Լիբանանի Օգնութեան Խաչի
22-րդ Պատգամաւորականը
Լիբանանի օգնութեան խաչի 22-րդ Պատգամաւորական ժողովը բացուեցաւ շաբաթ, 9 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ եւ, յաջորդական երեք նիստերով, համերաշխ ու սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ իր աշխատանքները աւարտեց կիրակի, 9 յունիս, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Շրջանային վարչութեան կողմէ ժողովին բացումը կատարեց Արաքսի Արծրունին եւ բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց պատգամաւոր խաչուհիներուն:
Ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցէին 83 պատգամաւորներ:
Շրջանային վարչութեան վաստակաւոր գործավար-քարտուղարուհի Լ. Սասունի միաձայնութեամբ եւ ծափահարութիւններով ցկեանս պատուոյ նախագահի պատուին արժանացաւ:
Լ. Սասունի խորապէս զգացուած` շնորհակալութիւն յայտնեց խաչուհիներուն եւ մաղթեց նորանոր նուաճումներ իրենց առաջիկայ գործունէութեան մէջ:
Պատգամաւորական ժողովին ողջոյնի խօսք ուղղեցին եւ Լիբանանի օգնութեան խաչին կատարած գործն ու դերը պանծացուցին` Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Գարտօղլանեանը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեանը եւ դարմանատան բժիշկներէն տոքթ. Յ. Սաղըրեանը:
Ժողովը լսելէ ետք Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերու 1965-1968 եռամեայ գործունէութեանց նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրները, եւ քննելէ ետք անոնց կատարած բազմարդիւն աշխատանքները, ջերմ գնահատանքի բանաձեւ արձանագրեց Շրջանային վարչութեան գործունէութեան եւ գնահատանքի բանաձեւ` բոլոր մասնաճիւղերուն:
Գոհունակութեամբ արձանագրուեցան նաեւ անդամներու յաւելումները եւ բազմակողմանի ճիգերը, որոնք թափուած են կրթական, խնամատարական եւ ազգային-հասարակական կալուածներուն մէջ:
Արդարեւ, Լիբանանի օգնութեան խաչը ներկայիս ունի 20 մասնաճիւղ եւ 4 հազար անդամ: Ունեցած է 298 հազար լիբ. ոսկի մուտք եւ 277 հազար լիբ. ոսկի ելք:
Գաղտնի քուէարկութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան` Ա. Արծրունի, Բ. Առաքելեան, Վ. Տէր Կարապետեան, Վ. Ֆեթթելեան, Ա. Արմէնեան (Հայկականեան), Տ. Գրուշեան, Ա. Ռաֆայէլեան, Բ. Գըլըճեան եւ Շ. Նահիկեան:
Սրտառուչ Պահ Մը

Ինչպէս ծանօթ է ընթերցողին, Սարդարապատի հերոսամարտին յիսնամեակին առիթով, մայիս 25-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ այդ ճակատամարտի հերոսներուն նուիրուած յուշարձանին բացումը` շուրջ հարիւր հազար հայերու ներկայութեան:
Այդ առիթով խօսուեցան ազգայնաշունչ ճառեր, որոնց մանրամասնութիւնները հաղորդած ենք արդէն:
Յուշարձանի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ յատկապէս այդ առիթով Հայաստան գացած սփիւռքահայեր, որոնք վերադարձի ճամբուն հանդիպեցան մեզի եւ փոխանցեցին իրենց խանդավառ տպաւորութիւնները: Անոնց մէջ էին Մեքսիքոյէն եւ Լոս Անճելըսէն խումբ մը ընկերներ, որոնք ուխտի գացած էին Հայաստան` «Սարդարապատի խումբ» անուան տակ:
Յուշարձանին բացումէն երեք օր ետք, մայիս 28-ին, Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրը, մեր ընկերները դարձեալ այցելած են պատմական կոթողը եւ ծաղկեպսակ դրած են անոր առջեւ` հետեւեալ գրութեամբ.
«Փա՜ռք Սարդարապատի հերոսներուն` Մեքսիքոյի եւ Լոս Անճելըսի ընկերներէն»:
Ոգեկոչումի այս սրբազան պահուն հոն գտնուող հինգ հարիւրի մօտ հայրենակիցներ յուզումով հետեւած են մեր ընկերներուն այս սրտառուչ արարողութեան:

