Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Յունիս 1968)

Յունիս 23, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Ծերանոցը` Պաղտատի Մէջ

 Ազգային Բարերարուհի
Ռեճինէ Իսկենտերեանի
Նուիրատուութիւնները

Վերջին տարիներուն, սփիւռքի տարածքին վրայ, Հայութիւնը ամէնուրեք նոր թափով մը շինարարական աշխատանքի մը լծուած է` կառուցելով ծերանոց, եկեղեցի, դպրոց եւ այլն: Զգալի է թիւը բարերարներու, որոնք դպրոցի մը կամ այլ ազգային շէնքի մը ընդհանուր ծախսերը կը հոգան:

Ուրախութեամբ եւ հրճուանքով կ՛արձանագրենք, որ իրաքահայութիւնը եւս ունեցաւ իր նոր բարերարը:

Բարերար Ռեճինէ Կարապետ Իսկենտերեան, բնիկ պաղտատցի, ի յիշատակ իր աղջկան` հանգուցեալ Մելինէ Դանիէլ Գէորգ Իսկենտերեանի, Պաղտատի արեւելեան թաղամասին մէջ, նորաշէնի հայկական թաղին կից, 9000 քառ. մեթր տարածքի վրայ հայկական ծերանոցի մը շինութեան ձեռնարկեց, որուն ծախսերը` հողի, շէնքի եւ կահ-կարասիի, աւելի քան 100 հազար իրաքեան տինար (800 հազար լ. ոսկի) ամբողջովին ինք պիտի հոգայ:

Իրաքահայութեան պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ առաջին ձեռնարկն է եւ, պատի՛ւ տիկ. Ռեճինէին, որուն այլ առիթներով ըրած բարերարութիւնները ծանօթ են պաղտատահայութեան:

Յունիս 6-ին, երեկոյեան, իրաքահայոց առաջնորդ Ասողիկ եպս. Ղազարեանի ձեռամբ, յիշատակի քարը զետեղուեցաւ նոր սկսուած շէնքի առաջամասին: Հանդիսութեան ներկայ էին` քահանայ հայրեր, կաթողիկէ համայնքի պետեր, պապական դեսպանը` իր քարտուղարով, Ազգային իշխանութեան անդամներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կոկիկ հասարակութիւն մը:

Ներկաները դիմաւորուեցաւ եւ հիւրասիրուեցան տէր եւ տիկին Աբրահամ Շահինեաններու եւ Աղքատախնամի տիկիններու յանձնախումբին կողմէ:

Ա. Շահինեան, որ ներկայացուցիչն է տիկ. Ռեճինէի եւ պատասխանատուն` ծերանոցի բոլոր աշխատանքներուն եւ կարգադրութիւններուն, եւ որ մեծ բաժին մը ունի այս ձեռնարկի յաջողութեան մէջ, տուաւ հետեւեալ տեղեկութիւնները.

Ծերանոցը առայժմ պիտի ունենայ 20 սենեակ` բոլոր յարմարութիւններով, ապագային այս թիւը պիտի բարձրացուի 40-ի: Ամէն սենեակ պիտի կրնայ գործածուիլ երկու կամ երեք ծերերու համար:

Միայն հողը կ՛արժէ 30 հազար տինար, շէնքի շինութեան ծախք կը նախատեսուի 60 հազար տինար, ընդհանուր ծախքը պիտի արժէ աւելի քան 100 հազար տինար:

Ծերանոցին կից պիտի շինուին 20 խանութներ, որոնցմէ գոյացած եկամուտը պիտի յատկացուի ծերանոցի կարիքներուն:

Ներկաները շնորհաւորեցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ա. Շահինեանին: Յայտնեցին նաեւ իրաքահայութեան երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը, որպէսզի փոխանցէ ազնուասիրտ բարերարուհիին եւ ծերանոցի վայրէն մեկնեցան մեծ գոհունակութեամբ:

Կը տեղեկանանք, որ ազգային բարերար Ռեճինէ Իսկենտերեանը 7000 քառ. մեթր տարածութեամբ հող մը եւս նուիրած է` Ազգային վարժարանի երկրորդական բաժինի շինութեան համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քենիոյ Մէջ Աղջիկներն Ալ Ֆութպոլ Կը Խաղան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?