Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Սեպտեմբեր 1968)

Սեպտեմբեր 25, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վկայական Ու Վկայութիւն

Վերամուտի իրար խաչաձեւող յայտարարութիւններուն ի տես` մեր մամուլը սկսաւ լայն տեղ յատկացնել ազգային կրթութեան: Խմբագիր ու գրող ահազանգի մատնուած մարդոց տագնապով կ՛արտայայտուին այդ մասին ու անիրաւ չեն:

Յորմեհետէ պետական ծրագիրները պարտադիր դարձան մեր վարժարաններէն ներս, ազգային կրթութիւնը տարուէ տարի աւելի մտահոգիչ բնոյթ մը ստացաւ:

Հիմա սերթիֆիքա կ՛ուզեն մեր տղոցմէ, պրըվէ, պաքալորէա: Ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ` բոլորը մէկ այդ մասին կը մտածեն հիմա եւ պետական քննութեանց արդիւնքներով կը գնահատեն աշակերտին ընդունակութիւնը, ուսուցիչին կարողութիւնը, դպրոցին վարկը:

Այս մտայնութիւնը անյարիր է մեր վարժարաններու ոգիին:

Պետական վկայականներուն դէմ չենք, նոյնիսկ անհրաժեշտ կը նկատենք զանոնք, բայց վկայականները, կրկնած ենք յաճախ, մեր վարժարաններուն հետապնդած նպատակներուն առանցքը չեն կազմեր, հայ վարժարանը հա՛յ վարժարան է ամէնէն առաջ, մայրենի լեզուին, պատմութեան ու գրականութեան հրաբո՛րբ գեղեցկութիւններով մեր արիւնին, մեր ջիղին, աշխարհը ըմբռնելու մեր կերպին առաջին ու վստահելի միա՛կ դարբնոցը:

Ուրիշ բովանդակութիւն մը տալ հայ վարժարանին` պիտի նշանակէր հերքել անոր գոյութեան իմաստը, դաւաճանել անոր կապուած յոյսերուն, յումպէտս վատնել եղած զոհաբերութիւնները:

Իրերու ներկայ դրութիւնը ուղղակի կը սպառնայ անոր մթնոլորտին, եւ ատկէ կը բխի հայ մտաւորականութեան անձկութիւնը, հակազդելու մղումը:

Ծնողքին, ուսուցիչին ու շրջապատի մարդոց կեցուածքներուն ընդմէջէն` հայ աշակերտը դպրոցի սեմէն ոտք դրած պահուն պէ՛տք է զգայ, գիտնայ, թէ ինք երկու աշխատանք ունի կատարելիք, մէկը իր անձին համար, միւսը` իր արիւնը կրող հաւաքականութեան, մէկը վկայականով պայմանաւոր, միւսը` վկայութեամբ:

Վկայականը կուտակած ծանօթութիւններուն համար, վկայութիւնը` մշակած առաքինութիւններուն բերումով: Առաջինը` քաղաքացին ապրեցնելու ծառայող սովորական միջոց, երկրորդը` ցեղային դիմագիծը անաղարտ պահելու յոյսը ներշնչող արժանեաց պսակ:

Ի՞նչ կ՛արժէ վկայականը, երբ զայն կրող տղան արժանի պիտի չըլլայ իր ժողովուրդին վկայութեան, պիտի չզգայ, չտրոփէ անոր հետ, պիտի չմասնակցի անոր անհատականութիւնը շարունակելու, զարգացնելու բուռն տագնապին:

Պ. Ս.

Քսան Ամիս Ետք,
Այս Քաոսէն…

Վերի քաոսէն դուրս պիտի գայ Պէյրութի ամէնէն գեղակերտ շինութիւններէն մէկը` «ռինկ»-ին կամուրջը, որուն հիմնարկէքը կատարուեցաւ կիրակի, նախագահ Հելուի կողմէ: Այն պողոտան, ուրկէ տակաւին քանի մը օր առաջ բազմահազար ինքնաշարժներ կ՛անցնէին, հիմա անգործածելի դարձած է: Քաղաքապետութեան համար դժուարութիւնը այն է, թէ ուրկէ՛ պիտի անցնին ինքնաշարժները, որպէսզի, մանաւանդ քանի մը շաբաթ ետք, երբ մարդիկ գիւղերէն իջած պիտի ըլլան, անքակտելի հանգոյցներ չկազմուին քառուղիներու վրայ: Ու այս` քսան ամիս շարունակ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի «Տիսքոթեքները»

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?