Օրուան Շարժումին Հետ
Ինչո՞ւ Սեւ Դրօշակը
Ֆրանսայի մայիսեան շարժումը նոր երեւոյթ մըն ալ բերաւ հետը, որ տարօրինակ թուեցաւ շատերուն. սեւ դրօշը: Սովորական բացատրութեամբ կ՛ըսուէր, որ անիշխանականներու դրօշն է, բայց շահեկան է անշուշտ քիչ մը աւելի հեռու երթալ եւ փորձել պատմականն ընել: Ժան Լաքութիւր հետեւեալ յօդուածը ստորագրած է «Լը Մոնտ»-ի մէջ այս առթիւ.-
Սեւ դրօշը կը ծածանի Սորպոնի բակին վրայ: Փարիզէն անցաւ մայիս 13-ի տողանցքին հետ, ապա` Մոնփառնասէն Օսթերլից: Այսպէս, իր տեղն ունի 1968 մայիսի շարժումին պատմութեան մէջ, անոր համալսարանական ծագումէն մինչեւ ամէնէն լայն ժողովրդական զգացումները: Բայց ուրկէ՞ կու գայ այս սեւ դրօշը, զոր ֆրանսական ամբոխները մոռցած էին Սաքոյի եւ Վանզեթթիի (*) պայքարներէն ի վեր, եւ որ զիրենք կը զարմացնէր, երբ կը տեսնէին Պարսելոնայի կամ Ասթիւրիներու վրայ, եւ որ Ժաք Տիւքլօ դատապարտեց Լիոնի մէջ:
Կը թուի, թէ այսօրուան երիտասարդ անիշխանականներուն համար նման հարց չկայ: Պարզ է` առանց յոյսի մարդոց խորհրդանշանն է: Ե՞րբ երեւցաւ: Բախունինի՞ կողմէ Տրեզտենի մէջ, Լուիզ Միշէլի՞ Քլամարի, կամ Մախնոյի՞ Ուքրանիոյ: Պատասխաններու մեծ մասը զայն կը տանին նախ Լիոն, պարզուած` 1831 նոյեմբերի մետաքսի բանուորներու կողմէ, եղերական նշանաբանով. «Ապրիլ աշխատելով կամ մեռնիլ պայքարելով»:
Ճիշդ է` 1831-ին է, բայց քանի մը շաբաթ առաջ, որ սեւ դրօշը ծածանեցաւ բանուորական բազմութեան մը վրայ, բայց ոչ Լիոնի մէջ, այլ` Ռենս: Հողակիրներն էին, որ պարզեցին սա նշանաբանով` «Աշխատանք կամ մահ»: Եւ երբ երեւցաւ, Լիոն, փետրուարին, կրկին հողակիրներն էին` պաշտօնանկ ըլլալու սպառնալիքին տակ Կիյոթիերի մէկ շինարանէն, որ զայն պարզեցին:
Երբ մետաքսի բանուորները զայն պարզեցին 1831 նոյեմբեր 21-ի հրացանաձգութենէն ետք, սեւ դրօշը, որ այն օրը մեռելի գանկ մը կը կրէր, արդէն իսկ բանուորական ըմբոստութեանց խորհրդանշանն է, հակառակ անոր որ տարբեր իմաստներ առած էր, երբ կը ծածանէր պաշարուած Միսոլունկիի վրայ` 1822-ին կամ Փարիզի քաղաքապետարանին վրայ` 1830 յուլիս 29-31, սպասելով, որ Փարիզ վերստանայ իր ազատութիւնները: Պլանքի հաւատարիմ մնացած էր եռագոյնին, Պապէօֆէն Անֆանթէն, կարմիր դրօշը արդէն իսկ աշխատանքի խորհրդանիշ էր:
Սեւ դրօշը մոռցուեցաւ: Փարիզի Կոմունան նախ եռագոյնի տակ, մարտ 18-էն կարմիրը դէմ դրաւ վերսայլցիներու գոյներուն: Նոյնիսկ ամէնէն յուսահատ օրերուն` մայիսի վերջին շաբթուն, սեւ դրօշը բացակայ էր` հակառակ Ժիւլ Վալլեսի յորդորներուն` «աւելի սպառնական` քան միւսները, քան` ամէնէն աչքի զարնողները կամ անիծուածները, ա՛յս դրօշը: Աւելի վտանգաւոր, վասնզի` աւելի տխուր»:
Մորիս Տոմանժէ (հեղինակը` «Կարմիր դրօշը» հատորին) սեւ դրօշի կրկին երեւումը ֆրանսական քաղաքական կեանքին մէջ կը տեսնէ 1883-ին, անիշխանականութեան զարգացման ատեն: Բայց ինչո՞ւ անիշխանականները սեւ դրօշ ընտրած էին, մինչ իրենց օտար ընկերները, ինչպէս` Փիեր Կրոպոտկին, հաւատարիմ կը մնային կարմիրին: Կը թուի, թէ Լուիզ Միշէլի դերը վճռական եղած է այդ առնչութեամբ, «որովհետեւ,- կը գրէր «Իւմանիթէ»-ի խմբագիրը 1921-ին,- Լուիզ սեւ դրօշի մը կը նմանէր` վրայէն թափող հագուստներով»: Ի դէպ, 1871 մայիսի ջարդերէն ի վեր Լուիզ Միշէլ մեծ սուգ կը պահէր, իր բարեկամ` Ֆերէի եւ բոլոր ընկերներուն:
1882 մարտ 18-ին, Կոմունայի տարեդարձի մէկ հանդիսութեան ատեն կը պոռար. «Այլեւս պէտք չէ կարմիր դրօշը, թաց` մեր զինուորներու արիւնով: Սեւ դրօշ պիտի պարզեմ, որ կը կրէ մեր մեռեալներուն եւ պատրանքներուն սուգը»: Տարի մը ետք տողանցքին գլուխն էր Ռիւ տը Սեւրէն Ռիւ տիւ Ֆուր, իբրեւ սեւ դրօշ հին փէշ մը պարզած` աւելի կոթի մը ծայրը: Երբ դատաւորները մեղադրեցին, պատասխանեց. «Աշխատանք չունեցողներու խորհրդադրօշն է»:
Բայց յեղափոխական փառերգը, զոր գրեց, երբ աքսորուած էր Նոր Քալետոնիա, աւելի քնարական բնոյթ մը կու տայ անիշխանական այս խորհրդանշանին.
«Երբ ամբոխը այսօր լուռ
Որոտայ ովկիանին նման
Եւ պատրաստ ըլլայ մահուան,
Կոմունան ոտքի պիտ՛ ելլէ,
Սեւ դրօշը ծաղկեցնէ հողը
Ազատ, բոցավառ երկնքին տակ»:
Նոյն ոճն ունի ժողովրդական բանաստեղծ Աշիլ լը Ռուա.
«Փողոցներուն մէջ, ուր անգործութիւնը մրմռայ,
Սովահարները սեւ դրօշ կը պարզեն…
Կ՛արհամարհես անոնց թնդանօթի շանթը,
Ո՜վ սեւ դրօշ, որ ծածանեցաւ Լիոնի վրայ»:
Բայց Լուիզ Միշէլի յուղարկաւորութեան օրը «անիշխանական համայնավար» պատուիրակութիւնը` 18-րդ թաղամասի, կարմիր դրօշ կը պարզէր…
Սեւ դրօշը եղաւ նաեւ դրօշը Մախնոյի` «Հայր Մախնոյի»` ուքրանացի ապստամբներու պետը, որ յաղթեց Տենիկինին, Պետլիուրային եւ Կրիկորիեֆի եւ երկու տարի «անիշխանական կարգ» հաստատեց հարաւային Ռուսիոյ վրայ, պոլշեւիկ իշխանութեան ամէնէն զօրաւոր օրերուն: Լենին եւ Սվերտլով զինքը բարեկամաբար ընդունած էին այն օրերուն, երբ խորհրդային յեղափոխութիւնը փառաշուք յուղարկաւորութիւն կ՛ընէր Կրոպուտկինի:
Սեւ դրօշը տեսնուեցաւ նաեւ Սպանիա, աւելի ճիշդ` Քաթալոնիոյ մէջ, յեղափոխական 1936-1939: Սենտիքաներու եւ անիշխանականներու մեծ կազմակերպութիւնները աւելի ճիշդ դրօշ մը կը պարզէին, ուր սեւ եւ կարմիր դրացի էին: Զայն շարժելով է, որ Տիւրիթի եւ Կերիլլոներու իր գունդը ամէնէն ծանր կորուստները հասցուցին Ֆրանքոյի ուժերուն` «Վիվա լա մուէրթի» (կեցցէ՛ մահը):
Գալով Սեպասթիէն Ֆորի «Անիշխանական համայնագիտարանին», շատ բացատրութիւն չի տար սեւ դրօշին մասին: Ոգեկոչելով կարմիր դրօշը եւ վրդովումը յայտնելով այն պաշտամունքին համար, զոր շատ մը երեսփոխաններ ունին անոր հանդէպ, կը գրէ.-
«Անիշխանականներն ալ դրօշ մը ունին: Սեւ է: Անիշխանականները միակ անձերն են, որոնք իրենց դրօշին մէջ խորհրդանշան մը չեն տեսներ, այլ` քուրջի կտոր մը, որ կը ծառայէ համախմբելու ընկերները պտոյտի մը կամ ցոյցի մը ատեն: Այդ դրօշակը շատ լաւ կրնան փոխարինել ցուցատախտակով մը կամ ուրիշ որեւէ բանով, բայց դրօշակ մը երբ բարձր բռնուած է, աւելի գործնական է եւ հեռուէն կը տեսնուի: Երբեմն կը պաշտպանեն ալ, ոչ անոր համար որ կտոր մը կերպաս կ՛արժէ, որ կռուիս կամ մեռնիս, այլ որովհետեւ երբեք իրենց դրօշին դէմ չէ, որ պայքար կը տարուի, այլ` իրենց գաղափարներուն»:
(*) Այս երկու իտալացիները շատ աղմուկ հանած են 20-ական թուականներուն: Ձերբակալուած էին Մասաչուսեցի նահանգին մէջ իբրեւ կարծեցեալ ոճրագործները գործատան մը գանձապահին ու մահուան դատապարտուած` 1921-ին: 1925-ին ուրիշ դատապարտեալ մը կը վկայէր, որ անմեղ էին, եւ ինք էր ոճրագործը, բայց նահանգապետ Ֆուլլըր վերաքննութեան հարկ չէր տեսներ եւ մահապատիժը կը գործադրուէր 1927-ին: Այդ առթիւ Ամերիկայէն Եւրոպա բողոքի ցոյցերը կը բազմապատկուէին` իտալացիները նկատելով իբրեւ զոհ օտարատեացութեան եւ պահպանողականութեան:
