Հայաստանի Անկախութեան 50-ամեակի Շքեղ Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ
Շաբաթ գիշեր, 15 յունիս, Պուրճ Համուտի Ազգային «Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի լայնարձակ բակին մէջ, փառահեղ տօնակատարութեամբ, նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 50-ամեակը:
Խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր հանդիսավայր` ոգեկոչելու համար անմահ յիշատակը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մէջ վասն հայրենեաց նահատակուած մեծանուն հերոսներուն, ապրելու Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարով եւ վերանորոգելու իր ուխտը` ի խնդիր մեր նուիրական Դատին հետապնդման:
Լիբանանեան եւ հայկական գոյներով զարդարուած բեմը եւ ամբողջ բակը, լոյսերով ողողուած, տօնական գեղեցիկ օրուան, յաղթանակի օրուան զուարթութեամբ եւ հրճուանքով կը լեցնէին հոգիները:
Ներկայ էին` լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեանը, կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, Լիբանանի աւետարանական համայնքի հոգեւոր պետ վեր. Ա. Հատիտեանը, ինչպէս նաեւ` ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Լիբանանեան քայլերգէն եւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-էն ետք, որոնք երգուեցան «Կանաչեան» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ տօնակատարութեան բացումը կատարեց Յակոբ Գարաօղլանեանը եւ բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Կարօ Սասունին:
Իր բացման ճառին մէջ, ի միջի այլոց, ըսաւ Կ. Սասունի. «Կրնաք երեւակայել, թէ որքա՜ն յուզումներու եւ ապրումներու մէջ եմ այս վայրկեանիս` հոգեկան աշխարհս ձեզի հաղորդելու համար: Կ՛երթամ 600 տարի ետ, կը վերադառնամ այս օրերուն: Կը տեսնեմ, թէ որքա՜ն արդիւն թափեց մեր ժողովուրդը: Սակայն ո՞ր աստուածային յոյսը վերէն հայ ժողովուրդին դիմանալու ուժ ներշնչեց: Մեռնիլ, բայց` պատուաւոր ապրիլ: Հայ ժողովուրդին մնացորդը լեցուելով Արաքսի հովիտը, 200 քիլոմեթր տարածութեան վրայ, լինել-չլինելու կռուի մէջ էր 50 տարի առաջ եւ` միացեալ ճակատով մը: Հրաշք կը նկատեն: Պատմաբանը պիտի ըսէ. արիւնի մէջ թաթխուած բուռ մը ժողովուրդը, մեծով-պզտիկով, մայր ու աղջիկով, հայր ու տղայով, հին ֆետայիներով, հայ զօրավարներով, հայ ժողովուրդի ամբողջութիւնը, Արագածը կանգնած իր գլխուն, Լոռիէն մինչեւ պարսկական սահման, մայիս 20-28 ահռելի կռիւ մղեց: Մահէն յարութիւն առաւ հայ ժողովուրդը, ստեղծեց հայրենիք: Ոտքի՛, ծափահարեցէ՛ք անմահներուն:
«Ու մենք 50 տարի յետոյ եկած ենք հոս` տօնելու Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակը: Ունինք Հայաստան, կիսանկախ, վաղը լայն ու անկախ` անկասկածօրէ՛ն: Այսօր քիչ կու գայ ձեզի 30 հազար քառ. քիլոմեթր տարածութիւն ունեցող Հայաստանը, վաղը պիտի ըլլայ 60 հազար, 80 հազար:
«Այսօր Հայաստանի հողին վրայ երկուքուկէս միլիոն հայութիւն կայ, անոր վրայ աւելցուցէք Խորհրդային Միութեան եւ սփիւռքի մէջ գտնուողները, հինգուկէս միլիոն հայութեան անունը կայ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան 50-ամեակին»:
2000 թուականին ո՛վ որ պիտի խօսի մայիս 28-ի մասին, Սարդարապատի ճակատամարտին վայրին վրայ, պիտի խօսի 10 միլիոն հայերու անունով: Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը»:
Այնուհետեւ Միսաք Ապաճեանը խոր ապրումով արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն սրտով»-ը եւ Սիամանթոյի «Յոյսի ճամբան»:
Բանախօսեց Հրաչ Տասնապետեան` տալով ամբողջական պատկերը Հայաստանի անկախութեան հռչակման եւ հայկական հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն: Հ. Տասնապետեանի բովանդակալից ճառը իր շահեկանութեան համար պիտի տանք առանձին:
Արա Կիրակոսեանը իր առինքնող ձայնով խանդավառեց հանդիսականները` երգելով «Դաւիթ Բէկ» օփերայէն «Սանթուրի արեան» եւ «Աշուղի երգը»:
Բանաստեղծ Մ. Իշխան խօսեցաւ հայրենաշունչ ճառ մը` խոր ապրումի սրտայոյզ պահեր ստեղծելով:
«Կանաչեան» երգչախումբը երգեց «Սիփանայ քաջեր»-ը, «Ջաղացպանի երգը» եւ «Խուժան ասկեար»-ը, որ հայրենասիրական ապրումներով ալեկոծեց հոգիները:
Դրան եպիսկոպոս Գարեգին Սարգիսեանը հանդիսաւորութեամբ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Խորէն Ա. կաթողիկոսի պատգամը` Հայաստանի Հանրապետութեան յիսնամեակին առիթով:
Վեհափառին պատգամը, որ հայրենաշունչ ոգիի եւ գաղափարական մօտեցումի շքեղ էջ մըն է, խորապէս տպաւորեց ներկաները եւ տօնակատարութեան յատուկ խորհուրդ մը տուաւ:
Փակման խօսքը ըրաւ Կ. Սասունի:
Հայրենակիցնե՛ր, փակումն է որ պիտի կատարեմ: 50 տարի առաջ առաջին տարուան անկախութեան տօնին խօսած եմ Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Ահա 50 տարի ետք կը խօսիմ հոս: Ե՛ս ալ պատգամ պիտի տամ:
Կը փակեմ 50-ամեակը: Այսօր, մեր սերունդներուն կողմէ, առաջին ողջոյնը, առաջին սէրը կը ղրկեմ Հայաստանի ամբողջական ժողովուրդին, բոլորի՛ն:
Մեր համակրանքը կը յայտնենք բոլոր յարանուանութիւններուն: Հայ ժողովուրդը մէկ է: Այս բեմէն կը յայտարարենք: Մենք բազմաթիւ կուսակցութիւններու բաժնուած ենք, տարակարծութիւններ ունինք, բայց թշնամութիւն չունինք որեւէ կուսակցութեան հետ:
ՀՅ դաշնակցութիւնը ճամբայ ելաւ 1890-ին զէնքով, գրիչով, բահ ու բրիչով: Իբրեւ աշխատաւոր ժողովուրդ` քալեց ու եկաւ մինչեւ Արամ, հիմնուեցաւ հայոց հանրապետութիւն, ունեցանք զինանշան, ունեցանք եռագոյն: ՀՅ դաշնակցութիւնը եթէ աշխատանք տարաւ, զոհուեցաւ, ըրաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար:
Մենք 50-ամեակէն ետք, ամէն ջանք պիտի թափենք, պիտի ստեղծենք նոր պայքար Հայ դատին համար, 50 տարի ետք ըսելու համար, թէ Հայաստանի անկախութիւնը կերտեցինք:
Հայաստանի անկախութեան 50-ամեակի այս փառահեղ ու տպաւորիչ տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ «Յառա՛ջ, նահատակ»-ի յոտնկայս խմբերգումով:
