Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1968)

June 7, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գո՛ղ, Սիրտը Դող

1965-էն ի վեր, Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ վերարծարծուեցաւ Հայ դատը, եւ թրքական ցեղասպանութիւնը մոռացութեան գուրէն հանուելով` կրկին քաղաքակիրթ աշխարհին առջեւ պարզուեցաւ, թուրք մամուլը սկսաւ զբաղիլ հայերով:

Նպատակն էր, սուտ ու խարդախ ամբաստանութիւններ ու զրպարտութիւններ յերիւրելով, վարկաբեկել հայերը եւ արդարացնել թրքական անարդարանալի եւ անորակելի ոճիրները, որոնց նմանը մինչ այդ երբե՛ք չէր տեսնուած աշխարհի պատմութեան մէջ:

Փաստերը մէջտեղն են սակայն: Օտար յարգելի անձնաւորութիւններ ականատեսի իրենց անհերքելի վկայութիւնները հրատարակած են ժամանակին եւրոպական լեզուներով:

Լորտ Ճէյմս Պրայսի հաւաքած ստոյգ տեղեկութիւնները Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին նախարարութեան կողմէ պաշտօնապէս հրատարակուած է «Կապոյտ տետրակ»-ներու շարքին մէջ: Թարգմանուած նաեւ ֆրանսերէնի:

Տոքթ. Եոհաննէս Լեփսիուս Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական վաւերաթուղթերը հայկական ջարդերուն մասին` ամփոփած է իր «Գաղտնի տեղեկագիր»-ին մէջ:

Անտրէ Մանտելշթայմ, Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան աւագ թարգմանը իր «Օսմանեան կայսրութեան ճակատագիրը» համբաւաւոր գրքին մէջ արձանագրած է բազմաթիւ ջախջախիչ փաստեր, որոնք կը դատապարտեն Իթթիհատի ոճրագործ կառավարութիւնը:

Պոլսոյ ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաու իր «Յիշատակներ»-ուն մէջ մանրամասնօրէն նկարագրած է թրքական վայրագ ոճիրները:

Տոքթ. Կիպընզ, Առնոլտ Թոյնպի, Ռընէ Փինոն, Հարրի Շթիւրմեր, Արմին Վեկներ, Ինկա Նալպանտեան եւ զանազան ազգութեանց պատկանող բազմաթիւ այլ հեղինակներ անարգութեան սիւնին գամած են թուրք կառավարութեան հետ նաեւ թուրք ազգը` իբրեւ հեղինակն ու գործադրողը Ցեղասպանութեան հրէշային ծրագրին:

Թուրք թերթերը պարբերաբար կը խօսին Հայ դատի հետապնդման համար Սփիւռքի մէջ կատարուած զանազան ձեռնարկներուն մասին:

Վերջին օրինակը կու տայ Պոլսոյ «Ենի կազեթէ» թերթը, որ սուտն ու իրաւը իրար խառնելով` կ՛ուզէ միտքերը պղտորել եւ հանրային կարծիքը հանել` հայերուն դէմ:

Եթէ միայն ներքին քարոզչութեան համար ըլլային իր ձաբռտուքները, կարելի էր լուռ անցնիլ:

Սակայն ակներեւ կը տեսնուի, որ իր յետին միտքն է Սուրիոյ եւ Լիբանանի կառավարութեանց ուշադրութիւնը հրաւիրել հայերուն վրայ, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր, իբրեւ պարկեշտ ու հաւատարիմ քաղաքացիներ, իրենց շինարար աշխատանքն ու արդար քրտինքը ի սպաս կը դնեն հիւրընկալ երկիրներու վերելքին ու բարգաւաճման:

Պատրուակ բռնելով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ ՄԱԿ-ի մօտ կատարուած դիմումը` մասնակցելու Մարդկային իրաւանց Թեհրանի միջազգային խորհրդաժողովին, ամբոխավար թուրք թերթը ուժ տալով իր երեւակայութեան` մտացածին պատմութիւններ կը յերիւրէ:

Մեծի Տանն Կիլկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. զբաղած է վանքին եւ իր թեմերուն շինարարական, կրօնական ու վարչական գործերով միայն: Իր գործունէութիւնը հրապարակային է եւ ամէնքը գիտեն:

«Ենի Կազեթէ» քաղաքական ղեկավար-գործիչի դեր կը վերագրէ անոր: Իբր թէ «Գործադիր կոմիտէ» մը կազմեր է երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներով: Կոմիտէն իր դրամատունը եւ առեւտրական օժանդակութեան ցանցը ունի եղեր:

Այս ոչի՛նչ:

Ունի նաեւ յիսուն հոգինոց… խորհրդարան մը, որ երեք ամիսը անգամ մը կը գումարուի: Անշուշտ` դաւադրական նպատակներով:

Լիբանանի հայերը ունին եղեր նաեւ «Անդրանիկ» անունով մարզական միութիւն մը, որուն 15-25 տարեկան երիտասարդ անդամները 25-էն ետք կը մտնեն եղեր «Անդրանիկ ասպետական քլիւպ»-ը` զինարձակութեան մարզանք ընելու համար:

Ու յաչս կառավարութեան իբրեւ վտանգաւոր տարր մը մատնանշել ուզելով հայերը` կը գրէ, որ անոնք թէեւ «հիւր են Լիբանանի մէջ, բայց կը պատրաստուին կռուիլ յառաջիկային», գրաւելու համար Արեւելեան Անատոլուն, որ հայոց «հայրենիք»-ն է:

Թուրք բարբարոսութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին Պէյրութի արուարձան Պիքֆայայի բարձունքին վրայ կառուցուելիք յուշարձանը քունը փախցուցած է թուրք յօդուածագրին, որ իր գրութիւնը կը վերջացնէ` մեղադրելով Լիբանանի կառավարութիւնը, թէ ինչո՛ւ աչք կը գոցէ հայերու հակաթուրք գործունէութեան:

Լիբանան եւ արաբական նորազատ երկիրները իրենց մորթին վրայ դարերով զգացած են թուրքին եաթաղանն ու վայրագութիւնները: Շատ լաւ կը ճանչնան հայերը:

«Ենի Կազեթէ»-ներու ձաբռտուքները կը մատնեն մտայնութիւն մը, զոր կարելի է բացատրել երեք բառերով. գո՛ղ, սիրտը դող»:

ՀՐԱՆՏ-ՍԱՄՈՒԷԼ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Մանըքեն Փիսը Նշեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.