Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1968)

Յունիս 12, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Հիմա Երբ Կոթողը Կայ…

Հայ ժողովուրդը, իր բոլոր հատուածներով, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, այս կամ այն ձեւի տակ, այս տարի տօնեց Հայաստանի անկախութեան յիսնամեակը: Ու այս երազ չէ՛:

Հայաստանի մէջ տօնակատարութիւնը փառաւորուեցաւ յուշարձանով մը, որ նուիրուած է Սարդարապատի հերոսներուն` յաւերժացնելու համար անոնց անմահ յիշատակը: Զբօսայգի-յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ մայիս 25-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն նախագահեց Հայաստանի թիւ մէկ քաղաքացին` Անտոն Քոչինեան եւ այս առթիւ խօսեցաւ ճառ մը, որմէ հատուածներ տուինք այս սիւնակներուն մէջ:

Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի առաջին քարտուղարին, այսինքն` Անտոն Քոչինեանի ճառէն կատարած էինք կարգ մը յապաւումներ: Այդ օրերուն, երբ ամբողջ հայութիւնը վերագտնուած համերաշխութեան մը մէջ, ոգեւորութեամբ կը նշէր իր հայրենիքի անկախութեան յիսնամեակը, անկախ վարչակարգային եւ այլ նկատումներէ, անյարմար նկատած էինք արձագանգ հանդիսանալ Քոչինեանի ճառին կարգ մը հատուածներուն, որոնք անոր խօսքերուն բարձրօրէն հայրենաշունչ արժէքը նսեմացնելու բնոյթը ունէին:

Հիմա, երբ ոգեւորութեան շրջանը անցած է, եւ սառն դատողութեամբ պէտք է մօտենալ այս տարի մեր կեանքին մէջ պատահած կարեւոր փոփոխութեան, անհրաժեշտ է նկատի ունենալ նաեւ ա՛յդ հատուածները, որոնք դեռեւս յամեցող տխուր անցեալի մը ծանրութիւնը կը կրեն եւ մատուցուած տուրքի մը տպաւորութիւնը կը թողուն: Տուրք` որո՞ւ. առնուազն` հին սովորութիւններուն:

Քոչինեան կ՛ըսէ.

«Երբ հասարակ հայ գիւղացին ու զինուորը Սարդարապատի արիւնաներկ դաշտում անձնազոհութեան ու հերոսութեան աննախադէպ օրինակներ էին տալիս, Թիֆլիսում նստած դաշնակ պարագլուխները ամէն գնով ձգտում էին հայցել թուրք զաւթիչների գթասրտութիւնը: Աւելի՛ն. խուճապահար եղած` նրանք կազմալուծում էին հայրենիքի պաշտպանների շարքերը, ամէնուրեք պարտուողական տրամադրութիւններ էին սերմանում, պատրաստւում էին օր առաջ թողնել Երեւանը եւ, ժողովրդի կամքին հակառակ, ընդունել թշնամու ստրկացուցիչ պայմանները: Իրենց դաւաճանական քաղաքականութեամբ, այդ ճակատագրական օրերին, դաշնակները ուղղակի խախտում էին երկրի պաշտպանութեան գործը:

«… Սարդարապատի ճակատամարտից յետոյ Հայաստանում ստեղծուեց պուրժուական հանրապետութիւն, որուն գլուխը կանգնեցին դաշնակ արկածախնդիրները»:

Այսպէս կ՛ըսէ Անտոն Քոչինեան ու` ասոր նման ուրիշ բաներ, որոնցմէ շա՛տ աւելի ծանրը, իբրեւ պատմութեան խեղաթիւրում, յիսուն տարի շարունակ լսած ենք Հայաստանի ներկայ ղեկավարութեան բերնէն: Պոլշեւիկեան ամբողջ գրականութիւն մը «ծաղկած» է այս թեմայով կամ` տարբեր լարերու վրայ: Այս տարուան նորութիւնը Սարդարապատի ճակատամարտը Հայաստանի անկախութեան հռչակումին աքթէն անջատելն է եւ իբրեւ առանձին եղելութիւն ներկայացնելը: Ու այս` շատ հասկնալի պատճառներով:

Մինչեւ հիմա ո՛չ Սարդարապատ կար, ո՛չ ալ Բաշ Ապարան: Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ծնունդ կ՛առնէին նոյեմբեր 29-ին եւ կը ծաղկէին ու կը զարգանային ստալինեան բարեխնամ վարչակարգին ներքեւ:

Հիմա կայ Սարդարապատը, կայ կոթողը: Բայց տակաւին չկայ անոր տրամաբանական հետեւանքը: Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդը ինչո՞ւ կռուեցաւ: Պարզապէս յաղթանակի՞ համար, թէ՞ նաեւ արդիւնաւորելու համար այդ յաղթանակը, որ կարելի եղաւ միայն Հայաստանի անկախութեան հռչակումով: Ու յետոյ, ի՞նչ մարդիկ եղած են այս դաշնակները, որոնք «իրենց դաւաճանական քաղաքականութեամբ այդ ճակատագրական օրերին ուղղակի խափանելէ» ետք «երկրի պաշտպանութեան գործը», յաղթանակէն ետք, գլուխը անցած են «Հայաստանում ստեղծուած պուրժուական հանրապետութեան»:

Վստահ ենք, որ Անտոն Քոչինեանը չի հաւատար իր ըսածին, որովհետեւ կարելի՛ չէ, որ պետական բարձր դիրքերու հասած մարդ մը այդքան անհեթեթ եւ տրամաբանութեան դէմ մեղանչող արտայայտութիւններ ունենայ: Չի հաւատար իր ըսածին, բայց կ՛ըսէ ու հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ:

Պարզապէս կարենալ ըսելու համար մնացեալը` այն, որ` «Սարդարապատի ճակատամարտը մեր ժողովրդի բազմադարեան ազգային-ազատագրական պայքարի ամենափայլուն էջը հանդիսացաւ»:

Ու կարեւորը  ա՛յս է յիսնամեայ ուրացումներէն ետք: Որովհետեւ, դեռ քանի մը տարի առաջ, Սարդարապատի պատիւն ալ ամբողջութեամբ կու տային «դաշնակ արկածախնդիրներին», որոնք թուրքէն նուէր ընդունած էին Հայաստանը:

Հիմա Սարդարապատը կայ, հերոսները կան, բայց անուն չունին, կամ եթէ ունին ալ, երկրորդական պատասխանատուութիւններու վրայ գտնուած մարդիկ են:

Մենք աճապարողը չենք: Յիսուն տարի սպասեցինք, մինչեւ որ Սարդարապատը նկատուեցաւ` «հայ ժողովրդի ազգային-ազատագրական պայքարի ամենափայլուն էջը»: Այդքան սպասելու պէտք չունենանք ապահովաբար` Անտոն Քոչինեանէն կամ ուրիշներէ լսելու համար ամբողջութիւնը ճշմարտութեան, պատմական անհերքելի իրողութիւններուն, որոնց անտեսումը անհնարին պիտի դառնայ այլեւս:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը յիսուն տարի շարունակ երբեք չիւրացուց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի յաղթանակներուն պատիւը: Ամէն առիթով ու ամէնուրեք յայտարարեց, որ այդ յաղթանակներուն պատիւը կ՛երթայ հայ ժողովուրդին: Հայութիւնն է, որ մէկ մարդու պէս կռուեցաւ թրքական բանակին դէմ եւ իր արիւնով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:

Յիսուն տարի շարունակ հակառակը պատասխանուեցաւ մեզի: Մարդիկ մերժեցին փառաւորուիլ հայութեան յաղթանակով, որովհետեւ այդ յաղթանակին մէջ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ունեցած էր իր գերակշիռ դերը` իբրեւ ղեկավար եւ մարտական ուժ:

Հիմա, սակայն, երբ ուրացուածը կ՛ընդունուի, երբ միայն Սարդարապատ կը լսենք այդ անունին վարժութիւնը չունեցող մարդոց բերնին մէջ, յանուն նոյն պատմական ճշմարտութեան` թոյլ չենք տար, որ այս անգամ ալ ուրացուի Դաշնակցութեա՛ն դերը:

Եթէ մենք թոյլ տանք, թոյլ չի տար պատմութիւնը:

Եթէ ոչ այսօր, անպայմա՛ն վաղը:

Ինչպէս ըսինք, չենք աճապարեր:

Մանաւանդ հիմա, երբ դէպքերը արագ ընթացք մը առած են, քիչ մը ամէն տեղ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-ին – Բ.

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?