Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1970)

Փետրուար 4, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Վարդագոյն Արեամբ…

Լայնալիճ աղեղէ մը արձակուած նպատակասլաց նետի մը հեքիաթով կը սկսի հայոց պատմութիւնը, քաջայաղթ Հայկի յեղափոխական շաղախով, որով կազմուեցաւ հայ մարդուն խառնուածքը ու դարձաւ անոր բարոյական ժառանգութեանց անցամաքելի աղբիւրը:

Հայկէն ետք հայրենասէր Արամին կերպարը կը բխի պատմութեան էջերէն ու կը հաստատէ ցեղ մը ուրիշ ցեղէ մը զանազանող առաջինին կտակած ազատախոհ ժառանգութիւնը:

Հայկին ու Արամին ոգիով թրծուած հայկական խառնուածքին մեծագոյն արտայայտութիւնը եղաւ սակայն Վարդանի մղած ճակատամարտը, Վարդանի անձնաւորութիւնը` ինքը, որ մահուամբ մահը կոխելու հրաշքը իրագործեց եւ բարոյական նոր ըմբռնումի մը հարստութեամբ օժտեց ազգը:

Արկածախնդիր մը չէր Վարդան, եւ իր զինակիցները պատահական մարդեր չէին: Հայաստանի մեծանուն տոհմերէն սերած ազնուազարմ կտրիճներէ բաղկացող գիտակից բանակ մըն էր Վարդանի բանակը, որ կշռելով հանդերձ թշնամիին գերազանց ուժը, չընկրկեցաւ անոր առջեւ, որովհետեւ երկիրը եւ ժողովուրդը կը գտնուէին լինել չլինելու հարցականի մը առջեւ եւ կարելի չէր չընդառաջել հետապնդուած սրբութիւնները արեամբ նուիրագործելու ճակատագրական կոչին:

Պատերազմը սկսաւ ու վերջացաւ կայծակի արագութեամբ, թշնամիին յաղթանակով, մեր պարտութեամբ: Աւարայրեան դաշտին վրայ տեղի ունեցած ընդհարումին այս ելքը նախատեսուած էր երկու կողմէն ալ, բայց Սասանեան Յազկերտը անհաղորդ կը մնար վարդաններու պայծառատեսութեամբ կանխագուշակուած այն յաւերժափառ ճամբուն, ուր ոտք դնողներուն անունը պիտի ըլլար` «Պայքար եւ վախճանը յաղթանակ»:

Վարդաններու նահատակութեան արդիւնքը անմիջական եղաւ: Յետնորդները շուտով յայտնուեցան բեմի վրայ: Խղճի ու հայրենիքի ազատութեան համար ըմբոստութեան դրօշ պարզեցին այս անգամ Վահանեանք, որոնք իրենց յեղափոխական երեսնամեայ գործողութիւններով յոգնեցուցին ու մաշեցուցին Սասանեան բանակները եւ ստիպեցին Յազկերտին յաջորդող արքային, որ ընդառաջէ իրենց պայմաններուն, ընթացք տայ ու թեւ` վարդաններու վարդագոյն արեամբ սրբագործուած ազատութեան ոգիին:

Մեր եկեղեցիին, գրականութեան, յեղափոխական խոյանքներուն, յաղթանակներուն, մեզ կանգուն պահող բոլոր երեւոյթներուն վրայ իր անդրադարձը ունեցած կշռոյթ է, բովանդակութիւն, թափ է եւ ուժ Վարդանանքը, որ դեռ կը շարունակէ մղիչ ուժ մը ըլլալ` հանդիսանալով հայ ժողովուրդին հոգեկան միութիւնը ապահովող մեծագոյն ազդակներէն մէկը:

Գաղափար մը կենսագործելու համար զոհողութիւնը անխուսափելի պայման է ու այդ դասը մեզի տրուեցաւ շատ կանուխ, Վարդանի եւ իր նիզակակիցներուն կողմէ, որոնց արութեան արարքը դպրոց մը եղաւ մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին եւ ներշնչեց հետագայ բոլոր սերունդները:

——————————–

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 4

– 1878 – Ծնունդ Զապէլ Եսայեանի, Պոլիս: Աշխատակցած է շարք մը պարբերականներու. գրած է բազմաթիւ յօդուածներ, արձակ քերթուածներ, պատմուածքներ, վէպեր, վիպակներ եւ կատարած թարգմանութիւններ, ունեցած է ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն: Մահացած է 1943-ին, Սիպերիոյ մէջ:

– 1674 – Մահ տպագրիչ, հրատարակիչ, մշակութային գործիչ եւ լեզուաբան Ոսկան Երեւանցիի:

– 1952 – Մահ պատմաբան Յակոբ Մանանդեանի:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?