Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1970)

Յունուար 31, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գրական Առօրեայ

Ճիշդ տասը տարի առաջ, յունուար 4-ին, ինքնաշարժի անհեթեթ արկածի զոհ գնաց Ալպեր Քամիւ` ընդամէնը 47 տարի միայն ապրելով «Կեանքի անհեթեթութիւնը»:

Ֆրանսական մամուլը անդրադարձաւ այդ կսկծալի իրողութեան` սովորականէն վեր յարգանք մը շռայլերով անսովորին, որ է՛ր իսկապէս ֆրանսական գրականութեան ու ֆրանսերէն լեզուի սահմաններէն դուրս յորդած ու ձեւով մը ամբողջ աշխարհին պատկանող մտքի երիտասարդ այս քուրմը:

Կանխահաս տաղանդ ու մարմնացեալ կորով ու քաջութեան առաւելագոյն տարերքով մը օժտեալ այս դէմքը քսան տարեկանէն սկսած մինչեւ իր եղերական մահը դուլ ու դադար չճանչցաւ, նախզգաց, խորզգաց, բախեցաւ իրականութեան, տեղաւորեց իր մտքին մէջ մարդկային կացութեան բոլոր երեսները, տարբաղադրեց ու իր փիլիսոփայական փորձերուն ու գրականութեան հաղորդեց այնպիսի նոր, խոր, լայնատարած բովանդակութիւն մը, որ շլացուց աշխարհը, աշխարհի ընտրանին, իմացական հարցերով շահագրգիռ աշխարհին ողջ երիտասարդութիւնը:

«Ըստ կազմուած բոլոր վիճակագրութիւններուն,- կը գրէ թերթ մը,- Քամիւն կը մնայ երիտասարդութեան կողմէ ամէնէն շատ կարդացուած հեղինակը»: Ու ատիկա անո՛ր համար անշուշտ, որ իր տագնապներուն, անձկութիւններուն ելք մը որոնող այսօրուան երիտասարդութիւնը իրմէ՛ կը հաշուէ «Ըմբոստացած մարդ»-ուն հեղինակը, ան, որ ընկերային բռնակալ պայմաններէն, կուսակցական կամայականութիւններէն ու պետական ճնշումներէն ուզեց ազատագրուած տեսնել մարդ էակը եւ զայն դարձնել իր անձին ամբողջական պատասխանատուն:

Իր կեանքի կարճ շրջանին շատ բան կրցաւ ըլլալ Քամիւ` մտածող, թատերագիր, թատերական գործիչ, վիպասան: Իր կենսագիրները չեն կրնար մոռնալ նոյնիսկ օրաթերթի մէջ ստորագրած իր կորովի խմբագրականները ու դիմադրական շարժումին բերած ղեկավար մասնակցութիւնը, որ տարբեր լոյս մը կը նետէ «անհեթեթ»-ի, «անձնասպանութեան», «ունայնութեան» այս փիլիսոփային քաղաքացիի, հայրենասէրի գիծերուն վրայ:

Քսանէ աւելի հատորներ ունի Քամիւ, որոնցմէ միայն երկուքը թարգմանուեցան մեր մամուլին մէջ` «Օտարականը» (Տ. Ոսկունի) «Ակօս»-ի մէջ, իսկ «Արդարները» (Ս. Երէցեան) «Սփիւռք» շաբաթաթերթի: Միայն երկու գործ: Ափսո՜ս:

Պ. Ս.

Թիւրիմացութիւնը

Տեսարան Երրորդ

ՄԱՐԹԱ.-  Ո՞վ է:

ՄԱՐԻԱ.- Ճամբորդ է:

ՄԱՐԹԱ.- Ա՛լ յաճախորդ չենք ընդունիր:

ՄԱՐԻԱ.- Ես կու գամ ամուսնոյս միանալու:

Կը մտնէ

ՄԱՐԹԱ.- (Անոր նայելով) Ամուսի՞նդ ով է:

ՄԱՐԻԱ.- Երէկ եկաւ հոս եւ պէտք էր այս առտու միանար ինծի: Զարմացայ, որ այդպէս չեղաւ:

ՄԱՐԹԱ.- (Որ չէր դադրած անոր նայելէ) Ձեր ամուսինը հոս չէ այլեւս:

ՄԱՐԻԱ.- Ի՞նչ կ՛ըսէք: Ձեր մօտ սենեակ մը չվարձե՞ց:

ՄԱՐԹԱ.- Այո՛, բայց զայն ձգեց գիշերը:

ՄԱՐԻԱ.- Չի կրնար ըլլալ, որ առանց ինծի մեկնի, ձեզ չեմ հասկնար: Ըսա՞ւ, որ պիտի վերադառնայ, թէ՞ մեկնեցաւ վերջնականօրէն:

ՄԱՐԹԱ.- Մեկնեցաւ վերջնականօրէն:

ՄԱՐԻԱ.- Չեմ գիտեր, թէ ամուսինս կը հաստատէ՞, թէ՞ ոչ ձեզի ըսածներս, բայց ես յոգնած եմ այդ բարդութիւններէն: Մարդը, որ երէկ առտու ձեր մօտ եկաւ, ձեր եղբայրն էր, որուն մասին տարիներէ ի վեր ոչինչ կը լսէիք:

ՄԱՐԹԱ.- Ատիկա գիտէի:

ՄԱՐԻԱ.- Ա՞յն ատեն: Ի՞նչ պատահած է ուրեմն: Ինչո՞ւ ձեր եղբայրը հոս չէ: Չճանչցա՞ք զայն եւ մայրդ ու դուն անոր վերադարձով երջանիկ չեղա՞ք:

ՄԱՐԹԱ.- Ձեր ամուսինը հոս չէ, որովհետեւ մեռած է:

Մարիան ցնցում մը կ՛ունենայ եւ վայրկեան մը լուռ կը մնայ շեշտօրէն նայելով Մարթային: Ապա անոր մօտենալու փորձ մը կ՛ընէ եւ կը ժպտի:

ՄԱՐԻԱ.- Ձեր ըրածը կատակ է, չէ՞, Եան յաճախ ըսած է ինծի, որ պզտիկութեանդ հաճոյք կ՛առնէիր զինքը շուարցնելէ: Մենք գրեթէ քոյր ենք իրարու, եւ…

ՄԱՐԹԱ.- Ինծի մի՛ դպնաք: Կեցէք ձեր տեղը: Մեր միջեւ ոչ մէկ կապ կայ: (Պահ մը) Ձեր ամուսինը մեռաւ այս գիշեր: Կը վստահեցնեմ, որ կատակ չէ ըսածս: Հոս գործ չունիք այլեւս:

ՄԱՐԻԱ.- Բայց դուք խենթ էք, կապուելիք խենթ: Այսպէս յանկարծակի, չեմ կրնար ձեզի հաւատալ: Ո՞ւր է ամուսինս: Դիակը ցոյց տուէք ու այն ատեն միայն կրնամ հաւատալ անոր մահուան, զոր նոյնիսկ չեմ կրնար երեւակայել:

ՄԱՐԹԱ.- Անկարելի է: Կը գտնուի տեղ մը, ուր ոչ ոք կրնայ զինք տեսնել:

Մարիա շարժում մը կ՛ընէ դէպի Մարթան:

Ինծի մի՛ դպնաք եւ կեցէք ձեր տեղը… Ձեր ամուսինը գետին մէջն է: Մայրս եւ ես զայն այս գիշեր տարինք, քնացնելէ ետք: Չտառապեցաւ, բայց եւ այնպէս մեռած է, ու մե՛նք` իր մայրը եւ ես սպաննեցինք զինք:

ՄԱՐԹԱ.- Յանուն ինչի՞ կը հարցաքննես զիս:

ՄԱՐԻԱ.- (Աղաղակով մը) Յանուն սիրոյս:

ՄԱՐԹԱ.- Ի՞նչ կը նշանակէ այդ բառը:

ՄԱՐԻԱ.- Կը նշանակէ ա՛յն բոլորը, որ ներկայիս զիս կը տանջէ ու կը տառապեցնէ, զառանցանքը, որ ձեռքերս կը բանայ ոճիրի համար:

ՄԱՐԹԱ.- Դուք կը խօսիք լեզու մը, զոր ես չեմ հասկնար: Չեմ հասկնար սէր, ուրախութիւն կամ ցաւ բառերը:

ՄԱՐԻԱ.- (Մեծ ճիգով մը) Մտիկ ըրէք, եթէ ատիկա խաղ է, վերջ տանք խաղին, դատարկ խօսքերով չզբաղինք: Ինծի յստակօրէն ըսէք` ինչ որ յստակօրէն կ՛ուզեմ գիտնալ երթալէ առաջ:

ՄԱՐԹԱ.- Դժուար է աւելի յստակ ըլլալ: Մենք այս գիշեր սպաննեցինք ձեր ամուսինը` առնելու համար իր դրամը, ինչպէս ասկէ առաջ ըրած էինք  քանի մը ուրիշ ճամբորդներու:

ՄԱՐԻԱ.- Ուրեմն ամուսինիս մայրը եւ քոյրը ոճրագործնե՞ր էին:

ՄԱՐԹԱ.- Այո՛:

ՄԱՐԻԱ.- (Միշտ նոյն ճիգով) Նախապէս գիտէի՞ք, թէ ան ձեր եղբայրն էր:

ՄԱՐԹԱ.- Շիտակը եթէ կ՛ուզէք, թիւրիմացութիւն մը պատահեցաւ: Ու եթէ դուք քիչ-շատ ծանօթ էք աշխարհին, պէտք չէ զարմանաք:

ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒ

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

2020-ի Յոբելենականներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?