Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայ Համալսարանական
Ուսանողները

Խօսքը սփիւռքի հայ համալսարանականներու մասին է:

Գաղթաշխարհը հայ տարագիր բեկորներուն առջեւ բացաւ այլատեսակ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութեանց լայն պատուհաններ: Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հարաւային Ամերիկա, Միջին Արեւելք եւ դեռ ուրիշ վայրեր կրթական օճախներ կ՛ընծայեն մեր երիտասարդներուն` բարձրագոյն ուսման համար: Եթէ վիճակագրութիւն մը կազմուի, յստակօրէն երեւան պիտի գայ, որ համալսարան յաճախող հայ երիտասարդներուն թիւը երբեք այս համեմատութեան չէր հասած: Օրինակ մը տուած ըլլալու համար յիշենք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, ուր ամէն տարի կ՛ուսանին մօտ 500 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, այսինքն` ընդհանուր թիւին հարիւրին տասնհինգը:

Մեր գաղութներու կեանքի պայմանները տարուէ տարի բարելաւուեցան, եւ տնտեսական ապահովութեան հետ բարձրագոյն ուսման կարելիութիւններն ալ աւելցան քիչ մը ամէն տեղ: Հայ ուսանողութեան աճին ու վերելքին կարեւոր նպաստ բերին նաեւ զանազան կազմակերպութեանց, հաստատութիւններու եւ անհատներու հիմնած կրթաթոշակները: Ժամանակին ուսման ծարաւով տոչորող տղաներ ունէինք որոնք անօթի էին եւ ստիպուած` օրապահուստ ճարելու: Այսօր կը բաւէ քիչ մը խելք եւ ուսման փափաք ունենալ` համալսարանի մը դուռը որեւէ ձեւով բաց գտնելու համար:

Չափազանց ուրախալի երեւոյթ է անշուշտ հայ համալսարանականներու բանակը մեր կեանքին մէջ: Ոչ միայն ուրախալի, այլ` հպարտութիւն ներշնչող ուժի աղբիւր: Այլեւս հարկ չկայ մատի վրայ հաշուելու մեր երկրաչափները, բժիշկները, ճարտարագէտները, իրաւաբանները, տնտեսագէտները, պատմաբանները, ընկերաբանները, արուեստի եւ գրականութեան մասնագէտները: Անգլիական, ֆրանսական կամ ամերիկեան տիտղոսներով զինուած` անոնք ինքնավստահ կը մտնեն կեանքի ասպարէզ եւ շատ յաճախ կը տիրանան պատուաբեր դիրքերու:

Այս ամէնը` շատ լաւ, շա՛տ բարի: Պիտի ըսէք` ի՞նչ կը շահի հայ կեանքը, Հայ դատը, հայուն գոյապայքարը: Այս իսկ է բուն խնդիրը: Եւ պէտք է այս խնդիրը յաճախ խորհրդածութեան նիւթ դարձնել:

Հայ համալսարանականները, ուսանող թէ աւարտական, կարելի է երեք խումբի բաժնել: Առաջին խումբին մէջ կ՛իյնան անոնք, որոնք լեզուով եւ կրթութեամբ կտրուած են իրենց ազգէն, հետեւաբար նաեւ` անտարբեր անոր հանդէպ: Հայ են ծնունդով, բայց ոչ հոգիով: Կը պահեն իրենց հայու անունը, բայց խզած են զգացական ամէն կապ մեր անցեալին եւ ներկային հետ: Այս խումբին մէջ շատ ազնիւ եւ տաղանդաւոր անձեր կան հաւանաբար, որոնք պիտի երթան օտարին ճրագը լուսելու եւ օտարին փառքը աւելցնելու: Մեծ մասին ձգտումն է տեղ հասնիլ, դիրք շինել եւ փայլուն ապագայ մը ապահովել:

Երկրորդ խումբին կը պատկանին անոնք, որոնք գիտեն հայ լեզուն, սահուն կը խօսին ու կը գրեն, իրենց նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած են հայ վարժարանի մէջ, որոշ չափով ծանօթ են հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան, սակայն հեռու կը մնան հայկական շարժումներէ, չեն ուզեր գործօն մասնակցութիւն բերել հայկական ձեռնարկներու եւ կը ջանան օր առաջ վկայականի մը տիրանալ եւ դիրք գրաւել կեանքի ասպարէզին մէջ: Ասոնք իրենց ինքնամեկուսացումը արդարացնելու համար յաճախ պատրուակ կը ծառայեցնեն մեր կեանքի կուսակցական վէճերը, հատուածական անախորժ պայքարները, հայ մամուլին մէջ տեղ գտած անվայել քաշքշուքները եւ այլն: Ոչ մէկ կասկած, որ այս խումբին մէջ կան երիտասարդներ, որոնք ճշմարտութեան ծարաւի են, մշակուած միտք ունին եւ գիտեն լաւ դատել հայ իրականութեան սեւն ու ճերմակը, բայց կը զգուշանան դիրք գրաւելու` պայքարի ճակատներուն վրայ:

Եւ վերջապէս ունինք երրորդ խումբը, թիւով գուցէ ամէնէն սահմափակը, ուր հաւաքուած են «ուխտեալները», այսինքն անոնք, որոնք արդէն իսկ գաղափարական որոշ ուղի մը ընտրած են իրենց համար, կը հաւատան իրենց դաւանած սկզբունքներու արդարութեան եւ կը ձգտին անպայման իրագործել զանոնք:

Մեր Դատին ու պայքարին համար ամէնէն պիտանի, կենսական եւ գործօն խմբակն է այս վերջինը` իր հաւատքով, իր պատրաստութեամբ եւ զոհաբերութեան ոգիով:

Սփիւռքի տարածքին հայութեան զանգուածները շատ սպասելիքներ ունին հաւատաւոր եւ զինուորագրեալ այս համալսարանականներէն` ոչ միայն իբրեւ ղեկավար տարրեր, այլ նաեւ իբրեւ թթխմոր` հայ ուսանողներու անտարբեր բազմութիւնները եւս նոյն հաւատքով ու ոգեւորութեամբ վարակելու համար:

Ասիկա, սակայն, ամբողջ արուեստ մըն է: Համալսարանականը, ուր ալ գտնուի եւ ինչ ալ ուսանի, գիտակից անձ մըն է եւ հասուն միտք մը: Արդ, ճառն ու մոլեռանդ քարոզչութիւնը ներկայ ժամանակներուն հինցած զէնքեր են: Լայնախոհ մտածումի, տրամաբանութեան եւ փաստարկութեան ճամբան պէտք է ընտրել` անտարբերներու խումբէն ներս հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար:

Հայրենիքէն հեռու, հայրենի յուշերէ պարպուած նոր սերունդը ներկայիս աւելի մտքով հայրենասէր է, քան` սրտով: Որքան ալ տարօրինակ թուի այս բացատրութիւնը, չի դադրիր իրական ըլլալէ: Հետեւաբար մտքի ճամբով պէտք է մօտենալ թերահաւատ մեր տղոց եւ թոյլ տալ, որ համոզումը աստիճանաբար վերածուի հաւատքի:

Մեծ ուժ է համալսարանական հայ երիտասարդներու բանակը. ուժ մը, որ դժբախտաբար, Լիբանանի ջուրերուն պէս, մեծ մասամբ ծով կը թափի եւ չ՛ոռոգեր հայ կեանքին դաշտերը: Եւ այդ ջուրերուն վրայ պէտք եղած ուշադրութիւնը եւ հոգածութիւնը չենք կեդրոնացներ: Խոհեմ, իմաստուն եւ հետեւողական աշխատանքով միայն կարելի է Հայ դատին ու պայքարին կապել մեր համալսարանականներու հոգեկան ու մտաւոր հսկայ դրամագլուխը:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Անոր Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1920 – Գ.

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?