Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1968)

Յունիս 29, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ճեմարանականներու Օր»-ը

Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի Շրջանային միութեան վարչութեան կազմակերպած «Ճեմարանականներու օր»-ը տեղի ունեցաւ կիրակի, յունիս 23-ին, Ճեմարանի մէջ:

Օրուան յայտագրին առաջին մասը,- անդամական Ընդհանուր ժողովով,- տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Ներկայ էին շուրջ 90 հին ու նոր երկսեռ շրջանաւարտներ:

Ժողովին նախագահ ընտրուեցաւ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան, քարտուղարուհի` ընկերուհի Ծիա Կէօվճէլեան:

Ժողովը իր աշխատանքներուն սկսելէ առաջ լսեց նորաւարտներու հաւաքական դիմումնագիրը: 16 երկսեռ շրջանաւարտներ միաձայնութեամբ ընդունուեցան միութեան շարքերուն մէջ եւ հրաւիրուեցան մասնակցելու ժողովին: Ջերմ ծափերու արժանացան անոնք, երբ մուտք գործեցին ժողովասրահ:

Կարդացուեցան նախորդ Ընդհանուր ժողովի եւ շրջանաւարտ վարչութեան միամեայ բարոյական եւ նիւթական գործունէութեանց տեղեկագիրները:

Բարձր գնահատանքի արժանացաւ վարչութեան գործունէութիւնը:

Կարդացուեցան նաեւ Ուսանողական հիմնադրամի հաշուեկշիռը:

Միութեան տարեկան ձեռնարկին հասոյթով եւ նուիրատուութիւններով, հիմնադրամը զգալի յաւելում մը արձանագրած է:

Ուսանողական հիմնադրամի եկամուտէն կ՛օգտուին համալսարաններու մէջ ուսում ստացող ճեմարանաւարտ կարօտ ուսանողներ:

Այս կարեւոր օրակարգի շուրջ խօսք առին բազմաթիւ ընկեր-ընկերուհիներ եւ արտայայտեցին իրենց կարծիքները:

Թէ՛ հիմնադրամը, եւ թէ յատկացումները աւելցնելու առաջադրանքով, Գործադիր յանձնախումբի հետ համախորհուրդ, լաւագոյն միջոցառումները գործադրելու համար ընտրուեցաւ եռանդամ յանձնախումբ մը:

Այնուհետեւ, համերաշխ մթնոլորտի մէջ, բոլոր օրակարգերը գտան իրենց լաւագոյն լուծումը: Առաջարկներէ եւ թելադրանքներէ ետք, միաձայնութեամբ վարչութեան անդամ ընտրուեցան` տոքթ. Յակոբ Եագուպեան, Արմէն Ղպլիկեան, Հրայր Ճերմակեան, Դերենիկ Թերճանեան, Յարութիւն Արմէնեան, Սեդա Մարտիրոսեան եւ Աստղիկ Տիշոյեան:

Յայտագրի երկրորդ մասը,- ճաշկերոյթ-խրախճանք,- տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի շքեշազարդ բակին մէջ:

Շրջանաւարտ եւ թերաւարտ հին ու նոր ճեմարանականներ, իրենց ընտանեկան պարագաներով շուրջ 250 հոգի, բոլորուեցան սեղաններու շուրջ:

Ախորժաբեր, մտերիմ զրոյց, ճեմարանական օրերու վերյիշում, շուտով ստեղծեցին ջերմ ու հաճելի մթնոլորտ:

Օրուան դամատա ընտրուեցաւ տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան (Յ. Գեղարդ):

Նորաւարտ շրջանաւարտներու դասարանը, կնքահայրութեամբ տոքթ. Յ. Եագուպեանի մկրտուեցաւ «Օհանջանեան» անունով:

Շրջանաւարտ վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Մանուկեան միութեան կնիքը պաշտօնապէս փոխանցեց նորընտիր վարչութեան ատենապետ տոքթ. Յ. Եագուպեանի:

Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցան հաճելի անակնկալներ: Արտասանութիւն, պատմուեցան յուշեր եւ նորաւարտներ ցուցադրեցին իրենց շնորհները:

Այնուհետեւ, «Լոս Ամորէս» նուագախումբի հին ու նոր պարեղանակներով սկսաւ պարանցիկը:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ճաշկերոյթ-խրախճանքը տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր եւ, աւանդական սովորութիւն դարձած «Ճեմարանականներու օր»-ը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս վերջ գտաւ անմոռանալի լաւագոյն տպաւորութիւններով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Տպարանի Նորակառոյց
Յարկաբաժինին Պաշտօնական Բացում

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի (Անթիլիաս) տպարանի նորակառոյց յարկաբաժինին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:

Ներկայիս կաթողիկոսարանի տպարանը  հաստատուած է նորակառոյց վեհարանի վարի յարկաբաժնի յառաջամասին մէջ: Այս յարկաբաժինը կառուցուեցաւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նուիրատուութեամբ: Մուտքի դրան վրայ փորագիր արձանագրուած է. «Շինեցաւ տպարանս նուիրաբերութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան»:

Մուտքի ժապաւէնը կտրեց եւ պաշտօնական բացումը կատարեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ` փրոֆ. տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան:

Տպարանի տեսուչ Ոսկան աբեղայ Մխիթարեան տեղեկութիւններ տուաւ տպարանի գործունէութեան մասին:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները աչքէ անցուցին տպարանի բոլոր բաժանմունքները եւ հոգեկան հրճուանքով դիտեցին մեքենաներն ու հրատարակութիւնները: Մամուլի տակ էին «Հասկ» ամսագիրը, Ատանայի պատմութեան մեծածաւալ գիրքը, հրատարակութիւն` Ատանայի Հայրենակցական միութեան եւ այլ գործեր:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանը արհեստանոց մը չէ, այլ հայ գիրքի տարածման սատարող մշակոյթի կարեւոր կեդրոն մը: Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, բացի կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ «Հասկ» ամսագիրէն, լոյս ընծայուած են պատմական, գիտական, բանասիրական եւ գրական արժէք ներկայացնող բազմաթիւ գիրքեր:

Ներկայիս տպարանը օժտուած է արդիական բոլոր յարմարութիւններով: Ունի տողաշար մեքենայ մը, երկու արագատիպ մամուլ, ծալլող, կտրող եւ կարող մեքենաներ եւ տպարանի յատուկ բոլոր տեսակի գործիքներ: Իր այս արդի սարքաւորումն ու բարեզարդումը կը պարտի վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ հայ ժողովուրդին:

Արդիական սարքաւորումէն ետք, տպարանը բարձրացուցած է իր հրատարակութեանց տոկոսը: Վերջին քանի մը ամիսներուն յաջորդաբար լոյս տեսան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին արժանացած գիրքերը, «Սէրէնկիւլեան» մրցանակին արժանացած գիրք մը եւ այլ գիրքեր:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանը կը ստանձնէ գիրքերու, ամսաթերթերու հրատարակութիւններ եւ առեւտրական ամէն տեսակ գործեր:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետ. Թորոսեան Վարժարանի Հանդէսներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?