Հրատապ Հարց Մը
Թերաճ Երկիրներու Տագնապը
Թերաճ երկիրներու դժուարութիւններուն հարցը մարդկութեան առջեւ դրուած հրատապ հարցերէն մէկն է, բնակչութեան բազմացումին կամ օդի ապականութեան հարցերուն նման: Այս երկիրներուն, թիւով` մօտ ութսուն, մեծ գումարներ կը տրամադրուին ամէն տարի Համաշխարհային դրամատան միջոցաւ: Այս դրամատան ընդհ. տնօրէնին` Ճորճ Վուտսի հետ եղած հարցազրոյց մըն է, որ կը ներկայացնենք վարի տողերուն մէջ` հասկնալու համար հարցին բնոյթը եւ լուծումի կարելիութիւնները:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է Համաշխարհային դրամատունը եւ ի՞նչ ձեւով կ՛օգնէ աղքատ երկիրներուն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Համաշխարհային դրամատունը միջազգային ձեռնարկ մըն է, որուն կը մասնակցին ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրները, նաեւ` Չինաստանը: Այս հիմնարկութեան գլխաւոր գործն է օգնել թերաճ երկիրներուն` վարկերու կամ յատկացումներու ձեւին տակ, որպէսզի անոնք իրենց կարգին կարենան բարգաւաճիլ եւ իրենց կեանքի մակարդակը բարձրացնել: Այս գործին յատկացուած հսկայական գումարները կը տրամադրուին զարգացած երկիրներուն կողմէ` իրենց կարողութեան համեմատ:
Դրամական յատկացումներէն անդին, եւ` նոյնքան կարեւոր, դրամատունը թերաճ երկիրներուն կը տրամադրէ մասնագէտներ, որոնք տեղացի ղեկավարներուն ցուցմունքներ կ՛ընեն եւ ուղղութիւն կու տան անոնց:
Հ.- Ի՞նչ է մօտաւորապէս տրամադրուած ընդհ. գումարը:
Պ.- Յատկացումներու ընդհ. գումարը կը հասնի տարին իննէն տասը միլիառ տոլարի (իւրաքանչիւր երկրի տրամադրած գումարը կարելի է տեսնել վերի տախտակին մէջ): Ընդհանրապէս ընդունուած իրականութիւն է, որ զարգացած երկիր մը առանց անպատեհութեան կրնայ իր եկամուտին մէկ առ հարիւրը տրամադրել դուրսի օգնութեան: Ներկայիս, սակայն, շատ քիչ է թիւը այն երկիրներուն, որոնք այս համեմատութեամբ կ՛օգնեն:
Հոս աւելցնեմ, որ մինչ զարգացած երկիրներու եկամուտը տարուէ տարի կ՛աւելնայ հինգ առ հարիւրով, եղած օգնութիւնը կը մնայ նոյնը, համեմատական ձեւով ուրեմն, յատկացումներու ընդհանուր գումարը կը նուազի հետզհետէ:
Հ.- Կարելի՞ է յուսալ, որ յատկացումներու յաւելումով միայն կարելի ըլլայ լուծել թերաճ երկիրներու դէմ դրուած հարցերը:
Պ.- Դժուար է ընդհանուր ձեւով պատասխանել այս հարցին, որովհետեւ երկրէ երկիր, յատկացումի գործածութեան ձեւը կը տարբերի. յաւելումին հետ միասին երկրին ընդհանուր կառոյցը պէտք է բարելաւուի, որպէսզի եղած օգնութիւնը իր նպատակին հասնի:
Պէտք է շեշտել, որ յաճախ երկրի մը զարգացումի գլխաւոր խոչընդոտը անոր քաղաքական անկայուն վիճակն է, ինչ որ կը տեսնենք շատ մը երկիրներու պարագային. զարգացումի համար տրամադրուած գումարներ պատերազմական ծախսերու կը յատկացուին, օտար ընկերութիւններ խրտչելով` կը խուսափին գործի ձեռնարկելէ եւ բարգաւաճումը կը դանդաղի:
Ուրիշ կարեւոր հարց մը եւս` այս ուղղութեամբ. ընդհանրապէս երկրին ղեկավարները կը փափաքին լաւագոյն ձեւով օգտագործել իրենց տրամադրուած գումարները, բայց կարողութիւնը կամ հմտութիւնը չունին երկրին տնտեսական ընդհ. ուղղութիւն տալու, մեծ ծրագիրներ մշակելու: Նման պարագաներու, դրամատունը, ինչպէս ըսինք, անոնց կը տրամադրէ մասնագէտներ, որոնք տեղական վարիչներուն հետ աշխատելով` կ՛ընտրեն եւ կը մշակեն երկրին պէտքերուն եւ կարողութիւններուն լաւապէս յարմարող ծրագիրներ, այս ծրագիրները կը ներկայացուին տեղական իշխանութիւններուն եւ դրամատան վարչութեան, եւ երկուքի համաձայնութեան պարագային, գործի կը ձեռնարկուի:
Հ.- Զարգացումի իբրեւ ազդակ` ինչպէ՞ս կարելի է տեսնել երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստին դերերը:
Պ.- Կը կարծեմ` թերաճ երկիրները իրենց ճիգը պէտք է կեդրոնացնեն երկրագործութեան վրայ: Այնքան ատեն որ անհատներու կեանքի մակարդակը չէ բարձրացած երկրէն ներս, եւ անոնց գնողական կարողութիւնը չէ զարգացած, ճարտարարուեստի արտադրութիւնը երկրէն ներս չի կրնար շուկայ գտնել: Երիտասարդ երկիրներու ղեկավարները, նախապէս կը հաւատային, որ ճարտարարուեստը «հրաշք լուծում»-ն է իրենց հարցերուն, բայց այսօր անոնք, փորձառութեամբ, իրենց ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն երկրագործութեան վրայ:
Հ.- Ինչո՞վ կարելի է բացատրել այն իրողութիւնը, որ զարգացած երկիրներ իրենց յատկացումները փոխանակ նուէրի ձեւով ընելու` հետզհետէ կը դիմեն «պարտք տալ»-ու ձեւին:
Պ.- Այս երեւոյթը, որ հետզհետէ կ՛ընդհանրանայ, կը բացատրուի զարգացած երկիրներէն ներս եղած ներքին ճնշումներով. կառավարութիւնները տարուէ տարի աւելի դժուարութիւն կ՛ունենան խորհրդարանէն ստանալու մեծ գումարներու «արտածումի» արտօնութիւնը. ժողովուրդին կողմէ եղած ճնշումներու պատճառով, անոնք կը ստիպուին իրենց արտաքին օգնութիւնները կրճատել` ներքին հարցերով աւելի զբաղելու համար: Այս պատճառաբանութիւնը, սակայն, արդարանալի չէ, որովհետեւ պատերազմական ծախսերը, ինչպէս տեսանք, շատ աւելի ծանր են երկրի եկամուտին վրայ եւ կրճատումները պէտք է ընել այդ ուղղութեամբ: Այս դժուարութեան դիմաց կառավարութիւնները ստիպուած կ՛ըլլան յատկացումները պարտքի ձեւով ընելու, յաճախ` շատ ցած տոկոսներով եւ տարիներու վրայ երկրաձգուած:
Թերաճ երկիրները, սակայն, հետզհետէ կը բեռնաւորուին այս պարտքերով եւ պարտքի հաշուին յատկացուած գումարը անոնց տարեկան պիւտճէին տասնհինգ առ հարիւրին կը հասնի, ինչ որ շատ բարձր տոկոս մըն է:
Կը տեսնենք ուրեմն, որ հակառակ թափուած հսկայական ճիգերուն, թերաճ երկիրներու հարցին ամբողջական լուծումը դժուար է եւ բաւական հեռու: Երկու գլխաւոր միջոցներ կան լուծումը փութացնելու. նախ` ժողովուրդի դաստիարակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ծնունդներու թիւը սահմանափակել, ապագայ դժուարութիւններու առաջքը առնելու համար: Երկրորդ եւ թերեւս աւելի կարեւոր` օգնելու կարողութեան տէր մեծ պետութիւնները պէտք է աւելցնեն իրենց յատկացումները թերաճ երկիրներուն:
ԲԵՆՕ ԹՈՆԴԵԱՆ
Ստորեւ կու տանք զարգացած երկիրներուն տարեկան յատկացումները` կարեւորութեան կարգով. տրուած թիւերը միլիոն տոլարով են:
Միացեալ Նահանգներ` 4350, Ֆրանսա` 1175, համայնավար երկիրներ 450, Անգլիա` 420, Գերմանիա` 400, Ճափոն` 160, Իտալիա` 120, Քանատա` 100, Պելճիքա` 100, Փորթուգալ` 60, սկանտինաւեան երկիրներ` 50, Հոլանտա` 40, Զուիցերիա 7, Աւստրիա 2,5: