Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Սեպտեմբեր 1968)

September 10, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գրական Հարցեր

Հանրային ճաշակը, ընդհանուր առմամբ, տեսակ մը «ջերմաչափ» է: Գրականութեան, ինչպէս կեանքի մէջ, ամէն շարժում, դէպի ետ կամ դէպի առաջ, առհասարակ կը կատարուի հանրային ճաշակի ճնշումին տակ:

Հանրային ճաշակը տէր է եւ իշխան: Ան է, որ հանրային կարծիք կը ստեղծէ, ինչպէս հաւանօրէն հանրային կարծի՛քն է, որ հանրային ճաշակ կը ստեղծէ:

Ճաշակն ալ, կարծիքն ալ կը փոխուին երկրէ երկիր, դարաշրջանէ դարաշրջան, ժողովուրդէ ժողովուրդ, նոյնիսկ` անձէ անձ: Ուղիղ ըլլան թէ սխալ, ճաշակները անվիճելի են, կարծիքները` նո՛յնպէս:

Գրական սեռերը խստօրէն ենթակայ են հանրային ճաշակին: Այսպէս, դիւցազներգութիւնը, որ ատեն մը, մանաւանդ «ի հնումն», գրականութեան գլխաւոր սեռերէն մէկը կը կազմէր, հիմա գրեթէ դարձած է «անկեալ վեհափառութիւն»: Սիամանթոն, մեր մէջ, վերջամնացներէն էր գրական այդ սեռին: Մասամբ նաեւ` Վարուժանը:

Ինչո՞ւ այսպէս է: Այսինքն դիւցազներգութիւնը ինչո՞ւ նահանջի մէջ է: Կը կարծենք` պատճառն այն է, որ մեր դարուն դիւցազնը ո՛չ թէ մարդն է, այլ մեքենան է:

Սակայն մինչեւ հիմա «մեքենայի դիւցազներգութիւն» մը չստեղծուեցաւ: Մեքենայի մասին թերեւս կարելի է վէպ գրել, գրողներ ալ կա՛ն արդէն: Կրնայ ըլլալ, որ մեզմէ քառորդ կամ կէս դար ետք, հանրային ճաշակի մղումին տակ, «մեքենայի գրականութիւն» մը ստեղծուի, ինչպէս Ա. Աշխարհամարտը «պատերազմի գրականութիւն» մը ստեղծեց:

Մեր կարծիքով, գրական միակ սեռը, որ չէ հինցած եւ պիտի չհիննայ երբեք, քնարերգութիւնն է: Ցորչափ մարդ արարածներ կ՛ապրին այս մոլորակին վրայ, պիտի ապրի նաեւ քնարերգութիւնը: Կրնայ ձեւը փոխուիլ, բայց էութիւնը պիտի չփոխուի: Գրական այս սեռը կերպով մը մարդկային հոգիին պատմութիւնն է: Եւ որովհետեւ հոգին յաւիտենական է, տարակոյս չկայ, որ անոր «պատմութիւն»-ն ալ յաւիտենական է:

Ամէնէն նիւթապաշտ դարուն եւ ամէնէն նիւթապաշտ երկրին մէջ իսկ քնարերգութիւնը «գործող» հրաբուխ մըն է եւ ոչ թէ` «մարած» հրաբուխ մը: Եթէ օր մը կարելի ըլլայ հոգին փոխարինել մեքենայով եւ զգացումը` հիւլէով, յայնժամ հաւանաբար այլեւս ո՛չ քնարերգութիւն պիտի ունենանք, ո՛չ ալ քնարերգուներ:

Բայց կարելի՞ է, հնարաւո՞ր է այս «եղափոխութիւն»-ը: Կը կարծենք` ո՛չ, կարելի չէ: Հոգին փոխարինելի չէ մեքենայով, ինչպէս մեքենան փոխարինելի չէ հոգիով: Մեքենայ ունեցող հոգիներ չկան, ուստի չկան նաեւ հոգի ունեցող մեքենաներ:

Հանրային ճաշակը, ինչ որ ալ ըլլայ իր կողմնացոյցը, չի կրնար անտեսել հոգին, որ աստուածային մասն է մեր էութեան, Աստուծոյ շունչն իսկ է մեր հոգեղէն անօթին մէջ:

Այս «շունչ»-ը կար ասկէ առաջ, պիտի ըլլայ նաեւ ասկէ ետք:

Վերջին կէս դարու ընթացքին, հանրային ճաշակը թեքումներ ունեցաւ: Երբեմն աջ թեքեցաւ, երբեմն` ձախ: Ձեռքի տակ ունինք շահեկան վիճակագրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ, օրինակ, Ֆրանսայի մէջ ի՛նչ կը գրէին երէկ եւ ի՛նչ կը գրեն այսօր: Ի՛նչ կը կարդային երէկ եւ ի՛նչ կը կարդան այսօր:

Ֆրանսերէն թերթ մը հետաքրքրուած է այս եւ նման հարցերով ու հրատարակած է վիճակագրական տախտակ մը այն մասին, թէ ի՛նչ տեսակ գիրքեր լոյս տեսած են Ֆրանսայի մէջ, կէս դարու ընթացքին (1875-1925):

Ահա՛ այդ տախտակը.

ա.- 1875-ին լոյս տեսած են 680 ոտանաւոր եւ 707 վէպ:
բ.- 1913-ին` 395 ոտանաւոր եւ 860 վէպ:
գ.- 1922-ին` 286 ոտանաւոր եւ 1009 վէպ:
դ.- 1924-ին` 258 ոտանաւոր եւ 1148 վէպ:

Ճշդենք անցողակի. ոտանաւորը անպատճառ բանաստեղծութիւն չէ, ինչպէս որ բանաստեղծութիւնը անպատճառ ոտանաւոր չէ:

Օրինակ մը տանք. Եդուարդ Գոլանճեանը ոտանաւոր գրեց, երբեմն նոյնիսկ ճարտարապետական յօրինուածքով ոտանաւորներ, բայց Մեծարե՛նցը միայն կրցաւ բանաստեղծութիւն գրել: Արտաշէս Յարութիւնեանը չափածոյի անխոնջ ու փնտռուած մշակներէն էր, բայց Թէքէեանն է իրական բանաստեղծը:

Գամառ-Քաթիպա եւ Յակոբ Յակոբեան բանաստեղծ չեն, թէեւ բազում ոտանաւորներ գրած են: Տէրեանն ու Չարե՛նցն են կոչումով բանաստեղծը:

Հիմա ալ ոտանաւորներ շատ կը գրուին, բայց շատ քիչ` բանաստեղծութիւններ:

Ֆրանսերէն թերթին հրատարակած վիճակագրութիւնը խօսուն է իր համրութեան մէջ իսկ:

Այսպէս` 1875-էն մինչեւ 1924, այսինքն կէս դարու ընթացքին գրուած ոտանաւորներուն թիւը 680-էն իջած է 258-ի, մինչ վէպերուն թիւը 707-էն բարձրացած է 1148-ի: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ բանաստեղծութիւնը մեռաւ, ո՛չ, այլ կը նշանակէ, որ պարզապէս հուն փոխեց, ըսել կ՛ուզենք` ոտանաւորէն անցաւ արձակին:

Արդարեւ, այսօր շատ աւելի բանաստեղծութիւն կայ արձակի մէջ, քան կար երէկ ոտանաւորի մէջ: Դարձեալ օրինակ մը տուած ըլլալու համար պիտի ըսենք, թէ Ռուբէն Զարդարեանի արձակին մէջ աւելի շատ բանաստեղծութիւն կայ, քան` Աղեքսանդր Փանոսեանի ոտանաւորներուն մէջ:

Զարմանալի է, բայց իրողութիւն է, որ ֆրանսացի պետական դէմքերէն Արիսթիտ Պրիան տասը սանթիմնոց ոստիկանական վէպեր կը կարդար, ինչպէս ինքն իսկ կը խոստովանէր առիթով մը: Եւ նման թեթեւ վէպեր կարդալով` կը մոռնար իր առօրեայ հոգերը:

Պիզմարքի կենսագիրները կը վկայեն, որ անոր նախասիրած հեղինակն էր ֆրանսացի արկածագիր Էմիլ Կապորիոն, որուն «Պարոն Լըքոք» վէպը մեծ յափշտակութեամբ կը կարդայ եղեր երկաթէ վարչապետը Սատովայի ճակատամարտի օրերուն:

Նախագահ Ռուզվելթ իր յաճախակի ուղեւորութեանց ընթացքին ժամանակ կը գտնէր կարդալու ոստիկանական կամ ոճիր-արկածային վէպեր, ինչպէս կը վկայէ իր զաւակը:

Տարիներ առաջ, ֆրանսացի վիպագիր մը` Քլոտ Աւըլին դասախօսութիւն մը ըրաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ «Ոստիկանական վէը գրական սե՞ռ մըն է» նիւթին շուրջ եւ ջանաց ապացուցել, որ այո՛, գրական սեռերու կարգին կը պատկանի նաեւ ոստիկանական վէպը:

Դեռ մինչեւ վերջերս այս սեռին նախահայրը կը համարուէր Վոլթեր, որուն մէկ պատմուածքը կը լրացնէր սեռին բոլոր պահանջները: Աւըլին ժխտեց այս կարծիքը եւ հաստատեց, որ ոստիկանական վէպին նախահայրը ո՛չ թէ Վոլթերն է, այլ… Հոմերոսը:

Արդարեւ, ըստ ֆրանսացի վիպագիրին, շատ հին է գրական այս սեռին ծագումը: Ոդիսեւս գաղտնի ոստիկանի կատարեալ տիպար մըն էր իր հնարամտութիւններով, խորամանկութիւններով, փայտէ ձիով եւ Տրովադայի մէջ շահուած վերջնական յաղթանակով:

«Ոդիսական»-ը, դարձեալ Քլոտ Աւըլինի կարծիքով, ոստիկանական վէպի իրական նմուշ մը կրնայ համարուիլ:

Այս ձեւով ոստիկանական վէպին տեսակարար կշիռը կը բարձրանայ, ուստի` գիրքերու պատմութեան մէջ կրնանք տեղ մը տալ անոնց, որ այդ տեսակ վէպեր միայն գրեցին, բայց մնացին գրականութեան դուրսի դրան առջեւ: Կը թուի, թէ գրական սեռերու ցանկին մէջ սկսած է պատուոյ տեղ մը գրաւել ուղեգրութիւնը, պայմանով սակայն, որ գրողը ուղեգիր չըլլայ լոկ, այլ ըլլայ նաեւ գրագէտ, ըլլայ մանաւանդ արուեստագէտի զգայարանքով օժտուած մէկը: Նիւրեմպերկի դատավարութեան օրերուն ֆրանսերէն թերթ մը գրեց, որ Ռուտոլֆ Հես ուղեգրութիւններ կը կարդար նախընտրաբար:

Կրնանք ըսել, որ հանրային ճաշակը, ինչպէս միշտ, նաեւ հիմա որոնումի մէջ է: Որոնումի մէջ ենք մենք` ընթերցողներս ալ:

Գրական սեռերէն որո՞ւնն է ապագան, ահա՛ շահեկան հարց մը: Գրական ի՞նչ նոր սեռեր պիտի ստեղծուին վաղը. ահա՛ նոյնքան շահեկան ուրիշ հարց մը:

Առիթ կ՛ունենանք խօսելու այս «հարց»-երուն մասին:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քոնկրեսը Պէտք Է Հետապնդէ Ազրպէյճանական «Սիլք Ուէյ» Օդանաւային Ընկերութեան Յատկացուած Ամերիկեան Գաղտնի Վարկերը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.