդիր հայրենիքի անկախութեան, կը պայթէր` սարսափի մատնելով թուրք բանակները»:

Այնուհետեւ, նախագահը թուեց այդ հերոսական մաքառումներէն դրուագներ, հերոսական խիզախումներ: Եզրակացնելով` թելադրեց նոր սերունդին` հայութեան նոր բողբոջներուն` մնալ հաւատարիմ աւանդապահը սուրբ աւանդութիւններուն եւ Հայ դատին:

Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտի մէջ բեմ հրաւիրուեցան մօտ 150 պատանի ընկերներ, որոնք երկիւղածութեամբ ու հպարտութեամբ կատարեցին պատանեկան երդումը: Այդ հոգեպարար արարողութեան կնքահայրութիւնը ստանձնեց Կ. Սասունի: Շնորհաւորելով նորագիր պատանիները` մաղթեց անոնց հաւատքի զօրացում եւ իրագործում իտէալներու` ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ, հայ ժողովուրդին համար:

Ապա խօսք տրուեցաւ Անդրանիկ Ուրֆալեանին:

Ա. Ուրֆալեան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս գեղեցիկ հանդիսութեան կազմակերպման համար: Անդրադառնալով նախագահի խօսքերուն եւ ընդգծելով պատանիներուն ուղղած անոր պատգամը` պատմականը ըրաւ այն կարեւոր նուաճումներուն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կատարած է Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վրայ:

Յիշելով Հայաստանի մէջ բարձրացած Սարդարապատի կոթողը` ըսաւ. «Հայաստանի մէջ իշխանութիւնները վերջապէս ճանչցան Սարդարապատի ճակատամարտը, որ տեղի ունեցաւ 1918 մայիս 26-ին, եւ, յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը, համանուն դաշտին վրայ բարձրացուցին շքեղ յուշարձան մը: Անոնք յիսուն տարի սպասեցին ճանչնալու համար մայիս 28-ին ծնունդ տուող ճակատամարտը: Կը հաւատանք, որ Սարդարապատի շքեղ խոյանքը ճանչցողը անպայման օր մը պիտի ճանչնայ ու փառաւորէ մեր պատմութեան շքեղագոյն յաղթանակը` մայիս 28-ի մեծ թուականը»:

Ապա Ա. Ուրֆալեանը շնորհաւորեց պատանիները եւ հրաւիրեց ներկաները` աւելի վառ հաւատքով նուիրելու Հայ դատի պաշտպանութեան:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ մեծ խանդավառութեան մէջ: Բոլոր ընկերներն ու ներկաները յոտընկայս երգեցին «Յառա՛ջ, Նահատակ»-ը:

Պատմական անմոռանալի թուական մը եղաւ պատանիներուն եւ ներկաներուն համար այս տօնակատարութիւնը, որ  կու գար բացատրելու յիսուն տարի առաջ ձեռք բերուած համաժողովրդային յաղթանակի մը, կերտուած անկախութեան մը եւ ստեղծուած հայրենիքի մը արժէքը:

Թ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?