Հեռաձայնը Աշխարհի Մէջ
Պաշտօնական վիճակագրութեան մը համաձայն, որ պատրաստած է ամերիկեան հեռաձայնի եւ հեռագրի ընկերութիւնը, ամերիկացիք ամէնէն շատ հեռաձայն գործածող անձերն են աշխարհի մէջ: Այսպէս` 1968-ի ընթացքին (վիճակագրութիւնը պատրաստուած է այդ թուականի տուեալներուն հիման վրայ), ամերիկացիները միջին հաշուով տարեկան 701 հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած են: Քանատացիները nկը գրաւեն երկրորդ տեղը` 629,9, իսկ իսլանտացիները երրորդը` 632:
Հեռաձայնի թիւի տեսակէտով եւս Ամերիկա առաջին դիրքի վրայ կու գայ, քանի որ ունի 109.256.000 հեռաձայնի գործիք: Երկրորդ եւ երրորդ տեղերը կը գրաւեն Ճափոն եւ Անգլիա, առաջինը` 20.525.000, իսկ երկրորդը 12.901.000 հեռաձայններով: Ամէնէն քիչ հեռաձայն ունեցող վայրերէն է Փիթքէյրն կղզին, Հարաւային Խաղաղականի մէջ, ուր հազիւ 15 գործիք կայ:
Շահեկան են նաեւ տոկոսի թիւերը: Հարիւր անձի հաշուով Ամերիկա 54,02 հեռաձայն ունի, որով առաջին տեղը կը գրաւէ աշխարհի մէջ, որուն միջինը 6,8 է: Բարձր տոկոս ունեցող միւս երկիրներն են` Շուէտ 51,76, Զուիցերիա 43,42, Քանատա 42,12, Նոր Զելանտա 41,56, Դանիա 30,88, Աւստրալիա 28,20, Նորվեկիա 27,02, Անգլիա 23,26, Հոլանտա 22,80, Ֆինլանտա 21,50:
Ասիոյ մէջ ճափոնցիները ամէնէն շատ հեռաձայն ունեցողներն են: Հարիւրի վրայ միջին տոկոսը 20,12 է: Ափրիկէի մէջ Հարաւային Ափրիկէն է, որ իր 7,29 տոկոսով առաջին տեղը կը գրաւէ (առանց հաշուելու Ասանսիոն կղզիներունը, որ ունի 17,53 տոկոս): Ուրուկուէյ իր 7,25 տոկոսով առաջին դիրքի վրայ կու գայ Հարաւային Ամերիկայի մէջ (հաշուի չէ առնուած Ֆալքլանտ կղզիներունը, որ 22,72 է): Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ Պերմիւտն է, որ ամէնէն շատ հեռաձայնները ունի, քանի որ 50,84-ի միջին մը կը ներկայացնէ, իսկ Միջին Արեւելքի բարձրագոյն տոկոսը Իսրայէլի կը պատկանի` 14,42:
Ֆրանսա 7,5 միլիոն հեռաձայնի գործիք ունի, ինչ որ 14,98-ի միջին մը կը ներկայացնէ հարիւր անձի վրայ: Այս միջինը 18,65 է Արեւմտեան Գերմանիոյ, 14,37 է Իտալիոյ եւ 11,44 է Սպանիոյ մէջ:
Աւելցնենք, որ Հայաստանի միջինը, միջազգային աստիճանով, տկար է, քանի որ, համաձայն Հայաստանի կապի նախարար Թադեւոս Մինասեանցի, 1969-ին, երկրին հարիւր բնակիչի հեռաձայնի միջին տոկոսը եղած է 9-ը (Երեւանի մէջ` 10): Ներկայիս Հայաստանի հեռաձայններու թիւը 141.000 է:
Համաձայն Թ. Մինասեանցի, հեռախօսի միջին տոկոսով Հայաստան հինգերորդ տեղը կը գրաւէ Խորհրդային Միութեան մէջ, իսկ ինքնաշխատ գիծերու տարողութեամբ կը գրաւէ առաջին երկու տեղերէն մէկը:
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 17
– 439.- Մահ Մեսրոպ Մաշտոցի. հայ գիրերու ստեղծիչ եւ հիմնադիր հայ գրականութեան:
– 1673.- Մահ ֆրանսացի հանճարեղ երգիծաբան Մոլիէռի:
– 1888.- Մահ Ծերենցի (Յովսէփ Շիշմանեան):
– 1916.- Հայ կամաւորներու առաջնորդութեամբ ռուսական բանակին կողմէ Կարնոյ գրաւումը:
1948.- Մահ գրագէտ, քննադատ եւ ուսուցիչ Յակոբ Օշականի:
– 1951.- Մահ երաժշտագէտ եւ երգահան Նիկողայոս Տիգրանեանի:
