Լիբանանահայ Կեանք
Սրբոց Վարդանանց
Տօնակատարութիւնը
Հինգշաբթի, 5 փետրուարին, համազգային յարգանքով ոգեկոչուեցաւ Սրբոց Վարդանանց համազգային տօնը:
Լիբանանահայութիւնը անխտիր արձակուրդի մէջ էր: Ազգային բոլոր հաստատութիւնները, հայ վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին: Արձակուրդ ստացեր էին նաեւ պետական եւ օտար հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու հայ պաշտօնեաներն ու բանակի հայ զինուորները:
Հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ, Հայաստանեայց առաքելական բոլոր եկեղեցիներու մէջ հանդիսաւոր ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Աւարայրի դիւցազնամարտին մէջ վասն հայրենեաց եւ հաւատքի նահատակուած 1036 հերոսներու յիշատակին: Վարդապետներ ու քահանայ հայրեր խօսեցան ազգայնաշունչ քարոզներ:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Յաւարտ ս. պատարագի, վեհափառ հայրապետի անուան տօնին առիթով, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն եւ շնորհաւորական աջահամբոյր:
Այս տարի եւս հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը: Հանդիսաւոր ս. պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Յաւարտ ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ Ազգ. «Նուպարեան» վարժարանի «Տէօվլէթ Պապայիքեան» եւ «Ժիրայր Ժան Տէր Թորոսեան» նորակառոյց դասարաններու բացումը: Ապա Թաղական խորհուրդը վարժարանի նորակառոյց սրահին մէջ ճաշկերոյթով պատուեց սրբազան հայրը, հիւրերը եւ շրջանի երեւելի ազգայինները:
Բացման խօսքը կատարեց Թաղական խորհուրդի ատենապետ Կարօ Կիւլէսէրեան: Սեղանապետութիւնը վարեց Յակոբ Կիւլոյեան: Խօսք առին սրբազան հայրը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանի կրթական յանձնախումբի կողմէ հայր Սահակ Քէշիշեան, Սարգիս Զէյթլեան, վարժարանի տնօրէն Արմէն Տօնոյեան եւ բարերարներ:
Սարգիս Զէյթլեան ազգայնաշունչ ճառով մը նշեց հայոց պատմութեան մեծանուն դէմքերն ու դէպքերը` անոնց տրուած արժանիքներով, ապա ընդգծեց, որ այդ բոլորէն վեր` Վարդանանքը մեր ազգային այն մեծ տօնն է, որ օժտեց մեր ժողովուրդը ազգային ուրոյն նկարագրով, մաքառելու, տոկալու եւ գոյատեւելու անխախտ կամքով:
Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ նուիրատուութիւն` ի նպաստ Ազգ. «Նուպարեան» վարժարանին: Գոյացաւ 5 հազար լ. ոսկի:
Հանդիսաւոր ս. պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ կաթողիկէ հայոց եկեղեցիներուն մէջ: Վարդապետ հայրեր խօսեցան աւուր պատշաճի քարոզներ:
Կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Հազմիէի Մխիթարեան հայրերու երկրորդական վարժարանի մատրան մէջ մատուցուած ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հանդէս` նուիրուած Վարդանանցին: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Չորեքշաբթի, 4 փետրուարի երեկոյեան, Անարատ յղութեան քոյրերու Պուրճ Համուտի «Սրբուհի Ագնէս» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿԵՄ-ի վարչութեան կազմակերպած Վարդանանց փառատօնը:
Ներկայացուեցաւ հ. Վ. Յովհաննէսեանի «Դէպի Աւարայր» թատրերգութիւնը: Նախագահեց եւ փակման խօսքը կատարեց Մեսրոպ եպս. Թերզեան:
Նախագահութեամբ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, հինգշաբթի, 5 փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ազգային երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած Վարդանանց տօնակատարութիւնը:
Վարչութեան կողմէ բացման խօսքը կատարեց Ռոզա Գահվէճեան:
Բանախօսեց Սիմոն Սիմոնեան: Գիտական վերլուծումով նշեց Աւարայրի դիւցազնամարտին ազգային արժէքը:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Ս. Նշանի երկսեռ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Վ. Սերայտարեանի, Յասմիկ Յովսէփեան-Քէչէճեան եւ Գ. Ստամպոլեան (մեներգ), դաշնակի ընկերակցութեամբ Ս. Սարգիսեանի, Ա. Պատագեան եւ Մ. Համալեան (արտասանութիւն):
Օրհնութեան եւ փակման խօսքը կատարեց նախագահ սրբազանը:
ՀՐԱԶԴԱՆ
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 7—
– 1876.- Ծնունդ դերասան Իսահակ Ալիխանեանի: Մահացած 1946-ին:
– 1910.- Ծնունդ փիլիսոփայ Մամիկոն Առուստամեանի: Մահացած 1995-ին:
– 1922.- Ծնունդ նկարիչ Մկրտիչ Սեդրակեանի: Մահացած 2009-ին:
– 2013.- Մահ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի: Ծնած է 1945-ին: