Համազգային Պուրճ Համուտ
Արտասահմանեան Մամուլը (1915-1970)
(Զրոյց Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի Հետ)
Արտասահմանի Հայ մամուլի մասին խօսելու համար ուրիշ մէկը կարելի չէր նկատի ունենալ, եթէ ոչ` գաղութիս երիտասարդ մտաւորականներէն Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը:
«Զրոյց մտաւորականութեան հետ» կիրակնօրեայ զրոյցներու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 փետրուարին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի «Արուեստի սրահ»-ին մէջ: Դասախօսը պատմականը ըրաւ, քանի մը խօսքով, հայ մամուլի ծագման, սկսած 1795 թուականին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ լոյս տեսած «Ազդարար» թերթէն, Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի անձնական ջանքերով:
«Արեւմտահայերը աւելի կանուխ թերթ հրատարակած են, քան` արեւելահայերը», նշեց Ա. Տէր Խաչատուրեան եւ ըսաւ, որ առաջին արեւելահայ թերթը տպուած է Կովկաս, 1840 թուականին:
Հետաքրքրական էր լսել այն հաստատումները, որ Հայ աւետարանական համայնքը արդէն իսկ ունեցած է իր թերթը դեռեւս 19-րդ դարուն` «Շտեմարան» եւ «Աւետաբեր»:
19-րդ դարու մեր մամուլին մէջ ամենակարեւոր դերը կատարած է «Մասիս» (1890), որ եղած է նախ` ամսաթերթ, խմբագրապետ ունենալով Գրիգոր Զոհրապը: Այս թերթը կը փոխէ իր խմբագիրը 1898-ին: Կարեւոր թերթերէն կարելի է յիշել Պոլսոյ «Բիւզանդիոն»-ը (խմբագրապետ` Բիւզանդ Քէչեան), «Հիւսիսափայլ»-ը, «Մշակ»-ը: Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն մէջ եւս հայ մամուլը ունեցած է իր տեղը, ինչպէս` «Արծուիկ Վասպուրական»-ը: 1907-ին, Ազգ. սահմանադրութենէն ետք, գաւառի մէջ կը սկսի զարթնում մը: Կարելի է յիշել անունները կարգ մը թերթերու, որոնք բաւական լաւ պատկեր մը կու տան օրուան շարժումին շուրջ: «Աշխատանք», «Բիւթանիա», «Եփրատ», «Յառաջ», «Նոր Այգ», «Փարոս», «Փեթակ», որոնք դադրած են 1915-ի ջարդերուն հետ:
***
1915-էն ետք արտասահմանի հայ մամուլը զարգացած է մասնաւորաբար երեք թեւով. Ամերիկա, Ֆրանսա, Լիբանան: Ամերիկայի մէջ մեր մշակոյթին մեծապէս նպաստած է հրատարակումը «Հայրենիք» թերթին (1899` Պոսթընի մէջ) եւ «Հայաստանի Կոչնակ» (նոր դադրած է լոյս տեսնելէ): Իսկ իբրեւ ամենահին արտասահմանեան թերթ` իրենց պատուական տեղը ունին Վենետիկի «Բազմավէպ»-ը եւ Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն, երկուքն ալ` Մխիթարեան հայրերու հրատարակութիւն, լուրջ բովանդակութեամբ:
Ֆրանսա եւս ունեցաւ իր մամուլը` շնորհիւ հոն ապրող խումբ մը զոհաբերող մտաւորականներու եւ գրագէտներու: «Յառաջ» 1925-ին Շաւարշ Միսաքեանի ջանքերով լոյս կը տեսնէ: «Զուարթնոց» գեղարուեստական բովանդակութեամբ թերթը` Հրանդ Բալուեանի խմբագրապետութեամբ: Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ»-ը, պէտք է յիշել «Մենք»-ը, որուն շուրջ հաւաքուած էին տաղանդաւոր գրողներ: Սիմոն Վրացեան կը հրատարակէր «Վէմ»-ը (1924-ին), Բիւզանդ Թոփալեան «Անդաստան»-ը, իսկ Մկրտիչ Պարսամեան` «Կեանք եւ Արուեստ»-ը:
***
Եգիպտոսի մէջ մնայուն ամսաթերթ չենք ունեցած: Օրաթերթերէն կը մնան միայն «Յուսաբեր»-ը (Վահան Նաւասարդեանի, Գուրգէն Մխիթարեանի ջանքերով լոյս տեսած, որ այսօր իր գոյութիւնը կը շարունակէ` շնորհիւ ականաւոր մտաւորական Բ. Թաշեանի) եւ «Արեւ»-ը:
Պաղեստին կը ներկայանայ միայն «Սիոն»-ով` իբրեւ պաշտօնաթերթ Ս. Յակոբեանց վանքին:
***
Անդրադառնալով Սուրիա-Լիբանան մամուլին` զրուցաբերը իբրեւ առաջին թերթ յիշատակեց «Տարեգիր»-ը, 1918-ին լոյս տեսած, «Հայ Ձայն»-ը, որ փոխադրուած է Ատանա` 1920-ին: Հալէպի մէջ իբրեւ թերթ լոյս տեսած են ձեռագիր եւ խմորատիպ թերթեր, աշակերտական գործեր: Սակայն հետզհետէ մամուլը ստացած է լուրջ հանգամանք, երբ լոյս տեսած է Անդրանիկ Ծառուկեանի հրատարակած «Նայիրի»-ն: Իբրեւ սուրիահայ թերթ կան` «Եփրատ»-ը, «Արեւելք»-ը, որոնք լոյս չեն տեսներ ներկայիս, բացի «Հայ Ծերանոց» տեղեկատու ամսաթերթէն:
***
Տէր Խաչատուրեան յիշեց լիբանանեան առաջին թերթը «Լիբանան» (1924, խմբագիր Ժոզէֆ Աճէմեան), յետոյ` «Փիւնիկ», «Նոր Փիւնիկ», «Ազդակ», «Երիտասարդ Հայուհի», «Զարթօնք», «Արարատ», «Հասկ», «Աւետիք», «Առաւօտ», «Հայ Գիր», «Ծիածան», «Ազդարար», «Ակօս», «Անի», «Այգ», «Սփիւռք», «Շիրակ» եւ «Բագին» թերթերը:
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 5
– 1879 – Ծնունդ ճարտարագէտ եւ գիւտարար, գունաւոր պատկերասփիւռի յայտնագործող Յովհաննէս Ադամեանի, Պաքու: Մահացած` 1932-ին, Լենինկրատ (Փեթերսպուրկ):
– 1999 – Մահ նկարիչ Ռուբէն Յովնաթանեանի, Երեւան: Ծնած` 1940-ին, Երեւան: