Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1970)

Փետրուար 24, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուար 18-ի 49-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւններ

 ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Կոմիտէի
Կազմակերպած Շքեղ Տօնակատարութիւնը

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէի կազմակերպած տօնակատարութիւնը, փետրուար 18-ի ժողովրդական ապստամբութեան 49-րդ տարեդարձին առիթով,  շքեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 18 փետրուար, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Մար Մըխայելի ակումբի սրահին մէջ:

Կոմիտէին կողմէ բացման խօսքը կատարեց եւ հանդէսը վարեց Պարգեւ Շիրինեան:

Արփինէ Փեհլիւանեանի շնորհալի աշակերտուհի Արտա Ռումեան` ապրումով մեներգեց «Կռունկ»-ը:

Վահէ Փուչիկեան աշուղական երգերու յատուկ քաղցրութեամբ մեներգեց «Լեռներ հայրենի»-ն եւ «Այնպէս անփոյթ, այնպէս հանգիստ» ժողովրդական երգերը:

Միսակ Ապաճեան խոր ապրումով արտասանեց Մ. Իշխանի «Շքերթ»-ը եւ Լուսենցի «Մասիսը պերճ»-ը: Խլեց բուռն ծափեր:

Տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Արփինէ Փեհլիւանեան մեներգեց «Երգիր, անգին երկիր»-ը: Տեղի տալով ներկաներու բուռն ցանկութեան` մեներգեց նաեւ «Հայաստանի կարմիր գինի»-ն:

Արշակ Խնդիրեան (ֆլիւթ) եւ Զաւէն Չոքքարեան (աքորտէոն) փայլը աւելցուցին գեղարուեստական յայտագրին` մէջ ընդ մէջ իրենց նուագած հայկական եղանակներով:

Օրուան բանախօս Սարգիս Զէյթլեան խօսեցաւ ազգայնաշունչ բովանդակալից ճառ մը:

Ընդհանուր գիծերու մէջ Զէյթլեան ընդգծեց, որ փետրուար 18-ը բացառիկ երեւոյթ մըն է մեր պատմութեան մէջ: Համաժողովրդական ըմբռնումով, հայ ժողովուրդը առաջին օրինակը տուաւ ըսելու համար, թէ ոգեկան ուժերը բաւարար են պատմութեան մէջ, որ ժողովուրդ մը իր վճռական խօսքը ըսէ:

Հայ ժողովուրդը մեծերու հետ ճամբայ ելած, մեծերու փոշիացումին ականատես եղած, անսպառ կենսունակութեամբ գոյատեւող ժողովուրդ եղած է: Փոքրիկ ժողովուրդ մը, որ իր մեծազանգուած լեռներուն մէջ, ճրագի մը, խարոյկի մը պէս բռնկեցաւ եւ նոր մշակոյթով վառեց իր վերջին յաղթանակին ջահը:

Սակայն մարդկային ազատութեան, մարդկային արժէքին խորաչափութիւնը չունեցող մութ ուժեր եկան` ձեռք-ձեռքի տուած վերստին ընկճելու համար ափ մը ժողովուրդ, վերջ տալու, մարելու համար անոր ջահը:

Համաժողովրդական ընդվզում էր փետրուար 18-ը:

Փետրուար 18-ը մեկնակէտ մըն է, աղբիւր խորհրդածութեան, բարոյական դրամագլուխ է: Փետրուար 18-ը ծառացում է ընդդէմ բռնակալութեան: Նոր սերունդները հպարտութեամբ կը խոնարհին արեամբ եւ վաստակով նուիրագործուած ժառանգութեան, որ իբրեւ յաղթանակ պիտի կրեն շարունակելու համար ապրելու եւ յաւերժանալու գաղափարական պայքարը:

Բեմ հրաւիրուեցաւ իր խօսքը ըսելու մեր ղեկավար ընկերներէն Կարօ Սասունի:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը կարմիր բռնակալութեան դէմ համաժողովրդական ըմբոստացում մըն էր, ըսաւ Կ. Սասունի: Մենք կանչած էինք ռուսը, որպէսզի ազատէ մեզ թուրքէն: Սակայն պատահեցաւ հակառակը, աներեւակայելի արարքներ կատարուեցան, որուն դէմ հայ ժողովուրդը, ակամայ մէկ մարդու պէս, արեւելահայ թէ արեւմտահայ, առիւծ կտրած, ոտքի ելաւ ըսելու համար, որ ես կը մեռնիմ, բայց կ՛ուզեմ ազատութիւնս:

Հայ ժողովուրդի յաւիտենական երկիրն է Հայաստան: Երկուքուկէս միլիոն հայութիւնը, որ այսօր կայ Հայաստանի մէջ, զաւակն է, թոռնիկն է, թոռան թոռնիկն է փետրուար 18-ին կռուած, արիւն թափած ամբողջական հայուն: Անոնք լռելեայն, առանց փետրուար 18 տօնելու, իրենց հայրերու, մեծ հայրերու ճանապարհով պիտի երթան: Փետրուար 18-ի ազատութիւնը իրենց հոգիներուն մէջ, հայոց երկրին պահպանութիւնը ունին իրենց սրտերուն մէջ:

Հայութիւնը վերադարձած է իր յաւիտենական ճամբուն: Այլեւս հայութիւնը յաւերժական է: Մինչեւ Սարդարապատ` մենք մայիս 28 կերտեցինք ընդդէմ Թուրքիոյ եւ փետրուար 18 կերտեցինք ընդդէմ, դժբախտաբար, հիւսիսէն եկած կոպիտ ուժին: 50 տարի անցած է այդ պատմական թուականներէն: 25 տարի եւս կ՛անցնի եւ հայութիւնը կ՛ըլլայ 11 միլիոն, որ ուզէք կամ չուզէք, տէրն է Հայաստանի:

Փետրուար 18-ը տօն ըլլալէ դադրած է եւ ամբողջովին մեզ կը տանի Հայաստան: Հոն, մայիս 28-ը, փետրուար 18-ը հայ ժողովուրդի հոգիին մէջն է: Հայ ժողովուրդը այդ թուականները փոխանցած է իր զաւակներուն, թոռներուն: Եթէ 50 տարուան մէջ միացեալ, անկախ Հայաստան չստեղծուեցաւ, փետրուար 18-ը միացեալ հայութիւնը ստեղծեց (արեւելահայ-արեւմտահայ):

Պիտի ուզէի, որ դուք ձեր զաւակներով, ձեր գալիք սերունդներով միշտ կապուած ըլլաք Հայաստանին: Ուժ մըն ենք, բայց այդ ուժը Հայաստանին պէտք է կապուած ըլլայ: Անմաշ է մեր հայրենիքը, անմաշ պիտի մնայ մեր հայրենիքը: Այդ նախատեսածս 25-ամեակին ես գոյութիւն պիտի չունենամ, բայց կը մաղթեմ, որ վերադառնաք Հայաստան եւ արմատ բռնէք մեր դարաւոր հողին մէջ:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ հիւրարար Պէյրութ գտնուող, մեր ազատագրական շարժումներուն լաւապէս ծանօթ Անտրէ Ամուրեանին:

Ա. Ամուրեան պատմական փաստերով նշեց, թէ ինչո՛ւ համար հայ ժողովուրդը ընդվզեցաւ: Թուեց բանակցութիւնները, խոստումները: Սակայն, երբ իշխանութեան տիրացան, խորհրդային դաժան գործիչները ոչ միայն չյարգեցին իրենց խոստումը, այլեւ բանտարկեցին ղեկավար դասակարգը, զինուորականները, կացինահարեցին ոմանց եւ, մանաւանդ, բառիս բուն առումով կողոպտեցին ժողովուրդը:

Ի պատիւ հայ ժողովուրդին, անոր ազատատենչ հոգիին եւ հայ ժողովուրդի մարտական կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան, հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ իր ըմբոստութեան մէջ եւ յաղթեց:

ՀՐԱԶԴԱՆ

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 24

– 1815.- Մահ ամերիկացի գիւտարար, առաջին շոգենաւը ստեղծող Ռոպերթ Ֆուլտոնի: Ծնած է 1765¬ին:

– 1931.- Մահ ազգագրագէտ, բանահաւաք եւ հնագէտ Երուանդ Լալայեանի, հիմնադիր եւ խմբագիր «Ազգագրական հանդէս»¬ի (1896-1917): Ծնած է 1864¬ին:

– 1968.- Մահ Վիեննայի Մխիթարեան միաբան, բանասէր եւ հեղինակ հայր Համազասպ Ոսկեանի:

– 1978.- Մահ Գուսան Հաւասիի. ծնած է 1896¬ին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բարեկենդանի Տօնը Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?