Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնը
Անթիլիասի Մէջ
Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից յիշատակը այս տարի նշուեցաւ յատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններով, երեքշաբթի, 3 փետրուար, կաթողիկոսարանիս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Առաւօտ կանուխ մայր տաճարի երկու դասերուն մէջ խմբուած էին Լիբանանի թեմի տասնեւութ քահանայ հայրերը: Շարականները դաշն ու եկեղեցիկ կերպով երգուեցան դպրեվանուց ժառանգաւորներու կողմէ: Արարողութեանց կը նախագահէր Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Ս. պատարագը քահանայական զգեստաւորումով մատոյց կաթողիկոսարանի դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպս. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Յովհան Մանդակունիի սա՛ խօսքը. «Քահանայն իբրեւ ակն ի մարմնի է ի մէջ ժողովրդոց»: Վերլուծեց Ղեւոնդեանց գաղափարական այն աշխարհը, որ իրենց մարտիրոսութեան հիմնական զսպանակը հանդիսացաւ: Ղեւոնդ Երէցը ներկայացուց իբրեւ աչք` բացուած հայ ժողովուրդին խղճին եւ կեանքին մէջ, Ե. դարուն, իբրեւ ճշմարիտ եկեղեցական մը, որուն մէջ քրիստոնէական հաւատքին, հայոց հայրենիքին եւ հայ մշակոյթին հանդէպ նախանձախնդրութիւնը իր ամենաբուռն, գերագոյն աստիճանի արտայայտութիւնը գտած էր: Յատկապէս ընդգծեց սրբազան հայրը, որ` «Ղեւոնդ Երէցը պէտք չէ միայն պատկերացնել Աւարայրին վրայ, խաչն ի ձեռին, Կարմիր Վարդանի կողքին, այլ նաեւ` հայ թարգմանիչներէն մէկը, որ Աւարայրի վրայ խաչը բարձրացնելէ առաջ գրի՛չ էր շարժած եւ մելան թափած, կրակէ՛ խօսք արտասանած, միտքեր ալեկոծած, ճշմարտութիւններ լուսաւորած եւ սուրբ Մեսրոպի դպրոցին մէջ հայ գիր ուսուցած հոգելից հայ հոգեւորական մը, որ երբ եկաւ ժամանակը, կրցաւ գրիչը մէկ կողմ ձգել եւ խաչը առած, Վարդանի կողքին` իբրեւ խրախոյս հայ զինուորներուն, ընթացաւ պատերազմի դաշտ»: Ապա շեշտը դնելով քահանայութեան բուն իմաստին վրայ` սրբազան հայրը ըսաւ. «Ղեւոնդ Երէց գիտէր ինքզինքը տալ, եւ այդ էր արդէն քահանայութեան գերագոյն իմաստը»:
Յետ պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` համայն հանգուցեալ քահանայ հայրերու հոգիներուն համար, եւ ապա թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վեհարան, ուր յանուն քահանայ հայրերուն խօսք առաւ Պսակ քհնյ. Եթարեան, որմէ ետք Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր այս գեղեցիկ առիթին համար, որ ընծայած էր իրեն եւ իրեն լծակից քահանայ հայրերուն` Ղեւոնդեանց յիշատակը մայրավանքէն ներս ոգեկոչելու համար: Դպրեվանքի սաներ մէջ ընդ մէջ երգեցին «Գոչեմք առ ձեզ, Արեգակն արդարութեան» շարականները եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Հուսկ ապա խօսք առաւ Խորէն Ա. կաթողիկոս եւ իր հայրական յորդորը տուաւ քահանայ հայրերուն. վեր առաւ իսկական քահանայութեան արժէքը, գնահատեց հայ մաքրակրօն քահանայութեան առաքինութիւնները, օրհնեց զիրենք եւ մաղթեց, որ ըլլան «մշակք առանց ամօթոյ» եւ հանդիսանան «քահանայք յաւիտեան ըստ կարգին Մելքիսեդեկի»:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» խմբերգով:
Կէսօրին դպրեվանուց սեղանատան մէջ վեհափառ հայրապետը իրեն սեղանակից ունեցաւ միաբանութիւնը, քահանայից դասը եւ դպրեվանքի ուսանողութիւնը:
ԹՈՐԳՈՄ ՍՐԿ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
——————————–
ՕՐԱՏԵՏՐ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 8–
– Սուրբ Սարգիս.- Կը նշուի Զատիկէն 63 օր առաջ: Սուրբ Սարգիս զօրավար, ապրած` Դ. դարուն, Քրիստոսի քաջ զինուոր էր եւ քրիստոնէական հաւատքի համար իր զաւկին` Մարտիրոսի եւ տասնչորս քաջ մարտիկներու հետ նահատակուած անյաղթ վկայ:
– 1828.- Ծնունդ ֆրանսացի աշխարհագրագէտ եւ գրագէտ, արկածային գրականութեան, գիտա-երեւակայական գրականութեան հիմնադիրներէն Ժիւլ Վեռնի: Մահացած 1905-ին:
– 1877.- Ծնունդ թարգմանիչ, ասմունքող եւ բեմադրիչ Ստեփան Քափանակեանի: Մահացած 1944-ին:
– 1953.- Մահ արձակագիր եւ գրականագէտ Յովիկ Մելիքեանի: Ծնած է 1902-ին: