Յուշամատեան
Ժիպէյլի Ամերիկեան Որբանոցի
1920-1925
Ժիպէյլի նախկին սաներու հրատարակութեամբ, Համազգայինի տպարանը վերջերս լոյս ընծայեց գեղեցիկ ու խնամուած այս հատորը, որուն ընթերցումը առանձին շահեկանութիւն մը կը ներկայացնէ:
Սխալ պիտի ըլլար, խորագիրէն դատելով, կարծել, որ գիրքը սահմանուած է ընթերցողներու մասնաւոր հատուածի մը. այս պարագային` Ժիպէյլի որբանոցին մէջ հասակ նետած նախկին սաներուն: Իրականութեան մէջ Յուշամատեանը ընդհանուր ու հարազատ մէկ պատկերացումն է թրքական ոճրածին ջարդերէն ճողոպրած բազմահազար մանուկներու եւ պատանիներու պատկանող այն լայնատարած որբաշխարհին, որուն կարեւորագոյն եւ կենսունակ օճախներէն մէկն է հանդիսացած Ժիպէյլը:
Ծանօթ է, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմը աղիտալի եւ անդարմանելի կորուստներ պատճառեց հայութեան, որ տեղահան եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ նախածրագրուած ցեղասպանութեան: Այս բոլորին հետեւանքով շուրջ մէկ ու կէս միլիոն հայեր զոհ գացին թրքական բարբարոսութեանց եւ նոյնքան մը եւս բռնադատուելով դուրս գալ իրենց պապենական օճախներէն` կրեցին պատերազմի եւ տարագրութեան արհաւիրքները: Ասոնց մէջ մեծ թիւ մը կը կազմէին որբացած մանուկներն ու պատանիները, որոնք դատապարտուած էին անկասկած բաժնելու դժբախտ ճակատագիրը իրենց անհետացած ծնողներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն, եթէ օգնութեան ձեռքեր չերկարէին պաշտպանութեան տակ առնելու համար այդպիսիները:
Այսպիսի նախախնամական դեր կատարելու կոչուած մեծագոյն կազմակերպութիւնը հանդիսացած է «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց»-ը, որ 1915-էն ի վեր գործող ամերիկեան քանի մը բարեսիրական յանձնախումբերու միացումով կազմուած է:
Զուտ մարդասիրական նպատակներով գործող այս հաստատութիւնը յաջողած է իր շուրջ համախմբել պետական, քաղաքական, մտաւորական ու հանրային բազմաթիւ յայտնի անձնաւորութիւններ եւ ստեղծել նիւթական ու տնտեսական լայն միջոցներ, որոնց շնորհիւ, ամբողջ 15 տարի, 1915-1930, իսկական առումով փրկարար գործ է տեսած Արեւելքի երկիրներուն մէջ: Նպաստամատոյցը Թուրքիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի, Պարսկաստանի, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Իրաքի մէջ հաստատած իր կեդրոններուն միջոցաւ շուրջ մէկ միլիոն աղէտեալներու կարիքները կը հոգայ` անոնց հայթայթելով պատսպարան ու հաց, դպրոց եւ ուսում, հիւանդանոց եւ դեղ, աշխատանք եւ ապրելու յոյս… Այս բոլորին համար, նուիրահաւաքումով եւ ամերիկեան կառավարութեան յատկացումով, Նպաստամատոյցը գոյացուցած է 116 միլիոն տոլարի հսկայական գումարը` մեծ մասամբ ծախսուած հայերու վրայ:
Նպաստամատոյցի ընդհանուր գործունէութեան մէջ, սակայն, առանձին նշանակութիւն մը ունի որբանոցային եւ կրթական բաժինը: Այսօր, ընկերային ու տնտեսական յարաբերաբար բարգաւաճ մեր կացութեան մէջ, յաճախ չենք անդրադառնար, որ վերապրող ու սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ ազգային ու մշակութային վերելք ապրող հայութիւնը մեծ մասամբ հարկատու է երբեմնի որբանոցներուն: Այս մասին համոզուելու համար կը բաւէ թերեւս յիշատակել, որ ստոյգ ոչնչացումէ փրկուած հայ տղոց ու աղջիկներու թիւը, միմիայն ամերիկեան Նպաստամատոյցի
որբանոցներուն մէջ հասած է 132.000-ի:
Ահա այդ որբանոցներէն, հայութեան վերընձիւղման ածուներէն մէկուն` Ժիպէյլի պատմութիւնն է, որ այսօր 325 մեծադիր էջերէ բաղկացած եւ ճոխօրէն պատկերազարդուած հատորով մը հանրութեան կը ներկայացուի անոր նախկին սաներուն կողմէ` իբրեւ իսկական յուշամատեան անցեալի քաղցր ու դառն ապրումներու, տխրութեան ու հրճուանքի պահերու, վերապրելու եւ գոյատեւելու անխորտակելի հաւատքի:
Նպաստամատոյցի ընդհանուր գործունէութիւնը ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք, յուշամատեանը յատկապէս կը ծանրանայ Ժիպէյլի որբանոցի ներքին կեանքին եւ հոն տիրող մթնոլորտին վրայ: Գրքին այս բաժինը կարելի չէ կարդալ առանց յուզուելու: Հոն կը տողանցեն «մանկութիւն չունեցող» հարիւրաւոր որբեր` իրենց անցուցած մղձաւանջներով ու անոնց ամէնօրեայ յաճախանքով, յոյզերով ու յոյսերով: Որբերը կը տողանցեն իրենց ցեղին անցած տառապալից ճամբաներով. կը տողանցեն նաեւ հաստատ քայլերով, առնական, ժամանակէն առաջ հասունցած, գիտակից, մեծցած մտքով եւ հոգիով: Հետզհետէ Ժիպէյլի մասին ընթերցողը սովորական որբանոցներէն տարբեր պատկերացում մը կը կազմէ: Կարծէք հոս որբանոց չկայ, այլ` իւրայատուկ աւան մը, ուր 1500 տղաք, մահուան յաղթած, կը պատրաստուին նաեւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու: Կը ստանան ուսում, տարրական եւ միջնակարգ` շարունակելու համար զայն համալսարանէն ներս: Կը սորվին արհեստներ` դառնալու համար վաղուան ճարտար արհեստաւորներն ու մասնագէտները: Կը մարզուին եւ կը կազմակերպեն ողիմպիականներ եւ այլ մարզախաղեր` շահելու համար ախոյեանութիւն: Կ՛ունենան մշակութային ձեռնարկներ, կը հրատարակեն ամսագիրներ («Հոսանք», «Տուն») հայ գրականութեան եւ մշակոյթի կալուածին մէջ իրենց առաջին քայլերը նետելու համար: Եւ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք այն ազգայնաշունչ ոգին, որ իրենց մատաղ, բայց տառապալից տարիներուն թրծած էր իրենց հոգին, եւ որ բորբոք կը պահուի շարք մը գաղափարապաշտ դաստիարակներու կողմէ, կը հասկցուի, թէ կեանքի պայքարի ու հայրենասիրական ինչպիսի՛ դարբնոց է հանդիսացած Ժիպէյլը, որմէ դուրս եկող սերունդը տասնամեակներէ ի վեր ահա գործօն ու ղեկավար ներկայութիւն մըն է գաղութահայ մեր հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Հետաքրքրական ու անպայման օգտակար գործ պիտի ըլլար, Ժիպէյլի յուշամատեանին օրինակով, կազմել պատմութիւնը բոլոր այն որբանոցներուն, որոնք Եղեռնի վաղորդայնին հաւաքած ու պատսպարած են, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ, հարիւր հազարաւոր տղաք ու աղջիկներ:
Որովհետեւ ատիկա պիտի ըլլար պատմութեան առաջին գիրքը վերածնուող հայութեան:
Ե. ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 11–
– 1818.- Ծնունդ պատմաբան, փիլիսոփայ եւ լեզուաբան Անտոն Գարագաշեանի: Մահացած 1903-ին:
– 1846.- Մահ բանասէր, բառարանագիր եւ թարգմանիչ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Սուքիաս արքեպիսկոպոս Սոմալեանի: Ծնած է 1776-ին:
– 1847.- Ծնունդ ամերիկացի գիւտարար Թոմաս Էտիսընի: Մահացած 1931-ին:
– 1884.- Ծնունդ հնագէտ եւ պատմաբան Աշխարհբէկ Քալանթարի: Մահացած 1942-ին:
– 1979.- Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակը: