Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1970)

Փետրուար 20, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Լոյս Եւ Ստուեր

Երիտասարդական խլրտումներու մասին շատ խօսուեցաւ վերջին մէկ-երկու տարիներուն եւ երեւոյթները ցոյց կու տան, որ այս հարցը դեռ երկար ատեն պիտի մնայ օրակարգի վրայ:

Քաղաքական դատ, լեզու, մշակոյթ, ժառանգութիւն հասկացողութիւնները եւ ասոնցմէ բխած կեցուցիչ մտածումները ամէնօրեայ հաց են, հանապազօրեայ հաց` նոր սերունդի տղոց համար, որոնք մեր անցեալն ու ներկան կը փորձեն նժարի զարնել եւ իրենց ապագայ գործունէութեան ճամբան ճշդող լոյսի մը հետամուտ` կը խլրտին, յայտարարութիւններ կ՛ընեն, տեսակէտներ կը պարզեն, կը զառանցեն յաճախ` բոլոր պարագաներուն ձգելով դրական երեւոյթի մը տպաւորութիւնը:

Դրական` անո՛ր համար մանաւանդ, որ իր ժողովուրդով շահագրգիռ անձը, ուշ կամ կանուխ, կը գտնէ իր ճշմարիտ ուղին, անտեղեակութեան կամ կիսկատար ծանօթութիւններու վրայ հիմնուած իր յաւակնութիւններէն կը թօթափի, կը գտնէ իր հաւասարակշռութիւնը եւ օր մը կը դառնայ անհրաժեշտ տարր:

Երիտասարդներու խաւ մը կայ հիմա, որ դժգոհ է ամէն բանէ` թէ՛ անցեալի ժառանգութենէն թէ՛ այսօրուան գործելակերպի մեր կարվ մը ոճերէն, իսկ կայ երիտասարդներու խումբ մը, որ իր կարգին դժգոհ ըլլալով հանդերձ, դժգոհ է նաեւ իր տարեկից «դժգոհներէն», փութկոտ յայտարարութիւններէն, գործունէութեան յստակ առաջադրանքներ ընելու անկարողութիւններէն ու… «դատարկ կրակոցներէն»:

Առաջիններուն ցուցադրածին պէս սրճարանային կամ սալոնային չէ այս վերջիններուն տագնապը, այլ ծնունդ է պատասխանատուութեան խոր զգացումներու, լրջութեան, հետզհետէ աճող նոր պայմաններուն արգելիչ խոչընդոտները յաղթահարելով` մեր ժառանգութեան նոր թափ ու որակ տալու ցնորական խռովքի մը:

Քանի մը օր առաջ, «Ազդակ»-ի մէջ կարդացինք Զաւարեանական ստորագրութեամբ լոյս տեսած գրութեան մէջ բոլոր սերունդներուն հետ ներդաշնակուող անոնց այն համոզումը. «Սփիւռքի առողջ գոյատեւումը, անոր ապագան պայմանաւորուած են մշակութային վերելքով, ստեղծագործ ճիգով, նորութեան փնտռտուքով»:

Իսկ երկու շաբաթ առաջ, դարձեալ այս թերթին մէջ ու դարձեալ զաւարեանականներուն նախաձեռնութեամբ լոյս տեսաւ ուրիշ գրութիւն մը` փարիզահայ Արա Գրիգորեանի մէկ յօդուածը, որ մեկնելով հանդերձ տրամագծօրէն հակառակ կէտէ մը, կը ձեւակերպէր նոյն մտածումը, այն, որ` «Մինչ ընդհանրապէս մշակութային ժառանգութեան ճանաչումէն կը ծնի անհատներու քաղաքականացումը, ֆրանսահայ երիտասարդի պարագային հակառակն է, որ տեղի կ՛ունենայ. քաղաքական շահագրգռութիւններէն մեկնիլ եւ հասնիլ մշակութային վերածնութեան»:

Ասոնք թեթեւօրէն ըսուած թեթեւ խօսքեր չեն, այլ` արդէն հանրային պատասխանատուութիւններ ստանձնած եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու տաժանքին զինուորագրուած գործօն տարրերու յայտագիրներ, որոնց կենսագործման համար, գիտենք, կը տեսնենք մեր աչքերուն առջեւ, որ ճիգ չեն խնայեր մեր երիտասարդները, կ՛աշխատին իրենց անմիջական շրջապատին, իրենցմէ անմիջապէս ետք եկողներուն ճանչցնել, անոնց մտքին ու հոգիին մէջ կեանքի վերածել մեր ճշմարտութիւնը, իրաւունքը, արդարութիւնը, այնպէս` ինչպէս ըրին իրենց արիւնին ու կոչումին խռովքը զօրութեամբ ապրած ու ըստ այնմ գործած, երկնած նախորդները:

Մեր կեանքը, հակառակ կարգ մը երիտասարդ ծերերու ծե՛ր ակնոցներուն եւ հինի ու նորի պատրաստի հարցը շահարկելու տրամադիր հատուկտոր միւս տարրերուն, երիտասարդ բջիջներով կը ղեկավարուի այսօր, եւ պզտիկ հաճոյք մը չէ հայ մարդուն համար տեսնել բոլորովին նոր տղաք, որոնք ըսելիք խօսք ունին եւ` խօսքը գործի վերածելու կորով:

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 20

Վարդանանց ճակատամարտը, 451-ին, Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափին, պարսից անհաւասար ուժին դէմ, գիտակից մահուամբ, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց, սպարապետ Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի եւ Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ, մեր ազգի ինքնութեան խորհրդանիշ է: Կը նշուի Բուն Բարեկենդանի նախորդող հինգշաբթի օրը:

— 1909.- Մարտիրոս Չարուխճեանի նահատակութիւնը Պարսկաստանի ազատագրական շարժման կռիւներու ընթացքին:

– 1936.- Մահ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի:

– 1988.- Արցախեան առաջին ցոյցը Երեւանի մէջ:

– 2007.- Մահ բանաստեղծ Զահրատի: Ծնած է 1924-ին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Գիրք Նուիրելու Օր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?