Աշակերտը Ինչո՞ւ Կը Խարդախէ
Աշխարհի չորս ծագերուն, ուսանողական խլրտումներուն առընթեր եւ անոնցմէ մղուած` մասնագէտներ կը փորձեն հասկնալ նոր սերունդին դժգոհութիւնները` դարմաններ կարենալ գտնելու համար. առաջին հերթին խնդրոյ առարկայ կը դառնան դպրոցներէ ներս տիրող մթնոլորտը եւ դասաւանդութեան ձեւերը. տարուած աշխատանքներէն կը բխի յստակ եզրակացութիւն մը` դպրոցներէ ներս գործածուող մեթոտները հինցած են այլեւս եւ` ժամանակավրէպ, հիմնական փոփոխութիւններու կարիքը օրէ օր աւելի հրամայական կը դառնայ: Այս ուղղութեամբ եղած ընդարձակ հարցախոյզերու արդիւնքներէն է, որ կու տանք ստորեւ` ներկայացնելով դպրոցէն ներս ախտի բնոյթ ստացած երեւոյթ մը` խարդախել կամ «ընդօրինակել» աշակերտական բառով, տրուած արդիւնքները հիմնուած են երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն պատասխաններուն վրայ:
Աշակերտներու մեծ մասը կը խարդախէ՞ արդեօք. հարցումին պատասխանը դրական է դժբախտաբար, եւ այս ամէն երկրի պարագային` առանց բացառութեան. ըստ կատարուած հարցախոյզերու, աշակերտներու 80-85 առ հարիւրը զանազան միջոցներով կ՛ընդօրինակէ. խարդախելը աշակերտին համար վարակիչ հիւանդութեան մը վերածուած է, եւ պատանի մը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ այս երեւոյթը. «Խարդախել չէի սիրեր նախապէս, կը վախնայի. քննութեան մը ընթացքին անճրկած էի, չէի կրնար պատասխանել հարցարանին, երբ տեսայ, որ քովի գրասեղանին վրայ նստած ընկերս փոքր թղթիկներու «օգնութեամբ» էջեր կը լեցնէր. որոշեցի յաջորդ քննութիւններուն դիմել նոյն միջոցին եւ արդէն վարակուած էի»: Կը տեսնուի, որ առաջին անգամ փորձուող ենթական հետզհետէ կը վարժուի այս «դիւրին» միջոցին», նոր ձեւեր կը հնարէ եւ իր ընկերներուն առջեւ կը պարծենայ ըրած «գիւտ»-երով:
Հիւանդութեան պատճառներուն գլխաւորը անշուշտ դասի անբաւարար պատրաստութիւնն է, բայց կան աւելի խոր եւ յաճախ հետաքրքրական բացատրութիւններ: Մէկուն համար խարդախելը արկածախնդրութիւն է, որ ենթակային որոշ գոհունակութիւն եւ նոյնիսկ հաճոյք կը պատճառէ. «Երբ դասարան մտնեմ փոքր թղթիկներ գրպանս եւ ուսուցչին քթին տակ այդ թուղթերը գործածեմ, վտանգաւոր դրութեան մը մէջ կը զգամ ինքզինքս, բայց յաջողութեան պարագային` կը հրճուիմ»:
Կան աւելի ընդհանրական պատճառներ եւ առաջին հերթին` դասերու խճողումը: Կը խարդախեն, որովհետեւ տրուած զանազան նիւթերը բոլոր աշակերտները նոյն չափով չեն հետաքրքրեր, եւ կամ որովհետեւ ուսուցիչը չի գիտեր դասը կենդանի դարձնել:
Մեծ թիւով աշակերտներ կը դժգոհին, որ ստիպուած են սորվիլ նիւթեր, որոնք ապագային ոչ մէկ օգտակարութիւն պիտի ունենան իրենց համար. հոս կարելի է տեսնել, որ դպրոցի գրասեղանէն արդէն ապագայ մասնագէտն է, որ կը խօսի, որուն համար իր ճիւղը կարեւոր է միայն եւ այդ ուղղութեամբ պատրաստ է ճիգ չխնայելու:
Կեանքի եւ աշխատանքի պայմաններուն խստացումը նոյնպէս մեծ դեր կը կատարէ այս մարզին մէջ. մրցակցութեան դարաշրջան մը կ՛ապրինք, երբ զօրաւորը միայն յաջողութիւն կը գտնէ. նոր սերունդը այս մտավախութիւնները ժառանգած իր երէցներէն` ամէն միջոցի կը դիմէ առաջին գծի վրայ ըլլալու համար. «Տեղ հասնիլը դժուար է եւ հետզհետէ կը դժուարանայ, մրցողներու թիւը կը շատնայ, մինչ ընտրութիւնը կը խստանայ. համալսարան մուտքի քննութեան` յիսուն տեղի համար քանի մը հարիւր հոգի կը ներկայանայ. ուրեմն յաջողելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ. եթէ պէտք է խարդախել, կը խարդախենք, որովհետեւ պէտք է յաջողինք»:
Սերունդներու հակադրութեան հարցը հոս եւս երեւան կու գայ. աշակերտին համար ուսուցիչը երէցներու ներկայացուցիչն է, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ. «Երէցը ամէն կարողութիւններու տէրն է` դրամ, ուժ եւ այլն, եւ կը փորձէ մեզի պարտադրել կեանքի որոշ ձեւ մը. մենք ուժ չունինք եւ միակ միջոցը, որ կը մնայ մեր առջեւ խորամանկութիւնն է, զոր կը գործածենք մեր ըմբռնած ձեւով»: «Ուսուցիչը խուլ կը ձեւանայ մեր հոգերուն դիմաց, չի հասկնար մեզ եւ իրեն հակադրուելու կամ զինք խաբելու համար կ՛ընդօրինակենք»:
Շատ մը աշակերտներու պարագային, այս հակադրութիւնը աւելի կը շեշտաւորուի եւ ամբաստանութիւններու կը տանի. «Մեծերը կը խարդախեն իրենց գործին մէջ, ինչո՞ւ կը սպասեն ուրեմն, որ մենք չհետեւինք իրենց օրինակին:
Պատճառաբանութիւնները, ինչպէս կը տեսնուի, յաճախ համոզիչ են եւ խօսուն. աշակերտները ընդհանրապէս կը գիտակցին, որ հակառակ բոլոր այս պատճառներու, խարդախելը ուղիղ կեցուածք չէ. շատեր կը զղջան, որ աննշան դէպքի մը պատճառով վարակուած են այս ախտէն. ուրիշներ կ՛ամչնան խոստովանելու, որ կը խարդախեն: Ապագայի մասին երբ կը հարցնեն իրենց պատասխանները երկու ուղղութիւն ունին ընդհանրապէս. ոմանց համար, խարդախելու վարժուած պատանին, կեանքի մէջ ալ նոյն ձեւով պիտի շարունակէ. ուրիշներ կը մտածեն, որ ընդհակառակը խարդախելը որոշ տարիքի մը յատուկ է միայն, դպրոցէն ետք այդ սովորութիւնը ինքնաբերաբար կը մոռցուի:
Եղած արտայայտութիւններէն կարելի է եզրակացնել, որ սերունդներու հակադրութիւնը այնքան ալ խոր չէ իրականութեան մէջ, որովհետեւ երէցին կամ ուսուցչին մօտենալու, «անոր հետ մարդէ մարդ խօսելու» փափաքը շատ զօրաւոր է եւ յուզիչ: Աշակերտները ընդհանրապէս կը զգան, որ ճիշդ չէ խարդախել եւ մանաւանդ կը վախնան, որ իրենց ապագայ կեանքին մէջ պիտի չկրնան ձերբազատիլ այդ հիւանդութենէն. կը խոստովանին, որ խարդախ աշակերտը հետզհետէ կը ծուլանայ, կը յետադիմէ եւ կեանքին մէջ հաւանական դժուարութիւններու կը հանդիպի:
Դրուած հարցերը ծանրակշիռ բնոյթ ունին ուրեմն եւ վերաքննութեան առարկայ կը դարձնեն տարիներէ ի վեր գործածուող դասաւանդութեան մեթոտները. այս ուղղութեան արդէն մեծ աշխատանք կը տարուի յառաջացած երկիրներէ ներս, եւ թերեւս ժամանակն է, որ մենք ալ հետաքրքրուինք աշակերտին դժգոհութիւններով ու հարցերով եւ լուծումներու մասին մտածենք:
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ
(Հատուածներ)
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 13
– Տեառնընդառաջի նախատօնակ երեկոյեան ժամերգութենէն ետք. Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Եկեղեցիներու բակերուն մէջ խարոյկ կը վառեն:
– 1770.- Ծնունդ Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսի: 1826-ի ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ կազմակերպած է հայկական կամաւորական խումբեր. մասնակցած Երեւանի, Էջմիածնի եւ Սարդարապատի ազատագրման: 1843-ին ընտրուած է կաթողիկոս: Վախճանած` 1857-ին: