Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1970)

Յունուար 29, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արարատ

Արգիլուած Շրջան

«Ճէոկրաֆիքալ Մեկըզին» գիտական լուրջ հանդէսը շատ հետաքրքրական յօդուած մը հրատարակած է 1969 դեկտեմբերի իր թիւին մէջ` Թուրքիոյ արգիլեալ շրջան (Եասագ պէօլկէ) Արարատի մասին: Հեղինակը, որ կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ, լաւատեղեակ է Թուրքիոյ աշխարհագրութեան եւ անձնապէս տեսած եւ ուսումնասիրած է նկարագրած վայրերը` յետամնաց, ամայի, լքուած: Յօդուածին անմիջապէս կը յաջորդեն սահմանէն քիչ անդին ծաղկող Հայաստանի մասին գրուած խանդավառ էջեր: Հակադրութիւնը ցայտուն է եւ յատկանշական:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Չարլս Է. Ատելսընի աշխատութիւնը` ամփոփելով:

Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները այցելողները այնքա՛ն հազուադէպ են, որ մեր ճամբորդութիւնը պատրաստելու համար ստիպուեցանք դիմել տասնիններորդ դարու ճամբորդներու նօթերուն եւ նկարագրութիւններուն:

Տիգրանակերտի երկաթուղին Քուրթալանի կայարանը կը վերջանայ: Ատկէ ետք ստիպուեցանք բեռնատար ինքնաշարժով եւ մեծ դժուարութեամբ յառաջանալ վայրի լեռներու եւ կիրճերու մէջէն, մինչեւ որ հասանք Պիթլիս: Քաղաքը, ամբողջութեամբ քարակերտ, կ՛երկարի մինչեւ փրփրացող Վանայ լիճը, եւ այցելուին կը թուի ժայռակոյտի մը մէջ քանդակուած ըլլալ:

Սեւ ծովու թուրքերը, որոնք տեղւոյն լաւագոյն նաւազներն են, մեզ կաթնակապոյտ լիճին վրայով փոխադրեցին Վան, ուրկէ շարունակեցինք մեր ճամբան դէպի Մեծն Արարատի շրջանը: Թուրքիոյ, Պարսկաստանի եւ Խորհրդային Միութեան սահմանները իրարու կը հանդիպին մարած (կամ այդպէս կարծուած) հրաբուխին ստորոտը:

Վերջապէս հասանք Մուրատ գետի (Եփրատի հարկատուներէն մէկը) խոր հովիտը: Գետափին գունաւոր վայրի ծաղիկներ քիչ մը կը մեղմացնէին խոժոռ մթնոլորտը: Պազալթի տափակ եւ մետաղանման զանգուածներ կը փայլէին յետմիջօրէի արեւուն տակ, եւ սեւ քարայրներ յանկարծ իրենց կլափները կը բանային ճամբուն վրայ: Աշտարակ ժայռեր կը ցցուէին իւրաքանչիւր քայլափոխին:

Դարեր շարունակ, անհամար բանակներ, թափառաշրջիկ ցեղեր, գաղթող բազմութիւններ անցած են այս տարօրինակ եւ պատկառազդու բարձրաւանդակէն, բայց չեն կրցած հոն հաստատուիլ, այնքա՜ն դաժան է բնութիւնը, այնքա՛ն անգութ է ձմեռը: Մարդ հոս ինքզինք միշտ զգացած է օտարամուտ եւ «այցելու» (*):

Այս է ուրեմն Արարատեան երկիրը` յիշատակուած Աստուածաշունչին մէջ. «Եւ տապանը եօթներորդ ամսուն եօթներորդ օրը հանգչեցաւ Արարատ լերան վրայ»:

Եբրայեցիները Արարատ կը կոչէին Ուրարտուի հին երկիրը, որ բաբելոնական լեզուով կը նշանակէ բարձրաւանդակ: Հսկայ լեռը իսկապէս կ՛իշխէ ամբողջ շրջանին վրայ եւ տեղական ժողովուրդներուն կողմէ նկատուած է իբրեւ ստեղծագործութեան կեդրոնը: Հին աշխարհագէտներ դիտել կու տային, որ Արարատը կը գտնուի Սեւանայ, Ուրմիոյ եւ Վանայ լիճերուն կազմած եռանկիւնին ճի՛շդ կեդրոնը, Կասպից եւ Սեւ ծովերուն ճի՛շդ մէջտեղը, Միջերկրականէն, Կարմիր ծովէն եւ Պարսկական ծոցէն հաւասա՛ր հեռաւորութեան վրայ:

Բնակիչները

Լերան լանջին ապրողները շաբաթը անգամ մը կը հաւաքուին բաց շուկան եւ առուծախէն ետք կը զուարճանան` դիտելով կամ մասնակցելով ըմբշամարտութեան մրցումներուն: Մշակներ, ձիաբոյծներ, հպարտ հողատէր աղաներ, ձեռքերնին համրիչ, գունաւոր եւ երկար հագուած գիւղացի կիներ` բոլորն ալ փողոցն են, բարձրաձայն կը խօսին, մինչեւ որ միւէզինը զանոնք մզկիթ հրաւիրէ:

Վիլայէթին քաղաքական իշխանութեան պետը վալին է, ԱԿՐԸ-ի (Արարատի թրքական անունը) կառավարիչը` Պայ Թուրկութ Քիլիսեր: Անձնապէս մեզի ընկերացաւ Իսհաք փաշայի պալատը, իրանեան սահմանին վրայ: Զինուորական փոքր կառախումբով մը Ակրըէն ելանք վալիին հետ եւ ամբողջ ճամբու ընթացքին արժանացանք զինուորներու բարեւներուն:

– Մենք հոս միայն երկու եղանակ ունինք, բացատրեց կառավարիչը:- Երկար եւ գեղեցիկ գարուն մը եւ յետոյ դաժան ձմեռը:

Յուլիս էր եւ իսկապէս գեղեցիկ գարնան մէջն էինք տակաւին: Դաշտերը, անմշակ, ծածկուած էին հազարաւոր ծաղիկներով:

Վերջապէս հասանք Տոկուպայազիտ: Քառակուսի փոքր շէնքեր, պղնձագործներ, ձիերու թամբ եւ էշերու համետ շինողներ, երկաթագործներ, քեպապճիներ… Գիւղէ մը հազիւ աւելի մեծ աւան մը, որ սակայն վրադ աւելի կ՛ազդէ, քան` Լոնտոնը կամ Հռոմը: Որովհետեւ հո՛ն է Արարատ լեռը: Խլացնող ձայնի մը պէս ան կ՛իշխէ բոլոր զգայարանքներուդ վրայ:

Երբ հասանք, լերան գլուխը ծածկուած էր մութ ամպերով: Վալին կատակեց:

– Մեր լեռը շատ ամչկոտ է, դէմքը կը ծածկէ…

Արարատը անցքը «Մետաքսի ճամբուն» (իբեք եօլու) կարեւոր հանգրուաններէն մէկն էր, արեւելեան հարուստ եւ հեռաւոր երկիրներուն դուռը: Քրիստոսէ մօտ հազար տարի առաջ անոր վրայ հսկող բերդին աւերակները տակաւին կանգուն են: Շատ աւելի վերջը, 1784-ին, երբ օսմանեան դրօշը, ծածանեցաւ ամբողջ Միջին Արեւելքի վրայ, սուլթանին զօրավարներէն Իսհաք փաշան փառաւոր պալատ մը շինել տուաւ այդտեղ վարդագոյն քարերով եւ դարձաւ շրջանին տէրը: Ժամանակ մը պարսիկները, յետոյ ռուսերը մէկ-երկու անգամ գրաւեցին զայն: Հիմա անբնակ է, վրնջող հովը եւ ձմեռուան ձիւնը իրական տէրերն են անծածկ հարեմլըքին:

Արարատ Եւ…
Թրքական Սինեմա

Տոկուպայազիտ վերադառնալէ ետք քայմաքամը եւ ոստիկանզօրաց հրամանատարը մեզ հրաւիրեցին քաղաքին սինեման: Օդը ցրտած էր, եւ հրաւէրը անմիջապէս ընդունեցինք` խորհելով, որ երթալիք տեղերնիս անշուշտ տաք կ՛ըլլար: Բայց սինեման… բացօթեայ էր: Ստիպուած` վերարկու մը փոխ առի հրամանատարէն եւ կծկուեցայ մեքենայի խցիկին քով, հովէն պաշտպանուելու համար: Տոկուպայազիտի ամբողջ ժողովուրդը եւ տակաւին լեռներէն իջած գիւղացիներ նստած էին մեր առջեւը եւ բարձրաձայն կը բողոքէին շարժապատկերի հերոսուհիին վիճակուած դժբախտութեանց դէմ:

Պանդոկ չկար, որով գիշերը անցուցինք քարաքոլին մէջ: Երկար ժամանակ արթուն մնացի եւ դիտեցի Արարատը լեռը:

(Հեղինակը կը մէջբերէ Լինչի (19-րդ) դարու աշխարհագէտ կարծիքները եւ կը պատմէ Նոյ նահապետի այգիին տեղը կառուցուած Ակոռիի կործանումը):

Թրքական բանակային կարաւանի ընկերակցող ճիփով մը հեռացանք Տոկուպայազիտէն: Հոն, մեր ետեւը մնացած է փաշային վարդագոյն պալատը եւ խեղճ նոր աւանը: Կամաց կամաց կ՛իջնէինք դէպի Իգտիրիի բամպակի դաշտերը: Բայց միշտ ներկայ էր վեհապանծ Արարատը, երեք երկիրներու ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուցած Նոյեան տապանի լեռը:

Հայացուց`
ՆՈՐԱՅՐ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

(*) Հա՛յը միայն «օտարամուտ» չէ Արարատեան հողին վրայ, ո՛չ ալ վաղանցուկ «այցելու».. ԽՄԲ.

Արարատի ստորոտը, «Մետաքսի ճամբան», հակակշռող հինւուրց ամրոցին փլատակները: մէջտեղը, Միջերկրականէն, Կարմիր ծովէն եւ Պարսկական ծոցէն հաւասա՛ր հեռաւորութեան վրայ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?