Ճամբու Պատահական Նոթեր
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցին եւ յարակից սրահը գնուած են 1960-ին: Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Յունաստանէն գաղթած հայերուն: Եկեղեցիին եւ սրահին շուրջ բոլորուած են Մոնրէալի կրօնական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութիւնները:
Քանատայի հայոց հոգեւոր հովիւն է Սուրէն վրդ. Գաթարոյեանը: Թեմը ենթակայ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ունի հոգաբարձութիւն մը` ատենապետութեամբ գաղութի հին, բայց եռանդուն եւ անձնուէր անդամներէն Երուանդ Բաստրմաճեանի: Եկեղեցին ունի նաեւ շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատու խնամակալ մարմին մը:
Դպրոցը ունի 5-13 տարեկան 240 աշակերտ: Կը դասաւանդուին` հայերէն, ազգային պատմութիւն, կրօն եւ աշխարհագրութիւն: Ուսուցչական կազմը բաղկացած է 7-10 հոգիէ, որոնք սիրայօժար յանձն առած են, ամէն շաբաթ, վերոյիշեալ դասաւանդութիւններու հետ, հայ մանուկներուն մէջ վառ պահել ազգային ոգին:
Եկեղեցիին եւ սրահին շուրջ համախմբուած են եւ ներդաշնակօրէն կը գործեն հետեւեալ միութիւնները.
ՀՕՄ-ի Մոնրէալի մասնաճիւղը` իր կրտսերներու բաժինով: Ունի 125-150 անդամուհի:
ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղ: Ունի ֆութպոլի, պասքեթպոլի, աթլեթիզմի, հեծանիւի եւ սառոյցի վրայ հոքիի խումբերը, նաեւ` սկաուտական բաժին: Բոլոր խումբերուն մասնակցողներուն թիւը կը հասնի աւելի քան 250 հոգիի: ՀՄԸՄ-Կամք անբաժան մասը կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Կապուած է ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան:
Համազգայինի մասնաճիւղ: Լծուած է տենդագին աշխատանքի: Ունի իր «Քնար» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ եգիպտահայ ծանօթ խմբավար Երուանդ Ալեքսանեանի: Ունի նաեւ պարախումբ եւ թատերախումբ, որոնք յաճախ կ՛ունենան գեղարուեստական ելոյթներ:
Ասոնցմէ զատ կայ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ երիտասարդաց, այլ անունով AYF-ի երկսեռ կազմակերպութիւնը եւ Պատանեկան միութիւնը:
Բոլոր այս կազմակերպութիւններուն ժրաջան ու բեղուն գործունէութեան դաշտը եւ աշխատանքի բազմակողմանի ցանցը հետզհետէ կ՛ընդարձակուի: Եկեղեցին ու սրահը բաւարարութիւն չեն տար իրենց առօրեայ պահանջներուն: Ու իբրեւ բնական հետեւանք` գաղութը գովելի գաղափարը ունեցած է, իբրեւ առաջին համարձակ քայլ, հայաշատ կեդրոնի մը մէջ 9 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ հող մը գնել: Վճարած են արդէն 140 հազար տոլար: Այս հողին վրայ պիտի կառուցուի Հայ կեդրոնը` հետեւեալ բաժանումներով.
1.- Ս. Յակոբ եկեղեցին, 2.- Դպրոց, 3.- Մարզասրահ` պասքեթպոլի գոց դաշտով, 4.- Հանդիսասրահ, 5.- Բացօթեայ դաշտ` թենիսի խաղավայրով եւ լողաւազանով:
Հայ կեդրոնի կառուցման համար նախատեսուած է կէս միլիոն տոլար պատկառելի գումար մը: Այս գումարը պիտի գոյացուի հետեւեալ մասնակցութեամբ.
1.- Գաղութը իր բոլոր անդամներով հաստատ խոստում տուած է հայթայթել 250.000 տոլար, 2.- Ներկայ հողը ծախուելով` պիտի բերէ 75.000 տոլար: 3.- Ամերիկեան Կիլիկիոյ թեմը պիտի տայ 100.000 տոլար: 4.- ՀՄԸՄ-Կամք պիտի վճարէ 50.000 տոլար եւ 5.- ՀՕՄ, Համազգային, AYF, եւ ՀՅԴ պիտի վճարեն 25.000 տոլար: Գումար` 500.000 տոլար:
Հայ ճարտարապետներէ կազմուած յանձնախումբ մը արդէն պատրաստած է Հայ կեդրոնի գեղակերտ յատակագիծը, եւ հաստատ որոշում տրուած է գործնական աշխատանքներու սկսիլ 1969-ի գարնան:
Ահաւասիկ` կոթողական նախաձեռնութիւն մը, որ շուտով իրականութիւն դառնալու բոլոր երաշխիքները ունի` շնորհիւ գաղութի ձեռներէց ոգիին, մանաւանդ` բարոյական եւ նիւթական զոհողութեան:
Քանատայի նորածիլ գաղութին բազմակողմանի գործունէութեան համառօտ պատկերը տալէ ետք, որ տակաւին թիւով բազմանալու եւ իր ազգապահպանման գործունէութիւնը ընդարձակելու բոլոր փայլուն հեռանկարները ունի, մեզ այն համոզումին բերին, որ Մոնրէալը շուտով պիտի դառնայ գաղթաշխարհի հայաշատ եւ խմբուած կեդրոններէն մէկը` ապագայի յուսադրիչ նուաճումներով:
Վերջացնելէ առաջ մեր նոթագրութիւնը` աւելորդ չենք կարծեր յիշել նաեւ, որ բացի կազմակերպական բեղուն գործունէութենէն, անհատական ձեռնարկները եւս ունին իրենց պատուաւոր տեղը: Կան աչքառու գորգավաճառներ, կարասիներու շինութեան գործատեղիներ, մեքենագործներ եւ նպարավաճառներ: Երուանդ Բաստրմաճեան եւ Պուտագեան հաստատութիւնները առաջին կարգի գորգավաճառներ են:
Ազատ ասպարէզներու մէջ եւս գաղութահայութիւնը ունի իր լաւագոյն ներկայացուցիչները, ինչպէս` բժիշկ, ատամնաբուժ եւ ճարտարագէտ:
Միացեալ Նահանգներու նման` Քանատայի մէջ եւս երկրորդական ուսումը ձրի եւ պարտադիր է: Ուսումնատենչ աշակերտը, ամէն տեսակ դիւրութիւններ ունի, եթէ ուզէ իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու քոլեճներու եւ համալսարաններու մէջ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
(Շար. 2 եւ վերջ)