Իր Գործին Առջեւ
Խորահմուտ մտաւորական Ռուբէն Դարբինեանի մահուան առիթով մեր աշխատակիցը` Մինաս Թէօլէօլեան մեզի ղրկած է հետեւեալ յօդուածը, որ իբրեւ խմբագրական լոյս տեսած է «Հայրենիք»-ի յունիս 16-ի թիւին մէջ.
«Լի ամօք»- ալեւոր ծերութեան տարիքին էր հասած վաստակաւոր մեր ընկերը` Ռուբէն Դարբինեան. եւ մարդկօրէն բնական է մտածել մահուան մասին, երբ կը հասնինք կեանքի այդ հանգրուանին: Յատկապէս 1963-էն ասդին, երբ յաջորդական սրտի տագնապներ եւ ֆիզիքական մաշումի հետեւանք տկարութիւնը զինք ցնցեցին աչքառու կերպով, մեր մտքին մէջ գամուած էր տխուր հարցականը. «Պիտի կարենա՞յ վերագտնել իր ֆիզիքական ուժերը»…
Հիմա տխուր իրականութեան առջեւ ենք արդէն: Տարապայմանօրէն կենսունակ, պայծառամիտ ու արթուն` մինչեւ իր վերջին հիւանդութիւնը, ապրիլին ընկեր Ռուբէն Դարբինեան երբեք չհաշտուեցաւ զինաթափ ըլլալու գաղափարին հետ: Մահէն քանի մը օր առաջ միայն, պճլտուն իր աչքերը յառած իր սնարին մօտ հաւաքուած ընկերներուն, գրեթէ շշնջաց. «Պիտի կարենա՞մ արդեօք վերադառնալ»…
Եւ չդարձաւ: Փակեց իր աչքերը հանդարտ շիջումով, վերջին սրտի տագնապէն ետք` մօտ երկու ամիս անշարժացած, հիւանդանոցի իր մահիճին մէջ: Չդարձաւ մարմնապէս սակայն հիւանդի իր ամէն մէկ րոպէն անցուց մեզմո՛վ, իր ժողովուրդին, իր կազմակերպութեան, մանաւանդ ի՜ր «Հայրենիք»-ներուն կարօտանքով: Քիչ անգամ հանդիպած ենք մտաւորական կամ հրապարակագիր մեծերու, որոնք իրեն չափ պրկումի, խորացման ու ծաւալումի տոկան: Մեր կեանքի բոլոր մարզերը` քաղաքական, հանրային, մշակութային, կազմակերպական` մնացին միշտ իր սեւեռումին առարկայ, «հանապազօրեայ ապրում», առանց որուն` ինքզինք մինակ եւ որբ կը զգար: Չենք կարծեր, որ աւելի ծանր դառնութիւն զգացած ըլլայ իր կեանքին մէջ մեր ողբացեալ ընկերը, քան` հարկադրաբար անշարժացնել իր ձեռքերը ու ստիպուած ըլլալ հեռո՜ւ մնալու 46 տարիներու իր սիրելի յարկէն` «Հայրենիք»-ի շէնքէն ու գրասենեակէն: Անսփոփ վիշտ ունեցաւ, տարիներ առաջ, կորսնցնելու եղերաբախտ իր զաւակը, եւ գիտենք, որ այդ վիշտով մխաց իր հոգին, լուռ կերպով: Սակայն, իր զաւկէն ետք, վստահօրէն մեծագոյն ցաւերէն մէկը եղաւ ու մնաց վերջին տարիներու հարկադրական իր ձեռնթափութիւնը` խմբագրական եւ հրապարակագրական աշխատանքներէ: 1963-ին, Փարիզի մէջ, անցուց սրտի իր առաջին զօրաւոր տագնապը եւ ամիսներով մնաց անշարժ. 1965-ին ինքնաշարժի ծանր արկածի մը պատճառով դարմանումի տակ մնաց երկար ատեն. եւ, հարկ է շեշտել, այդ թուականէն ասդին «կաղաց» միշտ իր առողջութիւնը: Ապրիլի 25-ին սրտի նոր տագնապ մը զինք գամեց անկողնին, ու, ահաւասիկ, հազիւ երկու ամիս ետք, կը լռէ վերջնականօրէն, խռով հոգիով սակայն խաղաղ անէացումով մը:
Իր մահուան վաղորդայնին, այս արագ ու հպանցիկ տողերով կարելի չէ ներկայացնել բազմակողմանի տաղանդով եւ արժանիքներով օժտուած մեր բազմերախտ ընկերը: Առիթը կ՛ունենանք մեր լրիւ յարգանքը ընծայելու իր կեանքին ու գործին, երբ իր կորուստի անմիջական անդրադարձները կը դադրին մեզ հոգեպէս կաշկանդելէ: Ռուբէն Դարբինեան, անշուշտ ամէնէն աւելի հրապարակագրի եւ մտաւորականի իր պատկառելի վաստակով պիտի անցնի ժամանակակից կեանքի մեր պատմութեան: Ջղուտ, ամուր դատումի տէր, լայնածիր սեւեռումի ընդունակ, ստեղծագործական թափի տէր խմբագիր մը եւ մտաւորական մըն էր, ու կէս դարէ աւելի հանրային եւ կուսակցական մեր մամուլին մէջ բարձր պահեց իր վարկը, իր խօսքին ուժով վարակեց բազմութիւնները եւ մինչեւ վերջին շունչ վերլուծեց, պարզաբանեց, ուղղութիւն տուաւ ու ներշնչեց: Անհատականութիւն ունէր, սեփական համոզումներ ունէր, տեսակէտ ունէր եւ անխախտ ու վճռակամ էր իր եզրակացութեանց մէջ, որովհետեւ գիտական եւ հաստատուն հիմերու վրայ ստացած էր իր դաստիարակութիւնը, կոչումով եւ խառնուածքով «մա՛րդն էր իր ասպարէզին» եւ փորձառութիւնը ունէր քաղաքական թէ ազգային կեանքի, մտաւորական թէ կազմակերպական գործի: Հաստատակամ մնաց մինչեւ վերջին վայրկեան` հակառակ բնախօսական այն իրողութեան, որ ալեւոր տարիքի մէջ մարդիկ աւելի նահանջական եւ զիջող կը դառնան: Պատմութիւնը ապրեցաւ ժամանակակից մեր կեանքին, դեր ու բաժին ունեցաւ այդ պատմութեան կերտումին մէջ, որ հետեւաբար ինքնիրեն չթոյլատրեց երբեք ինքնախաբութիւնը:
Իբրեւ կազմակերպական ու հանրային գործիչ եւս` մեր վաստակաշտ ընկերը փայլուն անցեալ մը կը թողու իր ետին, հայրենիքէն, Կովկասի շրջանէն, Պոլսէն ու մանաւանդ Ամերիկայէն, ուր անցուց կեանքի իր ամէնէն բեղուն եւ ստեղծագործ տարիները: Իր գրչին չափ ազդու եղաւ նաեւ իր խօ՛սքը. իր մտաւորական վաստակին չափ պատկառելի եղաւ նաեւ կազմակերպական իր դե՛րը: Մնաց ընդհանուր յարգանքի եւ սիրոյ առարկայ, որովհետեւ քաջ ու անվերապահ մնաց միշտ, չսիրեց ծամծմել իր բառերը եւ ընդհանրական շահերը գերադասեց մասնակի նկատումներու: Մարդկային իր թերութիւնները կ՛ունենայ ամէն մարդ, սակայն կարեւորը ա՛յն է, որ անոնք` այդ թերութիւնները, որեւէ ձեւ չաղարտեն հանրային մարդուն ու մտաւորականին անանձնական էութիւնը: Ընկեր Դարբինեան մեռաւ ասպետօրէն, մեռաւ քաջօրէն, մեռաւ աշխատանքի սուրբ քրտինքը ճակտին ու բաժնուեցաւ մեզմէ առ յաւէտ` իր կեանքին ու գործին օրինակով մշտնջենապէս ապրելու համար հայութեան հոգիին, մտքին ու պատմութեան մէջ:
Յարգա՜նք իր անունին, գործին եւ յիշատակին: