Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1970)

Փետրուար 1, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Տուրքերու Խօլ Արշաւը

 Ըսողը ելեւմտագէտ մըն է ու իր խօսքը կշիռ ունի:

Երեսփոխանական ժողովի ելեւմտական յանձնախումբին նախագահը` Ժոզեֆ Չատեր, առանց բառերը ծամծմելու, կը յայտարարէ. «Լիբանանցիք կքած են տուրքերու ծանրութեան տակ ու ի վիճակի չեն տոկալու նոր տուրքերու»:

Արդարեւ, մէկ տուրքէն միւսը` տնտեսական քայքայում կը սպառնայ այս ժողովուրդին:

Ճի՛շդ է որ կենսական բազմաթիւ ծրագիրներու իրագործման համար պետութիւնը դրամի պէտք ունի: Բայց անարդարութիւնը կը սկսի այն ատեն, երբ այդ դրամը ճարելու համար պատասխանատուները կը դիմեն ամէնէն դիւրին միջոցին` անուղղակի տուրքերու, որոնք կը քամեն ժողովուրդը` միաժամանակ ստեղծելով ապրուստի տարապայման սղութիւն մը:

Վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին` կ՛ենթարկուինք տուրքերու խօլ արշաւի մը, որուն ո՛չ սկիզբը կայ, ո՛չ ալ վերջը: Իսկ աւելի ցաւալին, յաճախ երեսփոխանական ժողովին կը ներկայացուին ծրագիրներ, որոնց կը պակսին գործադիրին խոր ուսումնասիրութիւնը: Այն աստիճան որ այսօր քուէարկուած օրինագիծ մը, արդար բողոքներու ճնշումին տակ, հետեւեալ օր փոփոխութեան կ՛ենթարկուի` տալով տխուր պատկերը իշխանութեան մը, որ լուրջ հարցերուն իսկ կը մօտենայ ընթացիկ մտահոգութիւններով, առանց հետեւանքները կշռելու:

Իրաւունք ունին թերթերը, երբ կը խօսին խառնիճաղանճի մասին: Օրէնքներու շուրջ վիճաբանութիւնները փողոց իջած են, ու իրաւունք կը տրուի անո՛ր, որ ամէնէն աւելի կը պոռայ կամ միջոցներ ունի ճնշում բանեցնելու:

Ուսուցիչներէն ետք, ահա` փաստաբանները: Անոնց հետ` առեւտրականները: Վերջին երկուքը` իրարու դէմ, իրարու շահերուն հակառակ:

Երբ գործադիր եւ օրէնսդիր իրենց պարտականութիւնը լրջութեամբ չեն կատարեր նման երեւոյթներ կոչուած են անպակաս ըլլալու: Ու ամէնէն ծանրակշիռը այն է, որ վերջին հաշուով տուժողը կ՛ըլլայ ընկերային ու քաղաքական կեանքի այն դրութիւնը, որուն պահպանման ցանկութիւնը թէեւ կայ, բայց նախանձախնդրութիւնը կը պակսի:

Հայաստան

 Վիքթոր Համբարձումեանի Վարկածը

Երեւան, 28 յունուար.- Երիտասարդ աստղերու բռնկումներու բնոյթին մասին ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի տարիներ առաջ արտայայտած գիտական ենթադրութիւնը կողմնակիցներ գտած է մեքսիքական գիտնականներու շրջանակին մէջ:

Անոնք համաձայն են Վիքթոր Համբարձումեանի այն կարծիքին, թէ որոշ երիտասարդ աստղերու մէջ ժամանակ առ ժամանակ տեղի կ՛ունենայ ներաստղային ջերմութեան արտազատում դէպի մթնոլորտ: Այդ բռնկումները տարբեր տիպի կ՛ըլլան, նայած թէ ի՛նչ խորութենէն կ՛արտազատուի ջերմութիւնը:

Կիկլոպեան Ամրոց

Երեւան, 28 յունուար.- Հայ հնագէտները Սեւանայ լիճի մօտերը, Գեղամայ լեռնաշղթայի գագաթներէն մէկուն վրայ յայտնաբերած են կիկլոպեան ամրոց: Այստեղ, ծովու մակերեւոյթէն մօտ 3300 մեթր բարձրութեան վրայ պահպանուած են ամրոցի անտաշ քարէն շարուած հզօր պարիսպներու մնացորդներ` պաշտպանութեան թաքստոցներ, մարտական աշտարակներ: Ամրոցի պարիսպները որոշակի երկրաչափական ձեւ չունին, անոնք կառուցուած են լեռնագագաթի պարագիծով:

Մասնագէտներու կարծիքով, ամրոցը Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակի կառուցուածք է: Հայաստանի տարածքին վրայ կիկլոպեան ամրոցներու յաճախ կը հանդիպինք: Ատոնք, իբրեւ կանոն, կառուցուած են Քրիստոսէ առաջ 3-2-րդ հազարամեակներուն, ծովու մակերեւոյթէն 2000-2200 մեթրէն ոչ աւելի բարձրութեան վրայ:

3000 մեթրէն աւելի բարձրութեան վրայ կիկլոպեան ամրոց  գտնելու փաստը հաճելի անակնկալ է հայ գիտնականներու համար: Ան ամենաբարձրադիր կիկլոպեան ամրոցն է Խորհրդային Միութեան մէջ:

Կիկլոպեան ամրոցի աւերակներ գտնուած լերան լանջերը ամբոջովին ծածկուած են ժայռանկարներով, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ քարագրութիւններ են: Այստեղ կը գերակշռեն նետ ու աղեղներով եւ  տէգերով զինուած ռազմիկներու պատկերները: Անտարակոյս ժայռերու քանի մը բեկորներուն վրայ կան աստղաբաշխական բնոյթի նկարներ:

Հայրենագիտական Թանգարան

Եղէգնաձոր, 29 յունուար.- Շրջկեդրոնին մէջ ստեղծուեցաւ հայրենագիտական թանգարան, ուր պիտի կեդրոնացուին Վայոց Ձորի հողամասի վրայ ապրող ժողովուրդի կենցաղի, աշխատանքային նուաճումներու եւ յաղթանակներու մասին գրառումներ եւ ցուցադրական նիւթեր:

Մշակոյթի նոր օճախի ստեղծումը պիտի նպաստէ աւելի շատ ուշադրութիւնը դարձնելու շրջանի պատմական յուշարձաններու պահպանութեան գործին:

Տիգրան Պետրոսեան Ախոյեան

Երեւան, 30 յունուար.- Տիգրան Պետրոսեան երրորդ անգամ ըլլալով նուաճեց Խորհրդային Միութեան ճատրակի ախոյեանութիւնը:

——————————–

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1

– 1868 – Ծնունդ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Ախալցխա: Ասպարէզով` ճարտարապետ. նախագծած է Պաքուի հայոց Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս մայր տաճարը: 1917-ին ընտրուած է հայոց ազգային խորհուրդի, իսկ 1918 փետրուարին` Անդրկովկասեան սէյմի անդամ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Ալեքսանդր Խատիսեանի հետ 4 յունիս 1918-ի ստորագրած է Պաթումի դաշնագիրը Թուրքիոյ հետ:

Քաջազնունի եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետը: Կառավարութեան կազմը 1918 յուլիս 19-ին Թիֆլիսէն տեղափոխուեցաւ Երեւան: 27 մարտ 1919-ին Քաջազնունի հրաժարեցաւ վարչապետութենէն եւ զայն փոխարինեց Ալեքսանդր Խատիսեան: 1937 յուլիսին ձերբակալուեցաւ եւ 1938-ին զոհ գնաց պոլշեւիկեան բռնութիւններուն:

– 1888 – Մահ Ծերենցի, վիպասան եւ հրապարակախօս. ծնած է 1822-ին:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ո՞վ Հնարած Է Դահոյկը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?