Յուշարձանէ Յուշարձան
1967 նոյեմբերէն մինչեւ 1968 մայիս, ընդամէնը վեց ամսուան ընթացքին, Հայաստանի հողին վրայ բարձրացուեցան երկու կոթողներ, առաջինը` Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնելու համար, իսկ երկրորդը` Սարդարապատի հերոսներուն ի պատիւ:
Այդ կոթողներուն բացման արարողութեանց ներկայ եղան հարիւր հազարաւոր մարդիկ, ու ներկայ եղան ազգային արժանապատուութեան կիսադարեան վէրքը մասամբ թեթեւցնելու աճապարանքով, յուզումով, հպարտութեամբ:
Յուշարձաններու բացման արարողութեանց ներկայ եղան նոյնպէս պետական ու կուսակցական բարձրաստիճան դէմքեր եւ ուրիշներու կարգին, ուրիշներէն առա՛ջ, երկու առիթներով ալ ճառ արտասանեց Հայաստանի թիւ մէկ քաղաքացին` Անտոն Քոչինեանը: Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ Քոչինեան, ի միջի այլոց, ըսաւ.
«Եւ եթէ մեր ժողովուրդի արեւելեան հատուածի վրայ չտարածուեց Եղեռնի արհաւիրքը, ապա դրանով նա պարտական է այն բախտին, որ դեռեւս անցեալ դարի սկիզբներէն Արեւելեան Հայաստանը միացաւ Ռուսաստանին»:
Եւ քիչ մը անդին.
«Դառն ճակատագիր էր սպառնում ամբողջ Հայաստանին, եթէ մեր պատմութեան այդ օրհասական պահին Ռուսաստանում չյաղթանակէր Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը»:
1915-ին, այո՛, մէջբերուած առաջին հատուածով տրուած պատճառաբանութիւնը ճիշդ է, բայց ամբողջ Հայաստանի դառն ճակատագիր սպառնացող «օրհասական այդ պահին» ո՞ւր էր Ռուսաստանը, որուն միացած էր Արեւելեան Հայաստանը «դեռեւս անցեալ դարի սկիզբներին»: Եւ յետոյ` Ռուսաստանի մէջ յաղթանակած Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը փրկութի՞ւն բերաւ մեզի, թէ՞ Լենինի «դէպի տուն» ծանօթ կոչով` ամբողջական անտարբերութեամբ իր բախտին լքեց հայ ժողովուրդը, արիւնախում թշնամիին լայն բացուած երախին դէմ յանդիման:
Շատ ծանօթ յանկերգ է Քոչինեանին յանկերգը եւ հաւանաբար երկար ատեն դեռ յեղյեղուէ՛ր յանկերգը, եթէ անոր հեղինակները հաւատային, թէ իրենց ունկնդիրները հին սարսափահարներն են, ամէն անհեթեթութիւն ծափողջունող ստալինեան գորշ զանգուածը: Մարդիկ բոլորովին նոյն կացութեան մէջ չեն ապրիր այսօր: Ժողովուրդը կը մերժէ՛ իր ճշմարտութիւնը հերքող վիրաւորական սուտերով սնանիլ: Կ՛ուզէ վերարժեւորել իր պատմութիւնը, կարօ՛տը ունի իր զոհերուն խունկ ծխելու, զինք ու հայրենիքը ճշմարտապէս փրկած հերոսներուն իր երախտագիտութիւնը պոռալու: Յուշարձանները տարբեր իրողութեան մը վկաները չեն, այս հոգեփոխութեան արդիւնքն են պարզապէս:
Երկրորդ կոթողին առջեւ Քոչինեան խօսեցաւ իր երկրորդ ճառը ու պահ մը հո՛ս եւս աջ եւ ահեակ խոտորելէ ետք, վերափոխուած ժողովուրդին զգացումները նկատի առած մարդու մը պէս խօսք ըսաւ ժողովուրդին.
«Ճակատամարտը վճռական նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումը կանխելու գործում, հանդիսացաւ ապրելու նրա անդրդուելի կամքի փայլուն վկայութիւնը»:
Ու քանի մը հատուած վար, Սարդարապատի հետ Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Աբարանի դիւցազնական խոյանքները յիշելէ ետք, դարձեա՛լ`
«Այդ համաժողովրդական պայքարը Արեւելեան Հայաստանի հայերին փրկեց ֆիզիքական բնաջնջումից, որ ծրագրել էր երիտթուրքական կառավարութիւնը»…
Ամբողջ ճառին ոճը այսպէս չէ, Քոչինեանը ի պաշտօնէ սրբապղծութիւններ գործած է դարձեալ, բայց մեծ է առաջին յուշարձանին առջեւ արտասանած ճառին եւ երկրորդի բացման արարողութեան ատեն արտասանածին տարբերութիւնը: Հոկտեմբեր, նոյեմբեր, Ռուսաստան իրար չեն խառնուած հոս ու սիրտ խառնող անճշդութիւններով փրկչական դերեր չեն շռայլուած անոնց: «Այդ օրհասական պահին» ուրիշներ չեն ճշդած մեր բախտը, մեր բախտը ճշդած է «հայ ժողովրդի բախտորոշ կռիւը»:
Մէկ յուշարձանէն մինչեւ միւս յուշարձանին բարձրացումը ոգիի բարեշրջումը զգալի է անգա՛մ պաշտօնական մարդոց արտայայտութիւններուն մէջ, ու ասիկա ընդհանուր երեւոյթի մը յայտարար նշանն է, յուսադրի՛չ նշանը…
Պ. Ս.
Ն. Փալանճեան Ճեմարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ճեմարանի շրջափակին մէջ:
Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան եւ Ճեմարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա Ճեմարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, խմբերգեց ժողովրդական երգեր:
Բացման խօսքը արտասանեց Ճեմարանի փոխտնօրէններէն Մ. Իշխան:
Ճեմարանը բացառիկ է անով,- ըսաւ Մ. Իշխան,- որ իր ծրագրի կողքին, զուգընթաց, կը հետապնդէ հիմնական ուրիշ ծրագիր մը: Պատրաստել երիտասարդներ, ըսելու համար մեր ժողովուրդին, որ ասոնք քու փնտռած զաւակներդ են, որ կը սիրեն մեր պատմութիւնը, լեզուն եւ անցեալէն եկող հոգեկան արժէքները:
38 տարի առաջ, Լեւոն Շոնթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, երբ բացին Ճեմարանը, մտաւորականութեան պարապութիւն մը կը տիրէր: Հրաշքով փրկուած Շանթ մը եւ Աղբալեան մը, տեսիլք մը ունեցան, որ ի գին ամէնէն ծանր զոհողութիւններու հիմնեն նոր Ճեմարան մը` Գէորգեան Ճեմարանի հետքով, պատրաստելու համար հայ մտաւորականներ, որպէսզի վառ պահեն հայ հոգիի ու մտքի լոյսը: Որքան արդարացաւ անոնց տեսիլքը: Ատիկա ժողովուրդը ինքը պիտի դատէ:
Մեր շրջանաւարտները սպասուած սերունդը պիտի ըլլան: Իրենք պիտի արդարացնեն: Երբ հոգին կայ, մթնոլորտը կայ, աշխատանքը կայ, անոնց մէջ պիտի գտնուին այնպիսիներ, որ պիտի ըլլան հայ ժողովուրդի, Շանթի եւ Աղբալեանի սպասած սերունդը: Մեր շրջանաւարտներէն ամէն մէկը կրնայ ըլլալ ներկայութիւն մը, պատրաստ ծառայելու հոն, ուր կարիք կայ, հոն, ուր անհրաժեշտութիւն կայ:
Ուսուցիչ, խմբագիր, ազգային գործերու մէջ ծառայող պատրաստուած սերունդ կը պահանջեն մեզմէ: Մեր նպատակն է պատրաստել երիտասարդ աղջիկներ ու տղաք, որոնք եթէ հիմնական տաղանդը չունին, գոնէ զգան կոչումը: Սերունդ մը, որ պատմակշիռ դեր կատարէ մեր հայ իրականութեան մէջ, մէկը իբրեւ փայլուն մտաւորական, ուրիշ մը իբրեւ հաւատաւոր նուիրեալ:
Այս վայրկեանիս միտքս կ՛երթայ Սիմոն Վրացեանին, որ ամէն տարի կը բարձրանար բեմ, կը շեշտէր այս ոգին եւ ձգտումները, որոնց անդրադարձայ եւ, ինչպիսի յուզումով կը յանձնէր վկայականները: Ցաւ է մեզի, որ այս տարի պիտի չկրնայ յանձնել վկայականները: Ճեմարանի մեծ ընտանիքին եւ բոլորի անունով կը մաղթենք արագ ապաքինում: Կը ցանկանք կրկին տեսնել զինք այս բեմին վրայ:
Այնուհետեւ Մ. Իշխան իր խօսքը ուղղելով նորաւարտներուն ըսաւ.- Ձեր շրջանաւարտութեան տարին կը զուգադիպի բացառիկ թուականի մը: Բախտաւոր զուգադիպութեամբ մը, դուք ձեր վկայականները կ՛առնէք մեր անկախութեան յիսնամեակին: Ձեր հոգիներուն մէջ պէտք է ծածանի Եռագոյնը: Ձեր հոգիները պէտք է առաջնորդուին մայիս 28 կերտողներու հոգիով: Սրբազան Դատ մը ունինք: Դուք պարտաւոր էք այդ դատին ծառայել ո՛ւր որ ալ ըլլաք, ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուիք: Կը շնորհաւորեմ ձեզ: Այսօր պիտի ստանաք մեր վկայականը: Ձեր կատարելիք գործի գնահատումով, վաղը պիտի ստանաք հայ ժողովուրդին վկայականը եւ օր մըն ալ մարդու վկայականը:
Ժ. դասարանէն ողջերթի ուղերձը կարդաց Սօսի Յակոբեան:
Աւարտական դասարանէն հրաժեշտի ուղերձը կարդաց Ստեփան Մինասեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում:
Վկայական ստացան օրիորդներ` Գահվէճեան Ռիմա, Թոքաճեան Ռիթա, Մելքոնեան Անի, Չոլագեան Հուրի, Պոյաճեան Սիլվա, Սիւրմելեան Յասմիկ եւ Խտըրլարեան Արլէթ: Պարոններ` Ենովքեան Հրաչ, Էմմիեան Վահէ, Թերճանեան Դերենիկ, Կէօվճէլեան Աբրահամ, Մեհթերեան Ստեփան, Մինասեան Ստեփան, Մնակեան Սիմոն եւ Նարկիզեան Վարդգէս:
Հանդէսը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» խմբերգով: