Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1968)

Յունիս 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուշադրութեան Արժանի

Այսօր` յունիս 20-ին, «Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճը կու տայ իր առաջին հունձքը:

Չորս տարի առաջ հիմնուեցաւ ճիշդ տեղին, եռուն միջավայրի մը մէջ, Պուրճ Համուտի սրտին:

Շրջանի հայութեան հոծ զանգուածը երախտապարտ պիտի մնայ անոր հիմնադրին, նոյնիսկ` ողբացեալ Սոֆիա Յակոբեանին, որ այնքան շռայլ ու կենսատու մեծագործութեամբ մը օժտեց իր քաղաքամասը:

Սոֆիա Յակոբեան բարերարուհիին հանդէպ նոյն ջերմ զգացումները տածելու պատճառներ պիտի ունենայ հաւանաբար ամբողջ սփիւռքահայութիւնը, որովհետեւ այն աշխատանքը, որ կը տարուի վարժարանէն ներս, զգալի է արդէն եւ յուսադրիչ է չափազանց:

Յայտնենք անմիջապէս, որ վարժարանին ուսուցչական կազմին մասին մանրամասն տեղեկութիւն չունինք մենք, կը ճանչնանք աշակերտներէն մէկ քանին միայն, որոնք կ՛երեւան «Բագին»-ի եւ «Ազդակ»-ի խմբագրատուներուն մէջ, «Բագին»-ի կազմակերպած զրոյցներուն ներկայ կ՛ըլլան, գրական ու պատմական գիրքեր կը տանին իրենց հետ, գրական փորձերով կը վերադառնան, կարծիք կ՛ուզեն, կարծիք կը յայտնեն:

Կը  նշանակէ, որ բարեկեցութեան քաղքենի հեռանկարներ միայն չեն շողարձակուած տղոց դիմաց, տրուած ու առնուած փայլուն քննութիւնները բացարձակ իտէալի չեն վերածուած վարժարանէն ներս, վարժարանը ունի ազգային քննութիւն մը անցնելու նախանձախնդրութեամբ անհանգիստ տարրեր եւ ուշադրութեան արժանին ա՛յդ է արդէն:

Սփիւռքի հայ վարժարանին գործը դիւրին գործ չէ: Երկու պարտականութիւն վստահուած է հայ վարժարանին, ժամանակի պահանջներուն գոհացում տալու պարտականութիւնը, եւ երկրորդ ու աւելի կենսականը` տղուն մէջ հանրային շահագրգռութիւն մը ստեղծելու գործը: Կեանքի հրամայականներ չենք կրնար անտեսել, պիտի ընդունինք սակայն, որ ամէն բանէ վեր դասուած սրբութիւններուն ծառայելու համա՛ր կը բացուին մեր վարժարանները, այդ սրբութիւնները խորացնելու, աճեցնելու երազով հարուստը կը տրամադրէ իր գումարները, խոնարհ խաւը կը խռնուի դպրոցներուն շուրջ:

Գրական, կրթական, հրապարակագրական կամ մշակութային այլ մարզերու մէջ նոր ուժերու բացը չափազանց զգալի է ներկայիս, եւ այդ ուղղութեամբ կատարուելիք գործին առաւելագոյն պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ մեր երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչներուն ուսին:

«Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանը յաջողած է նման շահագրգռութիւններ յառաջացնող մթնոլորտ ստեղծել իր յարկին տակ եւ ատիկա նոր սկսող վարժարանի մը համար զանցառելի վարկ մը չէ:

Հետաքրքրութեան համար կու տանք նոյն վարժարանը յաճախող ուսանողներու գրական փորձերէն երկու նմուշ:

Պ. Ս.

 

Կարօտ` Տարբեր Սրտի

Ինծի կը թուի, թէ իմ սիրտս տարօրինակ սիրտ է: Գիտուններն ու հոգեբանները լաւ կ՛ընէին, եթէ մահէս ետք քննէին զայն: Այդ ձեւով թերեւս մարդկութեան օգտակար ըլլայի:

Գիտութիւնը կ՛ըսէ.

– Եթէ սիրտը կանգ առնէ, մարդը կը վերջանայ:

Բայց քանի՜, քանի՛ անգամ կեցած է իմ սիրտը ի տես «աղուորներուն», բայց չեմ վերջացած, ընդհակառակն, կայտառացած եմ աւելի:

Իմ սիրտս անպիտան է. կը ստիպէ, որ անպայման յայտնեմ սքանչացումս անոնց կուրծքին, սրունքներուն կամ մարմնին համաչափութիւններուն մասին, եւ քանի անգամ ճաշակած եմ աղուորներուն շառաչուն ապտակները: Եթէ սրտի պատուաստումը յառաջդիմած ըլլար, տարբեր սիրտ մը դնել կու տայի կուրծքին տակ, որ երգիծանք պարունակէր միայն, սէրով չտրոփէր:

Օր մը, յանկարծ, սիրտս սիրեց կարճահասակ մը, ես ալ զարմացայ, թէ բարձրահասակներուն մէջ ինչպէ՞ս տեսաւ այս կարճութիւնը, բայց եւ այնպէս հպատակեցայ անոր կամքին: Մօտեցայ.

– Օրիո՛րդ, կը սիրեմ ձեզ,- ըսի:

– Օ՜օ, իմ ի՞նչը կը սիրէք:

– Ինչպէ՞ս թէ ի՛նչը, ես այն գիտեմ, որ ձեզ կը սիրեմ:

– Բայց վերջապէս բան մը սիրած ըլլալու էք վրաս, մէջս:

– Ես պարզապէս ձեզ կը սիրեմ, կը սիրեմ, կը սիրեմ…:

– Եթէ չըսէք, թէ իմ ի՛նչը կը սիրէք, այն ատեն ես ալ ձեզ չեմ սիրեր:

– Ուրեմն զիս սիրելու միտք ունի՞ք:

– Այո՛, անանկ միտք մը ունիմ:

– Ուրեմն ապսպրանքի վրա՞յ կը սիրէք:

– Այո՛, թերեւս:

– Բայց որքա՞ն պիտի տեւէ ապսպրանքի վրայ սկսած ձեր սէրը:

– Ատիկա կախում ունի ձեր ապսպրանքէն: Ապսպրանքին մեծաքանակն ալ կայ, փոքրաքանակն ալ:

– Լա՛ւ, անհոգ եղէք: Սիրելու այս եղանակը շատ հաւնեցայ: Մեքենայացած մեր դարուն շատ յարմար է: Հանեցէք ուրեմն ապսպրանքի ձեր տետրակը ու գրեցէք. «իմ տարօրինակ սիրտս կ՛ապսպրէ, որ զիս սիրէք ամէն անգամ որ տեսնէք»:

– Վերջացա՞ք:

– Ոչ, երբեմն առանց զիս տեսնելու ալ սիրեցէք…

– Լա՛ւ, լա՛ւ, կը սիրեմ…

– Յաւիտեա՞ն, թէ՞ ժամանակաւոր,- հարցուցի անմիջապէս:

– Յաւիտեան, յաւիտեան,- բացագանչեց աղջիկը:

– Կը պաշտեմ ձեզ, օրիո՛րդ:

– Ո՜հ, որչափ երջանիկ եմ:

– Բայց այս երջանկութիւնն ալ ապսպրանքի վրայ եղաւ: Դուք մեր դարու հրաշք աղջիկն էք, ապսպրանքի վրայ կը սիրէք, ապսպրանքի վրայ կ՛երջանկանաք, անպայման ապսպրանքի վրայ ալ աշխարհ եկած էք:

– Անպայմա՛ն,- ըսաւ ժպտելով, ու երկարօրէն ջանաց հասկնալ, թէ մասնաւորաբար ի՜նչը սիրած եմ: Բայց ես չէի գիտեր, թէ ի՛նչը սիրած էի:

Նայեցայ սրունքներուն, աչքերս չախորժեցան սրունքներէն: Քննեցի մարմինը, սրտէս պաղ հով մը անցաւ, հասայ գլխուն, ապսպրանքի նօթերս աւելցան: Հասակը կարճ ըլլալուն` քննութիւնն ալ կարճ տեւեց:

– Օրիորդ,- ըսի յանկարծ,- ես կը սքանչանամ ձեր վրայ:

– Ինչի՞ս կը սքանչանաք:

– Զուգադիպութիւն մը կը տեսնեմ ձեր մէջ:

– Զուգադիպութի՞ւն:

– Այո՛, զուգադիպութիւնը ներդաշնակութիւն է, ներդաշնակութիւնը` գեղեցկութիւն: Այդ ներդաշնակութիւնը ձեր գլխուն եւ մարմինին միջեւ է:

– Օ՜, այո՛, գեղեցիկ համադրութիւն է իմ մարմինս եւ գլուխս:

– Եւ այս ներդաշնակութիւնը կազմուած է ուղեղի եւ մարմնի կարճութենէն:

– Վատ, անպիտան, սրիկայ:

– Օրիո՛րդ…

– Հեռացէ՛ք, անպէ՛տք…

Գլխիկոր հեռացայ: Երգիծելու փորձութեան չդիմացաւ սիրտս եւ պատիժը կրեցի: Յետոյ երկարօրէն մտածեցի գիտութան մասին: Իրապէս, եթէ սրտի պատուաստումը յառաջդիմած ըլլար, տարբեր սիրտ մը դնել կու տայի կուրծքին տակ, որ երգիծանք պարունակէր միայն, սէրով չտրոփէր…

ՅԱԿՈԲ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Իմ Վէպ Անգիր

Ես գերին եմ աչքերուդ ծովական բով տարածքին,
Ու կը յածի անհանգիստ, սիրատոչոր իմ հոգին,
Կոհակներուդ հմայիչ շղարշին տակ ոսկեզօծ,
Զոր հիւսեցի թել առ թել, ես` սիրտ վարար, սիրավառ,
Ես` աճող բոց…
Հեռուներէն անտարբեր մինչ կը ժպտիս դուն ինծի,
Առանց երբեք զգալու հուրը սրտիս տարփաւոր,
Զոր փորձեցի ես վառել կախարդանքով երազի,
Աչքերուդ մէջ խոր…
Ես գերին եմ աչքերուդ լայնատարած ոլորտին,
Ուր խորասոյզ կ՛որոնեմ էութիւնը քու սրտին,
Զոր պարփակած են ահա թարթիչներդ սեւածիր,
Իմ վէ՜պ անգիր…
Կեդրոնին մէջը որուն մարգարիտի մը նման
Կը խայտայ ակը անգին քու սիրածուփ էութեան,
Սէ՜ր կախարդական…
Ես գերին եմ աչքերուդ սիրոյ բոցով լիալիր,
Իմ վէ՜պ անգիր…

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Առողջապահական. Շաքար Պարունակող 10 «Անմեղ» Ուտելիքներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?