Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1970)

Փետրուար 3, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Բաժակը Յորդեցաւ

Կիրակիինը գլեց անցաւ բոլոր նախընթացները:

Խուժան մը, մարդկային ամէնէն տարրական զգացումներէն զուրկ, հեղեղի պէս խորտակեց Մարզաւանի երկաթեայ ցանկապատը եւ վայրագօրէն նետուեցաւ ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն վրայ, որոնց միակ յանցանքը եղած էր պարտութեան մատնել մրցակից խումբը:

Մարզական խաղերու ընթացքին դէպքեր միշտ ալ կը պատահին: Գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ: Յաճախ մարզիկներ իրարու կը բռնուին: Հանդիսականներու մէջ կռիւ կը ծագի: Բայց` միայն այդքան: Երբե՛ք չէ լսուած կամ տեսնուած, որ ամբոխ մը, ստահակներու հորդայ մը, մէկ մարդու պէս, ոստիկան – զինուորներու անտարբերութենէն քաջալերուած, քարերով, բիրերով եւ ածելիներով յարձակի մարզիկներու վրայ, խոշտանգէ ու, տակաւին, ժամ մը ամբողջ, գազազած, հոս հոն վազէ զոհեր փնտռելու համար:

Խօսք չունինք մարզիկները խոշտանգող անոպաներու մասին: Այս երկրին կեղտն են անոնք, մարդկութեան ամէնէն ստորին աստիճաններուն վրայ գտնուող խռովարարներ, որոնք մարզուած են միայն քանդումի համար:

Մեր խօսքը կ՛երթայ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որ իրաւականօրէն միակ պատասխանատուն է այն բոլոր դէպքերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան մարզադաշտերու վրայ: Եթէ պատասխանատու մարմինին անդամները այս անգամ եւս զանազան նկատառումներով մօտենան հարցին, գիտակցաբար փորած պիտի ըլլան մարզական շարժումին գերեզմանը այս երկրին մէջ:

Հարուածը պէտք է իջնէ ուժգին, անխնայ: Միայն այդ ձեւով պատասխանատուները պիտի կրնան թեթեւցնել իրենց անհեռատեսութեան պատճառով ստեղծուած դէպքին ծանրութիւնը:

Այլապէս, վա՜յ իրենց, ու մանաւանդ ափսո՜ս լիբանանեան ֆութպոլին, որ իր հոգեվարքը կ՛ապրի:

 

Արդար Գնահատանք Նշան Պէշիկթաշլեանի

Ծանօթ Գրագէտին «Թատերական Դէմքերը»
Արժանացան «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»-ին

«ԳէՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ»-ի  դատակազմի դիւանէն ստացանք 26 յունուար 1970 թուակիր հետեւեալ յայտարարութիւնը` առ ի հրատարակութիւն.

«ԳէՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ»-ի դատակազմը այսու կը յայտնէ, որ 4 դեկտեմբեր 1968-ի իր նիստին ներկայացուած գործերուն մէջէն մրցանակի արժանի համարեց գրագէտ Նշան Պէշիկթաշլեանի «ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ» անուն ծաւալուն աշխատութիւնը:

«ԳէՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ»-ի պայմաններուն համաձայն, գրագէտ Նշան Պէշիկթաշլեանին յատկացուեցաւ 1000 լիբանանեան ոսկիի պարգեւը եւ ձեռագիրները յանձնուեցան տպագրութեան:

Պատկերազարդ եւ 1150 մեծադիր էջերէ բաղկացած մեծածաւալ այս գործին խնամուած տպագրութիւնը աւարտեցաւ 1970 յունուար 20-ին:

Ըստ «ԳէՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ»-ի պայմաններուն, 500 օրինակ պիտի ղրկուի հեղինակին, իսկ դատակազմին տրամադրութեան տակ դրուած օրինակներէն պիտի ուղարկուի Հայաստանի եւ սփիւռքի մշակութային բոլոր հաստատութիւններուն, մամուլին եւ գրական ու մտաւորական ծանօթ դէմքերուն:

ԴԻՒԱՆ
ԳէՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ
ԴԱՏԱԿԱԶՄԻՆ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ»-ի

——————————–

ՕՐԱՏԵՏՐ                                              ՓԵՏՐՈՒԱՐ 3

– 1933 – Մահ Յակոբոս վարդապետ Տաշեանի: Ծնած` 1866-ին, Կարնոյ շրջակայ Արծաթի գիւղը. 1985-ին միացած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան եւ 1889-ին ձեռնադրուած կուսակրօն քահանայ: Հեղինակ է մեծարժէք աշխատութիւններու` «Ակնարկ մը հայ հնագրութեան վրայ», «Ուսումն դասական հայերէն լեզուի», «Բառախօսական դիտողութիւններ հայերէն գիտական լեզուի մասին», «Հայ բնակչութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Կարին», «Հայ ազգի տարագրութիւնը», «Հայեր եւ ուրարտեանք», «Հին Հայաստանի արեւմտեան սահմանը» եւ «Ցուցակ ձեռագրաց մատենադարանին Մխիթարեանց ի Վիեննա»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ-Թաթարական Ընդհարումներու Մարտական Եւ Գաղափարա-Քաղաքական Խորհուրդը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?