Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1968)

Սեպտեմբեր 11, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Եալթա Պատճառ

Քսանեւչորս տարիէ ի վեր զօրավար տը Կոլ առիթ չի փախցներ իր ընդդիմութիւնը յայտնելու համար Եալթայի համաձայնութեան:

1944-ի նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթ, Խորհրդային Միութեան վարչապետ Եոսիֆ Ստալին եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ Եալթայի մէջ (Խրիմ) հաւաքուեցան` շահելու համար խաղաղութիւնը, երբ արդէն որոշ դարձած էր, որ շահած են պատերազմը:

Այդ թուականէն ասդին շատ բան գրուած է Եալթայի մասին: Հրատարակուած են բազմաթիւ յուշագրութիւններ, ոմանք գլխաւոր դերակատարներուն, ուրիշներ` խորհրդականներու կողմէ: Բոլորին ալ եզրակացութիւնը այն է, որ հիթլերական Գերմանիոյ դէմ պատերազմի իջած դաշնակիցները չկրցան շահիլ խաղաղութիւնը: Իբրեւ հետեւանք Ռուզվելթ-Ստալին համաձայնութեան, որուն արգելք չկրցաւ ըլլալ Չըրչիլ, հակառակ իր բոլոր ջանքերուն, աշխարհ բաժնուեցաւ երկուքի, որոնցմէ մէկուն` արեւմտեանին վրայ եթէ ամերիկեան ազդեցութիւնը խնամակալութեան բնոյթ ստացաւ, միւսին` արեւելեանին վրայ, սակայն, շատ չանցած իջաւ վարագոյր մը, որ Չըրչիլի իսկ որակումով (Ֆուլթըն, 1946) կոչուեցաւ «երկաթէ»:

Զօրավար տը Կոլ առաջին իսկ օրէն դէմ եղաւ Եալթայի համաձայնութեան. նախ` անոր համար, որ («իր հողային ամբողջականութեան եւ վեհապետական իրաւունքներուն վերատիրացած») Ֆրանսան չհրաւիրուեցաւ այդ ժողովին, ապա, որովհետեւ, այդ ժողովին արդիւնքը հիմնովին կը հակասէր «Ատլանտեանէն Ուրալ» Եւրոպայի մը իր երազին, որուն մասին յաճախ առիթը կ՛ունենայ արտայայտուելու:

Երկուշաբթիի իր մամլոյ ասուլիսին զօրավարը յիշեցուց, որ մերժած է հանդիպման հրաւէրը, որ իրեն ուղղուած է Ռուզվելթի կողմէ, Եալթայէն անմիջապէս ետք, երբ վերադարձի ճամբուն վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հանդիպած էր Ալժէ եւ հոն կանչած զօրավարը` խօսակցելու համար: Տը Կոլ, որ այդ օրերուն շատ դիւրազգած էր Ֆրանսայի վեհապետական իրաւունքներուն հետ առնչակից բոլոր հարցերուն նկատմամբ, հետեւեալ պատասխանը (կամ` մօտաւորապէս) ղրկած էր մահամերձ նախագահին:

– Երբ մէկը իմ տունս (Ֆրանսա) կու գայ, աթոռը պէտք է ես ցոյց տամ:

Ալճերիան այդ շրջանին Ֆրանսայի մէկ նահանգն էր եւ զօրավարը նախագահին հետ կ՛ուզէր տեսակցիլ իր ուզած տեղը, այսինքն` Փարիզ:

Հիմա, Չեխոսլովաքիոյ դէպքերուն առթիւ, որոնք աներկբայօրէն դատապարտուեցան տը Կոլի կողմէ` իբրեւ կոպիտ արտայայտութիւնը ամբողջատիրական գործելակերպի մը, Ֆրանսայի նախագահը Փրակայի ողբերգութեան սկզբնական պատճառը դարձեալ կը դաւանի Եալթայի համաձայնութիւնը, որ Ստալինին ազատութիւն կու տար, գոնէ լռելեայն, իր տիրապետութիւնը հաստատելու Եւրոպայի գրեթէ կէսին վրայ:

Քաղաքական ծառը կը դատեն իր պտուղէն` ըսուեցաւ վերջերս, երբ դարձեալ խօսք կ՛ըլլար համայնավար վարչակարգին մասին: Յայտնապէս տը Կոլ իրաւունք ունի չարիքին արմատը տեսնելու Եալթայի մէջ, ուր Ռուզվելթ աղէտալիօրէն լաւատես եղաւ եւ իտէալապաշտ (քանի մը ամիսէն պիտի մեռնէր), Ստալին` սովորականին պէս խորամանկ (գիտցաւ շոյել Ռուզվելթի ինքնասիրութիւնը), Չըրչիլ յստակատես (բայց անզօր` աւագ դաշնակիցին առջեւ):

Երբ խորհրդային զօրքերը արշաւեցին Չեխոսլովաքիա, ու դարձեալ սեղանի վրայ եկաւ Եալթայի համաձայնութիւնը` բացատրելու համար Ուաշինկթընի կրաւորական դիրքը, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Տին Ռասք ուզեց հակազդել` յայտարարելով, որ Ամերիկա ինքզինք կաշկանդուած չի զգար Եալթայի համաձայնութեամբ, երբ այնքան բիրտ կերպով կը բռնաբարուի ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը: Չըսաւ սակայն, թէ ի՛նչ պիտի ընէ արգիլելու համար այդ բռնաբարումը: Ու արդէն բան մըն ալ չըրաւ: Ոմանք կ՛ըսեն` չի կրնար ընել, ուրիշներ, աւելի խիստ, չկամութիւն կը տեսնեն Ուաշինկթընի վերաբերումին` զանազան հաշիւներով:

Հետեւաբար տը Կոլ իրաւունք ունի, երբ կ՛ըսէ, որ մարդկութիւնը պէտք է ձերբազատել երկու գերհսկաներուն ազդեցութենէն:

Սակայն իրաւունք ունի նաեւ այն միւսը, որ տակաւին քանի մը օր առաջ մեզի կը հարցնէր, թէ «գիշերը ինչպիսի՞ աղմուկ կը նախընտրէք լսել ձեր քաղաքին մէջ. դրամատիրական ընկերութեան նիւթապաշտ վարորդներուն ինքնաշարժներուն աղմո՞ւկը, թէ՞ համայնավար ընկերութեան գաղափարապաշտ զինուորներուն հրասայլերուն աղմուկը»` յանգելու համար սա յուզիչ եզրակացութեան.

– Իրականութիւնը այնէ, որ պէտք չէ փոքր երկիր ըլլալ: Պէտք չէ տկար ըլլալ: Պէտք չէ աղքատ ըլլալ: Պէտք չէ սեւամորթ ըլլալ: Պէտք չէ չեխ ըլլալ:

Ճիշդ է, որ չեխերու ողբերգութեան պատճառած ցնցումին հետեւանք եղող դառնութեան մը արտայայտութիւնն է այս հաստատումը, բայց իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր:

Դժբախտաբա՛ր:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արեթա Ֆրանքլինին Մահը. Յաւերժութեան Ճամբան

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?