Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1970)

Փետրուար 14, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թուրքիա Եւ Միացեալ Նահանգներ

Երկու լարի վրայ խաղալու քաղաքականութիւնը սկսած է մտահոգել թուրքերը:

Յիսուն տարի առաջ Մուսթաֆա Քեմալ Ռուսիոյ հետ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու ճամբան էր բռնած` պայքարելու համար դաշնակիցներուն դէմ, որոնք գրաւած էին օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը, Կիլիկիան եւ այլ շրջաններ: Յոյները Զմիւռնիա ցամաք ելած` կը յառաջանային դէպի Անգարա:

Լենին դարձաւ գլխաւոր զինակիցը Քեմալի, որուն ընձեռեց նիւթական ու ռազմական ամէն աջակցութիւն` ապահովելով անոր վերջնական յաղթանակը:

Երկուքն ալ կը կռուէին «իմպերիալիզմ»-ի դէմ: Իրենց համար ամէնէն ահարկու «իմպերիալիստ»-ն էր Հայաստանի Հանրապետութիւնը, զոր 1920-ի դեկտեմբերի սկիզբը բաժնեցին իրարու միջեւ: Թիկունքը ապահոված` Մուսթաֆա Քեմալ յաջորդ տարին Ֆրանսան դուրս քշեց Կիլիկիայէն ու իր ամբողջ ուժը կեդրոնացուց յոյներուն դէմ, զորս ծով թափեց Զմիւռնիոյ մէջ, 1922 սեպտեմբերին:

Այս վերջին գործողութեանց մէջ, բացի պոլշեւիկներէն, իրեն աջակցեցան երէկի թշնամի դաշնակիցները:

Թուրքեւպոլշեւիկեան սիրաբանութիւնը կը շարունակուի յիսուն տարիէ ի վեր:

Սակայն հանգիստ չէ սիրտը թուրքերուն, որոնք դարերով ապրած են «Մոսկոֆ»-ի սարսափին տակ:

Հակառակ բարեկամական ամէն կարգի արտայայտութեանց եւ նիւթական շօշափելի աջակցութեանց` գործարաններու կառուցում, առեւտրական փոխանակութիւններ, եւ այլն թուրքերը միշտ կասկածով վերաբերեցան իրենց հիւսիսի հարեւանին հանդէպ: Անոր հարթիչ գլանը մղձաւանջի մը պէս կը խանգարէ իրենց քունը:

Թուրք «մէհմէտճիք»-ը չի մոռնար երբեք, որ «Մոսկոֆը յաւիտեան թշնամի է»:

Այդ յաւիտենական թշնամիին դէմ պաշտպանուելու համար է, որ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Անգարայի կառավարութիւնը, «հալք»-ի միահեծան իշխանութեան օրով, մօտեցաւ Միացեալ Նահանգներուն եւ մտաւ անոր թեւարկութեան տակ:

1947-ի Թրումընի վարդապետութիւնը շահագործեց բանակը վերակազմելու եւ արդիական զէնքերով օժտելու համար: Մտաւ ՕԹԱՆ-ի մէջ: Յետոյ նաեւ կնքեց շուրջ հարիւր համաձայնագիրներ Ամերիկայի հետ` ապահովելու համար երկրին պաշտպանութիւնը հաւանական յարձակումներու դէմ:

Յիշեալ համաձայնագիրներով թուրքերը բոլորովին անձնատուր կ՛ըլլային ամերիկացիներուն, որոնք իրաւունք պիտի ունենային օգտագործելու թրքական բանակը, օդանաւերը, միջուկային հրթիռ արձակելու կայանները եւ այլն:

Երկուքուկէս տարի առաջ մաս մը համաձայնագիրեր վերաքննուեցան: Թուրք սպաները որոշ իրաւունքներ ստացան ծանօթանալու նոր զէնքերու գործածութեան եւ իրենց ձայնը ունենալու հրթիռներու արձակման եւ զինուորական հաւանական այլ գործողութեանց մէջ:

Այժմ կառավարութեան ընդդիմադիր կուսակցութիւնները իրենց թերթերով, ու ամէնէն առաջ` «Հալք»-ի կուսակցապետ Իսմէթ Ինէօնիւ, հրապարակը կ՛աղմկեն` վտանգ մը տեսնելով Ամերիկայի հետ գործակցութեան մէջ: Ու կը պահանջեն վերաքննել խնդրոյ առարկայ բոլոր երկկողմանի համաձայնագիրները` ամերիկեան թեւարկութենէն ձերբազատելու համար Թուրքիան:

ՀՐԱՆՏ – ՍԱՄՈՒԷԼ

——————————–

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 14

– 1882.- Ծնունդ գրագիտուհի Հայկանուշ Մառքի: Մահացած 1966-ին:

– 1884.- Մահ բանահաւաք եւ բանասէր Սիմոն Ճուլարտեանի: Ծնած էր 1811-ին:

– 1909.- Ծնունդ գրականագէտ, թատերագէտ, գրող եւ բառարանգիր Գառնիկ Ստեփանեանի: Մահացած 1989-ին:

– 1925.- Ծնունդ լեզուաբան Սերգէյ Աբրահամեանի:

Տեառնընդառաջը Յիսուսի տաճար ընծայաբերման տօնն է, կը նշուի Սուրբ Ծնունդէն քառասուն օր ետք:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Փետրուար 2020)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?