«Հայաշէն» Համազգային
Զրոյց`
Միութենականները Եւ Ոչ Միութենականները
Համազգայինի Հայաշէնի մասնաճիւղին կազմակերպած զրոյցներուն երկրորդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 27 յունուարի երեկոյեան, միութեան սրահին մէջ:
Նիւթ` «Միութենականները եւ ոչ միութենականները»:
Միութեան ատենապետ Հրայր Տէր Թորոսեան ներկայացուց օրուան զեկուցաբեր` Ազգ. «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի տնօրէն Երուանդ Տեմիրճեանը:
Զեկուցաբերը նիւթը առաւ իր ընդհանուր ձեւին մէջ եւ յստակ բնորոշումներ ըրաւ:
Միութիւնները դպրոցներ են, միութենականները` դպրոցականներ: Տարբերութիւնը ուսուցման ձեւը, ժամանակն ու նիւթերեն են: Խորքը կը մնայ նոյնը: Արդիւնքով` թերեւս միութեան մը տուածը աւելի մնայուն է իր ամբողջութեան մէջ:
Չէզոքները իրենց տարբերակները ունին Չէզոքներու դասակարգ մը կայ, որ դասակարգ է, կամ` միութեան վերածուելու տրամադիր ուժ:
Առանց անդամավճարի, առանց ընտրելու կամ ընտրուելու իրաւունքին` անհատ մը միութեան մը համակիր կրնայ համարուիլ, բայց` ոչ միութենական: Որքան ալ անկազմակերպ (ոչ միութենականներէն ոմանց կարծիքով), վերջին հաշուով ժողովուրդի ճակատագիրը վարողը միութիւններն են:
Միութիւններէն դուրս գտնուողներուն կրնայ գործ վստահուիլ, սակայն, տրուած պատիւին հետ, տրուած այդ բոլոր պարտականութիւններն ու իրաւասութիւնները կրնան ժամանակաւոր ըլլալ:
Միայն մեզի յատուկ չէ միութենական եւ ոչ միութենականի բաժանմունքը. սակայն մեզի համար կարեւոր հարց է միութենական ըլլալ ազգապահպանման համար, մանաւանդ` սփիւռքի մէջ:
Այժմ գլխաւոր վտանգը այն է, որ որոշ միութիւն մը չէ, որ մտածել կու տայ միութենական չըլլալու մասին: Ընդհանրապէս բոլոր միութիւնները հալածանքի ենթակայ են: Ստեղծուած այս մթնոլորտը եթէ այսպէս շարունակուի, կրնայ աղէտի վերածուիլ: Այդ մթնոլորտի փոփոխութեան համար նաեւ գործ ունին կատարելիք իրենք` միութիւններն ու միութենականները:
Այնուհետեւ զեկուցաբերը միութիւնները բաժնեց 4 խումբի` կուսակցութիւններ (գաղափարական, քաղաքական), մշակութային, մարզական, բարեսիրական:
Նախապէս բաժնուած հարցարաններու արդիւնքէն քաղելով` զեկուցաբերը յայտնեց, որ աւելի միութենականներն են, որ պատասխանած են, որոնք կը հաւատան դրական գործին եւ գործ ստանձնելու տրամադրութիւն ունին: Ոչ միութենականները չեն կրցած բացատրել իրենց պարագան` ընդունելով հանդերձ, որ միութիւնները օգտակար են:
Ապա տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում:
Ոմանք նշեցին, որ թաղէն ներս մեր միութիւնները օգտակար գործ կը տանին, եւ իրենց ձեռնարկները գոհացում կու տան հետաքրքիրներուն: Թէ ինչո՛ւ սկսած է միութենականներու թիւը նուազիլ հարցադրումին, ուրիշներ նկատել տուին, որ եթէ միութենական կեանքի մէջ եւ ձեռնարկներու առիթով նկատի առնուին նոր սերունդին ճաշակն ու տրամադրութիւնները, աւելի արդիւնաւէտ գործ կարելի է տանիլ:
Յ. Ս.
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 6
– 1905.- Սկիզբ հայ-թաթարական կռիւներուն, Պաքուի մէջ: Նահանգապետ Նակաշիձէի դրդումով թաթարներ յարձակեցան հայկական թաղերուն վրայ եւ անարգել ու անպատիժ կոտորեցին ու կողոպտեցին հայերը: Նիկոլ Դուման, Խանասորայ Վարդան, Սեբաստացի Մուրատ, Քեռի եւ Համազասպ կազմակերպեցին հայոց ինքնապաշտպանութիւնը:
– 1939.- Ծնունդ արցախեան ազատամարտի հերոս Սիմոն Աչըգկէօզեանի: Նահատակուեցաւ 30 ապրիլ 1991-ին, Մարտունաշէնի մէջ:
– 1949.- Մահ պատմաբան, բանասէր եւ հասարակական գործիչ Առաքել Սարուխանի:
– 1995.- Մահ լեզուաբան, գրականագէտ եւ մատենագէտ Ռաֆայէլ Իշխանեանի: