Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Փետրուար 1970)

Փետրուար 22, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փարիզի Հայ Գաղութը

Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կը հաշուեն 150 հազար հայեր: Յիսուն հազարը` միայն Փարիզի եւ Սենի նահանգին մէջ:

Եկեղեցիներ.- Փարիզի մէջ կան` Շան զ՛Էլիզէի Յովհաննէս Մկրտիչ գեղեցիկ եկեղեցին, կառուցուած` բարեսէր Մանթաշեանի կողմէ, Առնուվիլ` Վարագայ Խաչ եւ Արֆորվիլ` Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիները:

Հայ կաթողիկէ եկեղեցի` Ս. Խաչ, Թուէն փողոց: Նմանապէս Առնուվիլի մէջ` եկեղեցի եւ Անարատ յղութեան քոյրերու դպրոց:

Աւետարանականներն ալ ունին իրենց ժողովասրահը` թէ՛ Փարիզի եւ թէ՛ Իսի լը Մուլինօ:

Միութիւններ.- «Նոր սերնդական» երիտասարդաց միութիւն, տոգորուած ազգային մշակոյթի հրատապ հարցերով Հայ գրողներու միութիւն, Հայ նկարիչներու միութիւն` «Թորոս Ռոսլին» անունով, «Ժաֆ» (Ժէօնես արմենիէն տը Ֆրանս) ձախակողմեան միութիւն, «Եանց» ակումբ, Հայ ուսանողական միութիւն, «Էթիւտ Արմինիէն» կոմիտէ, որ Հայ դատը  հետապնդելու նուիրուած է:

Փարիզահայ ամէնէն կարկառուն կազմակերպութիւն է «Աղքատախնամ»-ը, որ երկու տարիներէ ի վեր լծուած է չքաւորներու, գաղթականներու, անկարներու եւ ծերերու օգնութեան հասնելու աշխատանքին: «Աղքատախնամ»-ի գլխաւոր ծերանոցները կը գտնուին Մոնմորանսի, Անտիյի եւ Սեն Ռաֆայէլ:

Հայկական բեմը կանգուն է շնորհիւ Փարիզի «Բեմասիրաց»-ին: Փարիզի Հայ ուսանողներու տան մէջ եւս կը կազմակերպուին ներկայացումներ:

Մամուլ.- Փարիզի մամուլին մէջ առաջին գիծի վրայ կու գայ «Յառաջ» օրաթերթը, հիմնուած` Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ, եւ որ կը շարունակուի իր աղջկան` Արփիկ Միսաքեանի կողմէ: «Աշակերտ» եռօրեայ թերթ եւ «Խթան» շաբաթաթերթ:

Դ. Վարուժանի Արձանը
Երեւանի Մէջ

Նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի արձանը պիտի կանգնեցուի Երեւանի մէջ:

Արձանին կերտումը յանձնուած է քանդակագործ Թորգոմ Չէօրէքճեանին, որ այս մասին, նամակով մը, ի միջի այլոց, հետեւեալ տեղեկութիւնները կը հաղորդէ իր մէկ բարեկամին.

«Դանիէլ Վարուժանի արձանը պիտի ունենայ , 4 մեթր բարձրութիւն ու պիտի կերտուի Հայաստանի պազալթ քարով: Վարուժանը պատկերուած է «եղեգնեայ գրիչը» աջ ձեռքով բռնած եւ հպարտ կեցուածքով` հայեացքը դէպի պանդուխտ Արարատը:

«… Արձանը պիտի զետեղուի Սեբաստիա փողոցի իր անունը կրող միջնակարգ դպրոցի առջեւի հրապարակին վրայ եւ տեսանելի պիտի ըլլայ քանի մը քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող փողոցի ամենահեռու մասէն:

«… Վարուժանի արձանի կերտումը յանձնուած է ինծի. բան մը, որ կը ձգտէի եւ կ՛երազէի տարիներով:

«… Սա ինքնին անարիւն վրիժառութիւն մըն է եւ գեղեցիկ անթառամ ծաղկեփունջ մը մեր բազմահազար նահատակներու յիշատակին յաւերժացման համար»:

Հայաստանի մէջ պիտի պատրաստուի նաեւ Ֆրանց Վերֆելի դիմաքանդակը եւ Գէորգ Չաւուշի կրանիթիայ արձանը:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 22

Բուն բարեկենդան. Մեծ պահքի առաջին կիրակին: Նախորդ` շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ժամանակ եկեղեցւոյ բեմը վարագոյրով կը ծածկեն: Մինչեւ Զատիկ Աւետարանը չի համբուրուիր:

– 1732 – Ծնունդ Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի:

– 1810 – Ծնունդ լեհ դաշնակահար եւ երգահան Ֆրետերիք Շոփէնի: Մահացած 1849-ին:

– 1819 – Միացեալ Նահանգներ Սպանիայէն գնեցին Ֆլորիտա Նահանգը:

– 1920 – Մահ դերասան Մարտիրոս Մնակեանի:

– 1988 – Ստեփանակերտի ուղղութեամբ աղտամցի ազերիներու զինուած յարձակումը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Երազներուս Թռիչք Տուիր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?