Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1970)

Փետրուար 18, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Անջնջելի Իրողութիւնը

(Փետրուար 18-ի Առիթով)

 

Ինչ որ պատմութիւնը արձանագրած է, կամայականութիւնները չեն կրնար ջնջել:

Տարիները կ՛անցնին, մարդիկ կ՛երթան, կիրքերը կը հանդարտին, ու պատմական ճշմարտութիւնները կը վերահաստատուին իրենց իսկական արժէքով:

Վերջին տարիներուն վերահաստատումի բազմաթիւ երեւոյթներ մթնոլորտ ստեղծեցին հայ կեանքին մէջ: Հայ ժողովուրդին նորագոյն պատմութեան բախտորոշ դէպքերէն ոմանք, որոնց շուրջ արհեստական վէճ ստեղծուած էր ու ծաւալած` տասնամեակներ ամբողջ, պայծառացան ու իրենց ամբողջական լոյսով ողողեցին մեր իրականութիւնը:

Նոյնը պիտի պատահի անխտիր բոլորին համար ու անոնց շարքին` ժողովրդային այն ապստամբութեան պարագային, որ մօտ կէս դար առաջ, 1921-ի փետրուար 18-ին ինքնաբուխ պոռթկումով մը տուաւ վկայութիւնը այն կեցուածքին, որ հայութիւնը ունէր եւ ունի համայնավար բռնատիրութեան հանդէպ:

Հայութեան ազատախռով ոգին, որ Հայաստանի անկախութեամբ դեռ նոր վերագտած էր բաւարարութեան իր սահմանները, այդ անկախութեան հաստատումէն երկու եւ կէս տարի ետք կ՛ենթարկուէր նոր եւ` անօրինակ սեղմումի մը, բռնակալութեան ամէնէն դաժան միջոցներով դրսեւորուած: Պոլշեւիկեան մուրճին եւ թրքական սալին միջեւ, հայութիւնը, անոր ղեկավարութիւնը յօժարած էր վարչակարգի փոփոխութեան` այն հաւաստիքով, որ իր ազգային նուաճումները պիտի պահուին անաղարտ, նոր ղեկավարութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ մեր ընդհանրական բաղձանքներուն իրագործման, թէեւ իր ոճով, բայց համապատասխան` մեր ժողովուրդի նկարագրին եւ առհաւական ազգային ժառանգութեան:

Պատահեցաւ ճիշդ հակառակը: Հազիւ իշխանութեան տիրացած պոլշեւիզմը վիրաւորեց հայութեան զգացումները, վարուեցաւ իբրեւ բռնագրաւող, նախաձեռնարկ եղաւ քաղաքականութեան մը, որ յատկանշուեցաւ հալածանքներով, սպանութիւններով, աքսորով: Դեկտեմբեր 2-էն մինչեւ փետրուարի 17, հակառակ կարճ ժամանակամիջոցին, պոլշեւիզմը յաջողեցաւ իր դէմ հանել բովանդակ հայութիւնը, որ կտրուած իր ղեկավարութենէն, գրեթէ անգլուխ, տարերային պոռթկումով մը ծառացաւ բռնաւորներու դէմ` ի խնդիր իր ազգային արժանապատուութեան, ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ցեղադրոշմ իր ոգիին:

Պոլշեւիզմը, այդ օրերուն, ինչպէս յաջորդող տասնամեակներուն, նաեւ մինչեւ այսօր, կը մերժէ ընդունիլ Փետրուարեան ապստամբութեան ժողովրդային հանգամանքը, զայն կը նկատէ արկածախնդրութիւն մը` կազմակերպութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան: Հասկնալի է այս մերժումը այն պարզ իրողութեամբ, որ համայնավարութեան համար ընդունիլ փետրուար 18-ի ժողովրդային հանգամանքը, կը նշանակէ ընդունիլ այն ճշմարտութիւնը, որ այդ վարդապետութիւնը պարտադրուեցաւ հայ ժողովուրդին: Այլ խօսքով, պատմական ճշմարտութիւն մը քողարկելով, հաստատ իրողութիւն մը ուրանալով` համայնավարութիւնը կը ջանայ ներկայանալ իբրեւ բաղձալի վարդապետութիւն մեր ժողովուրդին համար:

Բայց կարելի՞ է ճշմարտութիւնները անտեսելով, իրողութիւնները մերժելով ժողովուրդի մը ներքին տրամադրութիւնները այլափոխել: Կարելի է կացութիւններ ստեղծել, բայց անկարելի է մնայուն հանգամանք տալ, հարազատի վերածել այն, ինչ որ անհարազատ է, ինչ որ կը մերժուի լայն զանգուածներու կողմէ, ընդհանուրին կողմէ, իբրեւ հակոտնեայ ժողովուրդի մը ազգային ընդհանրական ապրումներուն եւ ցեղային նկարագրին:

Ինչ որ օտար էր երէկ, օտար է նաեւ այսօր: Ինչ որ պարտադրանք էր, կը մնայ նոյնը, որքան ալ փորձուին ծածկել իրականութիւնները, քողարկել ճշմարտութիւնները, չարափոխել դէպքերը:

Ժողովուրդներու ճակատագիրը տնօրինող դէպքերը նոյն այդ ժողովուրդին արիւնով կը գրուին ու անջնջելի են:

Անտեսել այս իրողութիւնը` կը նշանակէ վարագոյր քաշել պայծառ արեւին առջեւ:


ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18

– Ղեւոնդեանց տօն. կը նշուի Վարդանանցին նախորդող երեքշաբթի օրը։

– 1564.- Մահ վերածնունդի վարպետներէն իտալացի Միքէլ Անճելոյի:

– 1904.- Յունանի կռիւը` Հրայրի եւ Առաքելի ղեկավարութեամբ:

– 1911.- Մահ յեղափոխական մարտիկ Զուլումաթի:

– 1922.- Փետրուարեան համաժողովրդական ապստամբութիւնը եւ Երեւանի գրաւումը հայ ժողովրդական ուժերուն կողմէ: Կազմուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն` Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:

– 1963.- Վախճանում երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մոլորակը Ունի 7,637 Միլիառ Բնակիչ, 2050-ին Կ’ունենայ 9,7 Միլիառ Բնակիչ, Այսօր Ունի 2165 Միլիառատէր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?