Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1970)

Փետրուար 19, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ատեն Է Սթափելու

Չենք կրնար ակնկալել, որ ամէն մարդ «լաւ հայերէն» գիտնայ. անխոցելի ըլլայ լեզուականօրէն թէ քերականականօրէն, ու մանաւանդ ուղղագրական վրիպանք չունենայ:

Իրաւունք չունինք ասոր համար խաչը հանելու մէկն ու միւսը:

Մասնաւորաբար լեզուական որակը կամ գեղեցկութիւնը լոկ գիտութեան հարց չէ, ոչ ալ` կանոններու եւ վարժարանային տարերքի: Մտքի կազմութեան, հոգեկան ազդակներու, արուեստի զգայարանքի ու մշակոյթի կը կարօտի:

Ամէ՜ն օր կրնաք հանդիպիլ գրոց-բրոցներու, որոնք ուղղագրական եւ քերականական արկածներու զոհ են դարձած. յ-ն շփոթած են հ-ին հետ եւ զիս-ը ու զոր-ը` ինծի-ին եւ որ-ին…

Հիւանդութեան պէս բան մըն է, շատերու համար, ուղղագրական սխալագրութիւնը: «Զեղչ»-ը շփոթել «զիղջ»-ին հետ, «յիսսուն» գրել «յիսուն»-ի տեղ կամ «չ»-ին քով ապաթարցը դնել անպայման, երբ բայի մը հաստատականը կը վերածեն ժխտականի…

Քանի՞ հոգի, հարիւրի վրայ, կրնան անսխալականութիւն յաւակնիլ:

Հետեւաբար, երբ կը ձաղկենք այսպէ՜ս կոչուած բուսաւ-հասաւ թերթիկներու կամ անպատասխանատու մարդոց բարբարոսութիւնները, նկատի ունինք աններելին, ո՛չ թէ… ներելին:

Նկատի ունինք ոճրագործութիւնը, եւ ո՛չ… պատահական ու մարդկային սայթաքումներ:

Ոչ ոք կը թերագնահատէ հայապահպանումի ճիգը, հանրային ծառայութեան որեւէ փորձ, մշակութային կամ հայրենակցական որեւէ շարժում: Առնուազն անխղճութիւն է ուրանալ յետին քրտինքն ու վաստակն իսկ:

Ահա նաեւ թէ ինչո՛ւ խանդավառութեամբ ողջունած ենք միշտ անկեղծ ու հաւատաւոր ամէն քայլ, հոգ չէ թէ` նախնական ու անբաւարար, թերի ու սրբագրելի:

Կարեւորը ոգին է, գիտակցութիւնը, կամքը: Մնացեալը` ժամանակի ընթացքին: Սրբագրուելով, փորձառաբար, սորվելով:

Մեր կողմէ մատնանշուածը կոչումի մը հանդէպ ցոյց տրուած արհամարհոտ ու անտարբեր կեցուածքն է:

Որեւէ միութիւն, ոեւէ անձ, որեւէ հաստատութիւն, որ թերթի, պաշտօնական օրկանի կամ «մամուլ»-ի մարզին մէջ ինկող որեւէ հրատարակութեան կը նախաձեռնէ, պարտաւորութիւնը պիտի զգայ նախ ճշդելու,  թէ ի վիճակի՞ է նման կոչում մը արժեւորելու:

Ոչ թէ փայլելու, այլ` արդարացնելո՛ւ իր ներկայութիւնը:

Ոչ թէ անթերի ու խոցելի ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալու, սակայն, անպայման, չարիք չգործելու:

Խմբագրական խորհրդածութիւններու առիթ տուող թերթիկները դժբախտաբար չարիք է, որ կը գործեն…

Ինչպէս շեշտեցինք ասկէ առաջ, անուններ պիտի չտանք, աղբիւրներ պիտի չյիշատակենք, թուականներ պիտի չմէջբերենք:

Անոնցմէ մէկը նուազագոյն տասը ուղղագրական սխալ ունի ամէն մէկ էջի վրայ.

– Ապաքայ, երէք, բէմ, շրջաքայիլ, պահանչել, ստանցնել, շուրչ…

Հաւանօրէն կատակ կարծուի, կամ վերագրուի մարդկային չափազանցութեան:

Կրնաք հանդիպի՜լ ու տեսնել, եթէ կ՛ուզէք ճշդել, թէ ուրիշ ինչե՜ր կան գրուած…

Ուրիշ մը կը գրէ` «յոբելինական», «ամէն անհատներ», «բոլոր գաղութը»…

Չենք մեղադրեր, որովհետեւ մազ-մօրուք ճերմկցուցած մարդիկ անգամ կը յամառին նոյն այդ սխալներուն մէջ, երբ հազար անգամ բացատրուած է թիւրն ու շիտակը, ծուռն ու ուղիղը:

Բաւական է միտք պահել, որ «յոբելեան» գրելէ ետք ածանցումը միայն յոբելեանական կրնայ ըլլալ, կամ` յոբոլենական, բայց ո՛չ «յոբելինական»: Բաւական է գոց սորվիլ, որ «ամէն անորոշ ածականը եզակի գոյական կ՛առնէ, իսկ «բոլոր»-ը անպայման յոգնակի:

«Ամէն անհատ» (եւ ո՛չ «անհատներ»), «ամբողջ գաղութը» (եւ ո՛չ «բոլոր»), «բոլոր գաղութները» (եւ ո՛չ «ամէն»):

Երրորդ մը տեղ տուած է… Սուրբ Հոգիի, աւետարանային բացատրութիւններու եւ Սուրբ Գրոց մեկնութեան նուիրուած գրութեան մը, ուր մտքի բոպիկութիւն միայն կը գտնես եւ` մտային հաւանական անհաւասարակշռութեան մը նախանշանները:

Եկեղեցական-հոգաբարձուական նման հրատարակութիւններու բացարձակ մեծամասնութիւնը նախատինք է Մայրենիքին, խղճալի է իբրեւ որակ ու, ինչ որ ծիծաղելին է այս պարագային, գոյութեան որեւէ արդարացում չունի` բացի… «խմբագրին» եւ մէկուն ու միւսին փառասիրութիւնը փայփայելու անճարակ, անզօր ու անօգուտ փորձէն:

Քաղաքներու մէջ կամ այս կարգի հրատարակութեանց ընթերցողներու շարքին իսկապէ՞ս չմնացին մէկ, երկու, երեք բանիմաց մարդիկ, որպէսզի ձանձրոյթը յանձն առնէին նախաձեռնարկ անհատներու եւ հաստատութեանց կողքին կանգնելու եւ ուղղութիւն ցոյց տալու, սխալը սրբագրելու, անուղիղը ուղղելու, անպէտը փճացնելու, աւելորդը զեղչելու կամ կարել-նետելու:

Կը կրկնենք: Ազգի մը լեզուն, հանրային ծառայութեան կոչուած հրատարակութեան մը բովանդակութիւնը, զանազան միութիւններու գործունէութեան այս կամ այն մարզը, հրապարակուած որեւէ գրութիւն կամ յօդուած, ու տակաւին անհատէն դէպի հաւաքականութիւն ամէ՛ն կապ, աղերս եւ կամուրջ` ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ զգացում կ՛ենթադրէ:

Ոչ ոք իրաւունք պէտք է զգայ ժողովուրդի մը հաւաքական կեանքի ատեաններուն մէջ ազգային նուիրականութիւններ խոշտանգելու, մամուլի նման փափուկ ու փշոտ մարզէ մը ներս մարզանքներ փորձելու եւ իրեն հանդէպ ցոյց տրուած արհամարհանքը շփոթելու… քաջալերանքի հետ:

Վե՜րջ տանք բարեկենդանային այս ցուցամոլութեան:

Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ

——————————–

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 19

– 1824.- Թիֆլիսի մէջ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի հիմնած է Ներսիսեան վարժարանը:

– 1851.- Թաւրիզի մէջ հիմնուած է Արամեան դպրոցը:

– 1869.- Ծնունդ ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի: Մահացած 1923-ին:

– 1931.- Մահ զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի: Ծնած է 1855-ին, եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի սպարապետ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?