Տարեդարձներ
Միսաք Մեծարենց
(Մահուան 60-րդ Տարեդարձին Առթիւ)
Վաթսուն տարիներ առաջ, 1908-ին, յունիսի գիշեր մը Պոլսոյ մէջ աչքերը յաւիտենապէս կը փակէր 22 տարեկան երիտասարդ մը, որ մեր մեծագոյն բանաստեղծներու շարքին իր պատուոյ տեղը պիտի գրաւէր: Կէս դարը բաւարար է հեղինակի մը գործը վերջնականապէս թաղելու կամ անմահութեան կտակելու համար: Ժամանակի վճիռը եկաւ նուիրագործելու վաղամեռիկ քերթողին ինքնայատուկ տաղանդն ու արուեստագէտի բացառիկ զգայարանքը:
Իր հիւանդութեամբ եւ կեանքի տեւողութեամբ Պետրոս Դուրեանին ճակատագրակից այս տղան աշխարհէն մեկնեցաւ այնքան շուտ, որ հազիւ երկու տարի միայն (1906-1907) ժամանակ ունեցաւ ստեղծագործելու, հայ գրականութեան յանձնելով քերթուածներու երկու փոքրիկ հատորներ – «Ծիածան» եւ «Նոր տաղեր»: Բայց այդ քիչն ալ բաւեց ապրումներու, պատկերներու եւ արտայայտութեան ձեւի նոր երակ մը բանալու համար հայ քերթողութեան ոսկեհանքին մէջ:
Մեծարենց կու գար գաւառէն: Մանկութեան շրջանին իր գերզգայուն հոգին ամբողջապէս տոգորուած էր բնութեան գունագեղ տպաւորութիւններով եւ Ակնայ ժողովրդական բանահիւսութեան երգերով: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն բանէ առաջ պոլսահայ բանաստեղծութեան բերաւ բնութեան ձայնը եւ գաւառային նկարչագեղ տեսարաններու հրաշալի գեղեցկութիւնը: Այն, ինչ որ արձակով ըրին Թլկատինցի եւ Զարդարեան, նոյնը ըրաւ Մեծարենց բանաստեղծութեամբ:
Մ. Մեծարենցի երկու գիրքերն ալ լի են բնութեան կախարդիչ նկարագութիւններով – դալարագեղ պարտէզներ, առուներու եւ գետերու արծաթէ հոսանք, դաշտի ճամբու մը վրայ նստած մենաւոր հիւղակ, ջրտուքի տեսարաններ, աղբիւրէն դարձող գեղջկուհիներ եւ այլն:
Բնութիւնը Մեծարենցի համար աղբիւր է արբեցութեան, արեւով յորդուն ոսկի բաժակ, որուն պարգեւած հեշտանքով կ՛աշխատի բուժել հոգիին վէրքերը: Մահուան մերձաւորութիւնը զգացող բանաստեղծը բնութեան ընդմէջէն կը հաղորդուի ամբողջ տիեզերքին հետ եւ մարդն ալ կը նկատէ անոր անբաժանելի մէկ մասնիկը: Իր երազները, բաղձանքները, խռովքները եւ սէրն անգամ միախառնուած կը տեսնէ ծառերուն, ծաղիկներուն, լուսնի լոյսին եւ ամրան հրաշալի գիշերներուն:
Բնութեան մէջ եւ բնութեան հետ յաւերժանալու մեծարենցեան ցանկութեան մէջ կը գտնենք տիեզերական մարդկայնութիւն մը: Անշունչ իրերուն հետ եղբայրանալու եւ անոնց սրտին տրոփը լսելու իր բացառիկ զգայնութիւնը կը ստեղծէ այնպիսի համայնական ներդաշնակութիւն մը, ուր տիրապետողը բարութիւնն է եւ քաղցրութիւնը:
Մեծարենցի նուրբ հոգին կը խորշի բիրտ իրականութեան հետ ճակատելէ եւ կ՛որոնէ շարունակ անդորրն ու եթերայինը: Ասով պէտք է բացատրել իր մասնաւոր սէրը խաղաղ գիշերներու եւ համբոյրի պէս քաղցր իրիկուններու հանդէպ: Ոչ մէկ բանաստեղծ կրցած է իրեն չափ սրտագրաւ եւ կարօտաբաղձ շեշտերով երգել այս պահերը:
Մեծարենց գիտակից է անշուշտ թոքերուն հետ կեանքն ալ կրծող եւ հատցնող այն ցաւին, «զոր արեւին լոյսն անգամ չի բուժեր»: Սակայն չունի Պ. Դուրեանի ըմբոստացող պոռթկումը: Ո՛չ ընդվզում, ո՛չ անէծք, այլ լուռ համակերպում: Հոգիին լոյսերը թէեւ կը մարէ օրէ օր, «մաղող խարոյկի մը պէս», բայց ինք կը կառչի անցեալի անուշ յիշատակներուն եւ իր իսկ խոր վիշտէն կը ջանայ նոր ուժեր քաղել:
Աւելի լուսաբաղձ հիւանդ մըն է, քան կենսաբաղձ: Ծաղիկներուն ժպիտը եւ աստղերուն ճաճանչները բաւ են իրեն: Ճակատագիրին հետ հաշտ` տարօրինակ ամօթխածութեամբ մը, կը զգուշանայ իր վիշտը բարձրաղաղակ պոռալու աշխարհին եւ մարդոց երեսին: Մահուան մերձաւորութիւնը փոխանակ ըմբոստութեան մղելու զինք, կը մեղմէ կարծես իր ալեկոծ յոյզերը:
Մեծարենցի սէ՞րը: Պատանեկան ամօթխած երազանք մը, որոնում եւ սպասում: Կեանք, սէր եւ բնութիւն կը միախառնուին իրարու: Երբեմն բանաստեղծի հեռասոյզ նայուածքին առջեւէն «երազներու պերճուհին» է, որ կ՛անցնի. երբեմն լուսնի լոյսին տակ կատարուած պտոյտի մը ընթացքին մատներուն մէջ դողացող ծաղիկը կոյսի մը ձեռքին պատրանքը կու տայ իրեն եւ յաճախ սիրոյ ձայնը կը դառնայ ապրելու երջանկաբեր խոստում: Մեծարենցի կեանքին ու գրականութեան մէջ սէրը մարմնացեալ իրականութիւն չէ եւ չէր ալ կրնար ըլլալ: Դպրոցական գրասեղաններուն վրայ արդէն իսկ հիւանդ պատանին, երկչոտ եւ առանձնակեաց, ժամանակ չունեցաւ կեանքի աչքերուն մէջ նայելու: Իր տարիքին եւ խառնուածքին համար երազը աւելի գեղեցիկ էր անշուշտ, քան կեանքը:
Մ. Մեծարենց մեր բանաստեղծութեան բերաւ լեզուի անսպառ հարստութիւն: Ո՛չ միայն բառապաշարի ճոխութեան տեսակէտէն, այլ նաեւ պատկերներու գունագեղ այլազանութեամբ: Արդարօրէն զինք կոչած են «նկարիչ բանաստեղծը». անոր բառերը գոյներ են, որոնք իրար կ՛ընդելուզուին, ստեղծելու համար պրիսմակային երանգներ ու կախարդիչ նկարներ: Գաղափարներն անգամ գիտէ տեսանելի դարձնել «բուստէ իղձ»-երով եւ «կապոյտ յուզումներ»-ով:
Որքան նկարիչ, նոյնքան եւ երաժիշտ է Մեծարենց բանաստեղծական արուեստին մէջ: Արուեստագէտի բնատուր կարողութեամբ իր տողերուն կը փոխանցէ հնչական այնպիսի ներդաշնակութիւն մը, որ յաճախ երգի պէս քաղցր է:
Մահուան 60-րդ տարեդարձին առիթով Մեծարենցի յիշատակը թարմացնելու կոչուած սա քանի մը հապճեպ բնութագրումները երանի՜ թէ առիթ մը ըլլան, որ մեր նորահաս սերունդը գուրգուրանքով հակի անոր գործերուն վրայ եւ ըմբոշխնէ անոնցմէ բխող բանաստեղծական արուեստի եւ հոգեկան ներշնչումի ճշմարիտ վայելքը: Ո՛վ ալ ըլլայ մուսաներուն դարպասող հայ երիտասարդը եւ ո՛ւր ալ գտնուի` պէտք է աշակերտէ Մեծարենցին, որովհետեւ ուսանելի շատ բան պիտի գտնէ անոր քերթողութեան մէջ:
Մ. ԻՇԽԱՆ