Կ՛անիծեմ Այն Աստուածը, Որ Մեր Ճակատագիրը Գրեց
(Շապին Գարահիսարի Հերոսամարտին Տարելիցին Առիթով)
Քանի մը օր առաջ ազգականներէս մէկը հեռաձայնեց ու, ի միջի այլոց, ձեւով մը տեղեկացուց, թէ այս տարի արձակուրդի համար Թուրքիա կ՛երթայ:
– Մինչեւ Գարահիսար պիտ՛ երթամ,- ըսաւ:
– Խե՞նթ ես…
– Ինչո՞ւ խենթ, ի՞նչ կ՛ըլլայ… միտքս դրեր եմ, պիտ՛ երթամ:
– Եթէ միտքդ դրեր ես, գնա՛: Բայց ի՞նչ ընելու, ի՞նչ կայ հոն… Կը զղջաս: Պարապ տեղը պիտի յուզուիս, հոգիդ տակնուվրայ ընես: Ամէն տեղ, եթէ նոյնիսկ այդ տեղը սիրելի ծննդավայր է, սիրելիներով, բարեկամներով, դուռ դրացիով շէն է, հաճելի: Հաւանաբար հօրենական տանդ հիմերն իսկ սրբուած են, ու պապերուդ գերեզմանին քարերը տարուած. ալ ի՞նչ ընելու պիտի երթաս հոն:
– Ճամբուդ ծախսը կու տամ, եթէ հետս գաս,- ըսաւ:
– Մի՛ փորձեր զիս կաշառել, անօգուտ է:
Չհամաձայնեցանք: Երբ տեսայ, որ անհնար է զինք տարհամոզել, բարի ճանապարհ մաղթեցի իրեն:
– Բարով երթաս բարով գաս,- ըսի:
***
Այդ գիշեր, երկար ատեն վերմակիս տակ մնացի մտածկոտ ու արթուն: Չհաւատացի, թէ ես երբեւիցէ կրնայի Գարահիսար երթալ փափաքողի մը թելադրել, որ չերթայ: Ու մտքով գացի ետ:
1915 թուի յունիսի ամիսն է: Հայեր կը վառեն Շապին Գարահիսարը – ինչպէս Ազատութեան ճանապարհինին մէջ Հազրէն կը վառէ գոմերը – ու կը բարձրանան լեռ: Հոս, այս անգամ, զանոնք առաջնորդողը Սասնոյ լեռներուն Ասլանը` Անդրանիկը չէ, այլ` իր հայրենակիցներն են, իր դրացիները, դասընկերները: Բայց թշնամին նոյնն է: Թուրքը: Մարդկութեան ու աստուածային ստեղծագործութեան ամօթանքը: Պետութիւն է, ունի բանակ, ժանտարմըրի, ոստիկանական ու քաղաքապահ ուժ` ու ասոնց բոլորին կրունկներուն կապուած` ամբոխ, վոհմակ:
Ահաւոր ու անհաւասար է կռիւը: Կը կռուինք այս բոլորին դէմ, բնութեան տարրերուն դէմ, քաղցի ու ծարաւի դէմ, ցերեկուան տաքին` ու գիշերուան պաղին դէմ, կարկուտին ու անձրեւին դէմ, ճակատագիրին դէմ:
Մինակ ենք: Բոլորովին մինակ: Ծովէ ու սահմանագլխէ հեռու:
Յունիսի 29-ին, 27-օրեան անհաւասար պայքարէ մը ետք, քաջութեան այս շքեղ արարքին վրայ կ՛իջնէ սեւ վարագոյրը:
Քաջեր կը պատռեն պաշարման շղթան ու կը բարձրանան շրջակայ լեռները` հոն կռիւը շարունակելու առաջադրութեամբ:
Ու յաջորդ օրը, Նաթան քահանայ Տատեան, դողացող ձեռքերով ու հաւանաբար «Առաւօտ Լուսոյ»-էն տուն մը ծամելով, բերդի դրան վրայ կ՛ամրացնէ անձնատուութեան սպիտակ դրօշը:
Մնացեալը ողբերգութիւն է:
Հիմա ի՞նչ բանի համար ազգականուհիս կ՛ուզէ Գարահիսար երթալ, ի՞նչ բանի համար կ՛ուզէ զիս իրեն հետ տանիլ, ի՞նչ բանի համար…
Հաւանաբար հոն ողջեր չկան, իսկ մեռածները գերեզման իսկ չունեցան տեղը նշանակուած` որ ափ մը մանիշակ կամ երկու բոսոր կակաչ առած երթանք այցի ու աղօթք մը մրմնջելով նետենք իրենց վրայ: Դեռ աւելին կայ: Բերդին մէջ, կռուի պահուն, սպաննուած մեր քաջերուն մարմինները, որովհետեւ կարելի չէր ապառաժը փորելով թաղել, նետեցինք վար, ուր անոնք, անոնց ոսկորները խառնուեցան վարը շան սատակ եղած թուրքերու ոսկորներուն…
Ժառանգորդ չէ մնացած անոնցմէ, որ երթամ գտնեմ զանոնք ու գուրգուրանքով նայիմ անոնց հայու խորունկ ու տառապանքով թրջուած աչքերուն մէջ:
Ի՞նչ բանի համար Գարահիսար երթալու ցանկութիւն պիտի ունենամ, երբ այդ անուան յիշեցումն իսկ տակնուվրայ կ՛ընէ հոգիս: Ի՞նչ ընեմ երթամ, երթամ ո՞ղբ հիւսեմ, թէ ոչ` յուսահատ պառաւի պէս մազերս փետտեմ ու մոխիր թափեմ ձորձերուս…
Չէ, ես չեմ ուզեր Գարահիսար երթալ: Արդէն, ամէն օր, ու մանաւանդ ամէն տարելիցի, մտքով ու հոգիով հոն եմ: Ալ ի՞նչ հարկ պայուսակ վերցնելու եւ ճամբորդի ցուպ:
Խնդիրը կը փոխուէր, եթէ ան ներկայիս մաս կազմէր մեր հայրենիքին: Այն ատեն ես, ամէն բան ձգած, ինծի պէս ուխտաւորներու կարաւանի մը առջեւ ինկած, բոպիկ ոտքերով կ՛երթայի հոն: Փողոցէ փողոց, դիրքէ դիրք, քարէ քար, աւերակէ աւերակ առաջնորդելով հետիններս, ցոյց կու տայի «Հայ հող մը եղած ըլլալուն համար կարմիր եղող հողը», ու կ՛ըսէի.
– Զգո՜ւշ, հոս մի՛ կոխէք. կամ սո՜ւսս, մի՛ արթնցնէք, հոս ինկան, կամ` հոս կը քնանան հերոսները… Հոս ինկաւ Հմայեակը, հոս մեռաւ Շապուհը, հոս կախեցին Կարինեանը, աստեղէն վար` անդունդը նետեցին Գալիոնճեանը, հոս ինկան Վարազդատը, Տիգրանը, Գառնիկը, Թորգոմը, Վեցիկեանը, Մարկոսեանը, Պուրնազեանը, Ազատը…
Ու միւսները:
Բոլոր միւսները, որոնք մեռան հերոսի մահով ու չունեցան գերեզման:
Ու անոնց ոսկորները, ո՜վ սրբապղծութիւն, խառնուեցան անարի թշնամիին ոսկորներուն, որովհետեւ հող ու ժամանակ չունէինք զանոնք թաղելու համար:
Չէ՛, ես չեմ ուզեր երթալ Գարահիսար: Կ՛երթամ միայն այն ատեն, երբ, յաղթական շուքով, ամէնքով կ՛երթանք անոնց ինկած տեղերէն մէկական ափ հող վերցնելու, որ Հայոց պանթէոնը տանինք:
Երբ այդ օրը գայ, հաւատացէք, եթէ օտար երկնքի տակ մեռած ու հոն ալ դրուած ըլլամ, Ղազարոսի պէս յարութիւն կ՛առնեմ… Կու գամ հետերնիդ, կու գամ բոպիկ` ուխտի գացող նախնեացս պէս, ու ցոյց կու տամ մեր աննման հերոսներուն ինկած տեղերը, այն տեղերը, ուր անոնք մեռան` թուրքին ու մահուան դէմքին թքնելով:
Անշեղ մահով ցոյց կու տամ այն բոլոր դիրքերն ու վայրերը, լեռ, ձոր, պատնէշ, ձոր ու արտ, ուր ինկան կռուի ու կամքի վարպետները:
Ու եթէ Գարեգինին, Գառնիկին, Սերոբին ու Սարգիսին ինկած տեղը ցոյց տուած պահուս մատս դողայ, շատ մի տեսնէք ինծի…
Մինչ այդ…
Մինչ այդ, ես մտքով կրանիթեայ մեծազանգուած յուշարձան մըն եմ բարձրացուցեր բերդի մուտքէն ներս տարածուող այն հրապարակին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ անզէն հարիւրաւորներու ջարդը, երբ անձնատուութեան դրօշակը վեր կանչեց թուրքերը: Հոն էր, որ հարիւրաւորներ գնդակահարեցին ու Տէր Նաթանը խաչեցին: Հոն էր, որ քանի մը վիրաւոր երիտասարդ ողջ-ողջ անդունդը նետեցին իրենց մայրերուն աչքին առջեւ, ու քարայրին մէջ ապաստանած յետսապահները ծխախեղդ ըրին: Ահա այդ հրապարակին վրայ եմ ես բարձրացուցած կրանիթէ իմ մեծ յուշարձանը, ու ամէն յունիսի այցի կ՛երթամ անոր…
Մինակ եմ: Հետս ու շուրջս մարդ չկայ: Վարը, մշուշին մէջ դաշտերն ու հեռաւոր ագարակներն ու գիւղերն են: Լերան զով հովն է, որ միայն քովս է ու սուլելով կ՛անցնի վայրի մեխակներու ցօղուններուն մէջէն` շարժելով անոնց բուրումնաւէտ գլուխները:
Այն ատեն ես ծունկի կու գամ երկիւղածութեամբ, գլուխս կը դնեմ պատուանդանի սառ քարին ու տղու մը պէս կու լամ…
Կու լամ, չեմ աղօթեր… Աղօթելու տեղ կ՛անիծեմ այն Աստուածը, որ մեր ճակատագիրը գրեց…
Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ