50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Հոկտեմբեր 1968)

Կրթական Խնդիրներ  Հայերէն Լեզուի Ուսուցումը Եւ Պետական Քննութիւնները Լիբանանի մէջ մեր դպրոցները կը վայելեն կրթական գործունէութեան լայն ազատութիւն: Իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնութիւն ազատ է իր ուզած ձեւով դասացուցակ կազմելու եւ դասաբաշխում կատարելու: Որեւէ նիւթի դասապահերը սահմանափակող օրէնք գոյութիւն չունի: Մեր լեզուի ուսուցման եւ մեր մշակոյթի զարգացման տեսակէտէն սքանչելի է անշուշտ այս ազատութիւնը, որմէ կ՛օգտուինք ահա կէս դարէ ի վեր: Բայց եթէ հարցը քննենք ըստ էութեան, կը տեսնենք, թէ ներկայիս մանաւանդ հայ վարժարաններու կրթական ինքնավարութիւնը աւելի երեւութական սկսած է դառնալ, քան իրական: Պետութիւնը ունի իր սերթիֆիքայի, պըրըվէի եւ պաքալորէայի ծրագիրը եւ պաշտօնական քննութիւնները: Այդ քննութիւններուն ընծայած վկայականները կը պահանջուին բնականաբար զանազան դռներէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1968)

Ողջունելի Վերադարձ Մը Մօտ երկու տարի մեր իրականութենէն պակսեցաւ գործ մը եւ հանրային կեանքէն մարդ մը: Այսօր այդ երկու զրկանքներէն մէկը լիովին գոհացուած է սքանչելի գործով մը, որ տարիներ շարունակ փնտռուեցաւ հասարակութեան լայն խաւերուն կողմէ: Կ՛ակնարկենք «Ամէնուն տարեգիրք»-ին եւ անոր տքնաջան հեղինակ Կարօ Գէորգեանին, որ առողջական պատճառներով անցեալ տարի ստիպուեցաւ առկախել տարեգիրքերուն շարքը: Անօրինակ ճիգով մը եւ կամքի անսովոր զօրութեամբ, Կարօ Գէորգեան ուզած է մնալ պատնէշի վրայ, եւ այս տարուան իր գործը յաղթանակ մըն է նախ զինք տառապեցնող հիւանդութեան դէմ, ապա զուտ գրական գետնի վրայ կը հանդիսանայ նոր նուաճում մը, որուն հանդէպ միայն հիացում ունինք: Իր տարեգիրքերուն ընդմէջէն, ինչպէս բոլոր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Հոկտեմբեր 1968)

Մասնաւոր` «Ազդակ»-ին Պիտի Երթայ-Պիտի Չերթայ... Օգոստոսի վերջերէն ի վեր, երկար ատեն, տղուս ու մեր տան մէջ իրարանցում կար: Գրաւի կու գամ, երբ մեծ հայասէր գիտնական Նանսեն բեւեռ արշաւախումբ կը կազմակերպէր, իրենց տունին իրարանցումը մեր տան իրարանցումէն նուազ էր: Աւելի ճիշդ` իմ տան ու տղուս տան մէջ տիրող իրարանցման ընդհանուր գումարէն նուազ էր: Ի՞նչ էր պատահած... Բան մը չէր պատահած, պատահելու էր. թոռնուհիս` Քարենը, առաջին անգամ ըլլալով, երբ դպրոցները բացուէին, մանկապարտէզ պիտի երթար: Եղած-չեղածը այս էր: - Պիտի երթայ: - Պիտի չերթայ: - Ա՛լ մեծցած է: - Չէ՛ մեծցած, դեռ փոքր է: - Օրական երկու ժամը ի՞նչ է որ... - Օրական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1968)

Կրթական Խնդիրներ Շատը Եւ Քիչը Կրթութեան Մէջ Ծնողներ կան, որոնք հոգի կու տան իրենց պտլիկ զաւակը մինչեւ վերջ գրքի եւ տետրակի վրայ հակած տեսնելու համար: Թող աշխատի, թող սորվի, ժամանակ թող չկորսնցնէ. ա՛յս է տուներու մեծ մասին մէջ հնչող սովորական կարգախօսը: Երբ մանուկը դպրոցէն դարձին դաս ու պարտականութիւն չունենայ կատարելիք, մայրերուն սիրտը կը նեղուի, եւ ոմանք նոյնիսկ չեն քաշուիր բարձրաձայն գանգատներ ձեւակերպելու. - Այս ի՞նչ տեսակ դպրոց է, ո՛չ գրելիք կու տան, ո՛չ կարդալիք: Փոքրիկը տեւաբար աշխատցնելու եւ մտաւոր սնունդը շերեփով կերցնելու այս մտայնութիւնը միայն ծնողներուն յատուկ չէ: Կան նաեւ կրթական պատասխանատուներ, որոնք դէմ են խաղին ու զբօսանքին եւ հետամուտ`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Հոկտեմբեր 1968)

Գրական Առօրեայ «Ֆիկարօ» գրականի քննադատներէն մէկը` Մարք Ալին, համանուն թերթին մէջ ստորագրած է յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ մայիս ամսոյն Ֆրանսան ցնցած ուսանողական ցոյցերուն եւ կը գտնէ, որ երեւոյթը ընկերային ու հոգեբանական խորունկ պատճառներով դրսեւորուած պոռթկում մը չէր ու ճիշդ ատոր համար եղաւ ու մնաց «Յեղափոխութիւն մը` առանց բանաստեղծներու»: Գազազած երիտասարդներուն կողմէ մայիս եւ յունիս ամիսներուն յղացուած ու պատերուն, պաստառներուն եւ թռուցիկներուն վրայ արձանագրուած բանաստեղծութիւնները աչքէ անցընելէ եւ անոնց աղբիւրներն ու ուժը ճշդելէ ետք, Մարք Ալին կը հաստատէ ու հարց կու տայ: «Ֆրանսական դիմադրութիւնը ունեցաւ իր բանաստեղծը` Էլիւար. 1917-ի յեղափոխութիւնը իրը` Մայակովսի: 1968-ի պատնէշները պիտի մարմնաւորուի՞ն արդեօք դէմքով մը եւ գործի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Հոկտեմբեր 1968)

Զգո՜յշ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով, 1965 ապրիլ 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, կարգ մը պետութեանց շարքին, հեռագիր ուղղած էր նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ճեմալ Կիւրսելի` յիշեցնելով անոր յիսուն տարի առաջ թուրքերու գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ էին գացած մէկ ու կէս միլիոն հայեր: Ու արդարութիւն պահանջած էր հայ ազգին համար, հիմնուած` Սեւրի դաշնագրին վրայ: Ուղղակի պատասխան չէինք սպասեր անշուշտ Թուրքիոյ նախագահէն: Շատ չանցած` Ճեմալ Կիւրսել անուղղակի եւ անպաշտօն կերպով պատասխանած էր այդ հեռագրին` թուրքերէն թերթերուն մէջ հրատարակութեան տալով յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն, իբր թէ 1915-ին հայերու ջարդ եւ տարագրութիւն տեղի չէր ունեցած: Եղածը պարզապէս բնակչութեանց տեղափոխութիւն մըն էր պատերազմի պատճառով: Ռազմաճակատի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Հոկտեմբեր 1968)

Թարգմանչաց Դերը Ամէն տարի, հոկտեմբերի մէջ Հայ եկեղեցին կը տօնէ Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակը: Այս սուրբերը սովորական առումով սուրբեր չեն, որոնց լուսապսակը կազմէր լոկ իրենց ջերմեռանդ հաւատքը, անբասիր կեանքը կամ կրօնի պաշտպանութեան համար կրած նահատակութիւնը: Մեր թարգմանիչները, զորս արդարօրէն եկեղեցին դասած է սուրբերու շարքը, հայ մշակոյթի առաքեալներն են, նոյն ատեն եւ` հոգեկան արժէքներու ստեղծիչները: Այս պատճառով կրկնապէս թանկագին է անոնց յիշատակը թէ՛ մեր եկեղեցիին եւ թէ՛ բովանդակ ազգին համար: Ասկէ մօտ 1500 տարիներ առաջ հայոց պատմութեան մեծագոյն դէպքը տեղի ունեցաւ` հայ գրերու գիւտով: Գիւտին անմահ հեղինակը` Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր անմիջական գործակիցը` Ս. Սահակ հայրապետ հայ կեանքը մտցուցին նոր հունի մը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1968)

2000 Թուականին Ազատ Ժամանակը Մեծ սխալ մըն է կարծել, որ մարդկային կեանքին մէջ ազատ ժամանակի յանկարծական ընդարձակումը զայն ծոյլ պիտի դարձնէ: Կեղծ է երեւակայութիւնը մարդկութեան մը մասին, որ հանգստաւէտ տեղաւորուած կոճակներու եւ գործիքներու միջավայրի մը մէջ, կը տառապի մտային կարողութիւններու դանդաղ նուազումէն, պատմութեան մէջ բերելով կայունութեան նոր շրջան մը: Անգամ մը որ ընդունինք, թէ 2000 թուականին աշխատանքը հոմանիշ պիտի ըլլայ մտածման`  աստիճանաբար նուազումովը ֆիզիքական ճիգին, անփոփոխ ժամերու ծրագիրը ոչ համոզիչ եւ բացարձակապէս պայմանադրական կը դառնայ: Կարեւորը ստեղծագործական ընկերակցութիւնն է, որ չի հետեւիր ժամացոյցի սլաքներուն: Մտածումը կը գլէ աշխատանքի ժամերուն թումբերը: Դեռ աւելի՛ն. իր պատեհ բոյնը կը տեղաւորէ անոնցմէ դուրս: Միտքի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1968)

Պոլսոյ Մուրացկանները «Աւանակ կը փնտռեն» խորագրով Պոլսոյ այսօրուան սիւնակագիրներէն մէկը վերջերս նիւթ ըրած է համանուն քաղաքի մուրացկանները, որոնք, տարբեր ասպարէզներու մէջ գործող միւս թուրքերուն պէս, իւրայատուկ բարքերով կը փայլին: Սիւնակագիրին համաձայն, «Կասկած չկայ, որ Պոլիսը այն քաղաքն է, ուր մուրացկանները համախմբուած են ամէնէն մեծ թիւով: Այս արուեստագէտները, որ կը շահագործեն մարդուս գութի զգացումը, ձեր պոչին կը կառչին, ամէն փողոցի մէջ, ամէն անկիւն, ամէն քայլափոխի»: Ողորմութիւն հայցող չէզոք չքաւորներ չեն Պոլսոյ մուրացկանները, ունին շարժելու, հետապնդելու, մեծ էներժի վատնելու հսկայ ուժ եւ «անգամ մը որ հանդիպին մարդու մը, որուն իգական սեռէն ներկայացուցիչ մը կ՛ընկերանայ, անկարելի է, չեն ձգեր ձեր օձիքը: Մէկը կ՛երթայ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Հոկտեմբեր 1968)

Նոթեր Ու Նետեր Զրոյց` Սովետասէրի Մը Հետ Հայ համայնավար մը ու հայ հակահամայնավար մը ունեցան հետեւեալ վիճազրոյցը. - Վերջապէս, քու սիրելի Սովետական Միութիւնդ իր ստրկացուցած արբանեակներով, բռնի ուժով գրաւեց Չեխոսլովաքիան: - Սխալ բառեր շատ կը գործածես: Գոնէ մի՛ գործածեր «գրաւել» գռեհիկ բառը: Սովետական Միութիւնը սկզբունքով, բանիւ եւ գործով դէմ է գրաւումներու, որոնք աշխարհակալներու գործեր են: Ինք միայն կ՛ազատագրէ  զանազան կերպերով. - Մանաւանդ` հրասայլերով, թնդանօթներով, արագահարուածներով եւ օդանաւերով: Թող թշուառական Թուրքիան ալ ազատագրէ: - Թուրքիան պէտք է ներսէն ազատագրուի: Կան երկիրներ, որոնք կ՛ազատագրուին դուրսէն: Կան ալ, որոնք կ՛ազատագրուին` ներսէն աւելի ներս մտնելով: Կան տակաւին երկիրներ, որոնք կ՛ազատագրուին` անոնց սահմանները գրկելով: -...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Հոկտեմբեր 1968)

ՀՄԸՄ «Շանթ» Պասքեթպոլի Տիպար Խումբ Մը Տիպար խումբ մըն է ՀՄԸՄ-ի «Շանթ» պասքեթպոլի խումբը: Սիրուած խումբ մը` մարզական շրջանակներէն, յատկապէս` Լեռնալիբանանի մարզական միութիւններէն, որոնց խումբերուն հետ ամէն ամառ բազմաթիւ մրցումներ կը կատարէ օդափոխութեան վայրերուն մէջ: Հայկական թէ արաբական մարզական միութիւններ միշտ հաճոյքով դիմաւորած են «Շանթ»-ի խաղացողները, որոնց ցուցադրած մարզական ոգին եւ եղբայրական վերաբերումը ամէն անգամ գնահատուած է: Միութիւններու կազմակերպած մրցաշարքերուն միշտ փնտռուած է ՀՄԸՄ «Շանթ»-ի մասնակցութիւնը: Փոխադարձաբար, բոլոր խումբերը սիրով ընդառաջած են «Շանթ»-ի հրաւէրներուն: Արդարեւ, ՀՄԸՄ «Շանթ» Լիբանանի ամէնէն շատ մրցումներ կազմակերպած եւ մրցումներու հրաւիրուած խումբերէն է: Նաեւ` ամէնէն շատ ծափահարուած խումբերէն մէկը, իր հաճելի, ներդաշնակ եւ մաքուր խաղարկութեամբ: Իր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Հոկտեմբեր 1968)

Ներդաշնակ Գործունէութիւն Վերամուտ: Ոչ միայն կրթական, այլ նաեւ` հանրային ու ազգային: Եռամսեայ պարտադիր դադարէ մը ետք կեանքը պիտի վերսկսի իր նախկին եռուզեռով, շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը գրաւուած պիտի ըլլան այլազան ձեռնարկներու համար: Թատերական, գեղարուեստական, երաժշտական, դասախօսական երեկոներն ու հանդէսները իրարու պիտի յաջորդեն` տալով խրախուսիչ, բայց քիչ մը խառնակ պատկերը գաղութի մը, որ ազգային-մշակութային գետնի վրայ նախանձելի, առաջնակարգ տեղ մը կը գրաւէ ժամանակէ մը ի վեր: Կասկած չկայ, որ Պէյրութի մեր իրականութեան մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու հաստատութիւնները մեր մշակոյթին, մեր յաւիտենական եւ անկորնչելի արժէքներուն ծառայելու բարձր կոչումով ելած են ճամբայ եւ կը գործեն այդ նպատակին համար` անկախ իրենց գաղափարական ըմբռնումներէն,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1968)

Թրքական Մամուլ  Թուրքերը, Հայերը Եւ Հրեաները «Հայերը Դարերով Եղբօր Պէս Ապրեցան Թուրքերուն Հետ, Քսու Հրեաներն Են, Որ Պառակտեցին Զանոնք» «Պու Կիւն»-ի մէջ, Մ. Շահապ Թան, անդրադառնալով թուրքերու եւ հայերու անցեալին ունեցած «եղբայրական» կեանքին, հետագային անոնց միջեւ ստեղծուած թշնամութիւնը կը վերագրէ հրեաներուն եւ կը գրէ. Պատմութեան հին գիրքերը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէին թուրքերն ու հայերը. բարձրաբերձ լեռներով շրջանակուած դալարագեղ հովիտ մը, հեռուն` մզկիթներուն արծաթեայ եւ եկեղեցիներուն արոյրէ գմբէթները, որ կը ցոլանան արեւուն տակ, բիւրեղի պէս վճիտ ջուրեր եւ աղբիւրներ, եւ Սվազի տոհմիկ տարազները հագած թուրք եւ հայ մանկամարդ աղջիկներ, որոնք քով քովի կը լեցնեն իրենց կուժերը: Եւ իրենց գիւղերուն մէջ Նշան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Հոկտեմբեր 1968)

Հայաստան Լեւոն Շանթի «Ընտիր Երկեր»-ու Հրատարակումը Երեւանի Մէջ ՀՀԳ-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ «Հայաստան» հրատարակչութիւնը 40 հազար օրինակ տպաքանակով լոյս ընծայած է Լեւոն Շանթի «Ընտիր երկեր»-ը: Հատորին մէջ զետեղուած են` «Լերան աղջիկը» վիպերգը, «Երազ օրեր» յուշագրութիւնը, «Դարձ» վէպը, «Հին աստուածներ», «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ «Օշին Պայլ» թատրերգութիւնները: Գիրքին յառաջաբանը գրած է գրականագէտ Էդուարդ Թոփչեանը: Երեւանի 2750-ամեակի Տօնակատարութիւնը Երեւանի մէջ, հոկտեմբեր 17-էն սկսած, ամբողջ շաբաթ մը տեղի պիտի ունենան Երեւանի 2750-ամեակի յոբելենական տօնահանդէսները: Երեւանցիներու հետ տօնահանդէսներուն պիտի մասնակցին նաեւ մեծաթիւ հիւրեր: Այդ օրերուն քաղաքի հրապարակներուն եւ զբօսայգիներուն մէջ, ինչպէս նաեւ բացօթեայ բեմահարթակներու, ակումբներու եւ մշակութային տուներու մէջ տեղի պիտի ունենան ներկայացումներ,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Հոկտեմբեր 1968)

Թրքական Մամուլ Մոսկուայի Նախկին Դեսպան Ե. Քեմալ Թենկիրշենքի Յուշերը Լենինի Հետ Գլուխ-Գլխի - Չիչերին Վանէն Եւ Պիթլիսէն Հող Ուզած Է Հայերու Համար Մոսկուայի նախկին դեսպան Եուսուֆ Քեմալ Թենկիրշենք «Ճումհուրիէթ»-ի մէջ կը նկարագրէ քաղաքական կեանքի իր յուշերը: Ի միջի այլոց կ՛անդրադառնայ թուրքեւխորհրդային տեսակցութիւններուն: Կը խօսի նաեւ հայեւռուս փոխյարաբերութիւններուն մասին եւ թուրք պատուիրակութեան կատարած ձեռնարկներուն շուրջ: Ստորեւ` հատուածներ այդ յուշերէն: Մեր դէմ գտնուող մարդը Վլատիմիր Իլիչ Ուլիանով Լենինն էր: Զիս, Պեքիր Սամի պէյը եւ մեր միւս ընկերները դէմը առաւ: Այն ատեն ուշադրութիւն ըրի դէմքին եւ աչքերուն: Ակնարկէն եւ աչքերէն յայտնի էր, որ հին թաթար ընտանիքի մը զաւակն է: Լենինի տաբատը արդուկուած չէր,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1968)

Ուրացումը Զէնք Մը Չէ Դաշնակցութեան անցեալի դերն ու մեր օրերու հանրային ծառայութիւնը ժխտելու հիւանդագին մարմաջէն տարուած գրիչներ, հայրենիքի կուսակցական պաշտօնէութեան թէ արտասահմանի հակադաշնակցական ճակատի շարքերուն մէջ, առիթ չեն փախցներ իրողութիւններ եւ ճշմարտութիւններ ճմռթկելու` ընդդիմախօսելու կամ «պայքար»-ելո՜ւ սիրոյն: Եթէ փորձէք ճշդել պատճառը այն բարդոյթին, որմէ կը տառապին Կոմկուսի շօշափուկները (Երեւանի մէջ) եւ հակադաշնակցական կոյր ատելութեան ախոյեանները (արտասահմանի մէջ), ի վերջոյ կը յանգիք այն եզրակացութեան, որ ախտին արմատը անհանդուրժողութիւնն է, չըսելու համար` կոյր ուրացումի եւ թանձր կամակորութեան այն գիծը, որով կը յատկանշուին գաղափարական կեցուածքէ եւ աննախապաշար ոգիէ պարպուած մարդիկ: Դաշնակցութեան «ճերմակ»-ը անպայման... սե՜ւ է անոնց համար, սեւը` ճերմակ: Ամէնէն ընդհանրական եւ անառարկելի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1968)

«Փիւրկաթուար»-ի Ահաւոր Աղէտը 3 Զոհերէն Մէկն Է Լիբանանի Թիւ 1 Բեմադրիչը` Կերի Կարապետեան Ծանր Ու Թեթեւ Վիրաւորներուն Թիւը Կը Հասնի 24-Ի Հազմիէի «Փիւրկաթուար» («Քարաւան») սթերիոյին ողբերգութիւնը սուգի մատնեց Լիբանանը: Երեք զոհերուն մէջ կը գտնուի լիբանանահայ երիտասարդ բեմադրիչ Կերի Կարապետեանը (բուն անունով` Կարապետ Պետիկեան), 32 տարեկան, որ կը հանդիսանայ լիբանանեան շարժանկարին առաջին նահատակը: Ականատես վկաներու համաձայն, Կերին մինչեւ վերջին վայրկեանը մերժած է հեռանալ սրահէն` նախ ուզելով փրկել իր խումբին միւս անդամները: Այս ասպետական վերաբերումը պատճառ դարձած է հայ երիտասարդին մահուան, որուն հերոսական կեցուածքը այսօր կը դրուատուի լիբանանեան բոլոր թերթերուն կողմէ: Երէկ կէսօրէ ետք Ալէյի մէջ տեղի ունեցաւ հէգ Կերիին յուղարկաւորութիւնը: Ալէյի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1968)

Խմբագրական Քանի Դեռ Ուշ Չէ Միացեալ ազգերու ընդհանուր քարտուղարը, անկախ իր բարձր պաշտօնէն եւ հանգամանքէն, որոնք անվիճելի կշիռ կու տան իր խօսքին ու գործին, ինքնին ծանրախոհ դիւանագէտ մըն է, որ երբեք սովորութիւնը չունի օդին մէջ պարապ խօսքեր նետելու: Հետեւաբար, երբ անցեալ օր Ընդհանուր ժողովին ներկայացուցած իր տարեկան տեղեկագրին մէջ ընդգծեց չորս մեծերու հանդիպման մը անհրաժեշտութիւնը, անպայման որ նախապէս շօշափած էր շահագրգռուողներուն տրամադրութիւնները: Ճիշդ է, որ այդ անհրաժեշտութիւնը ակներեւ դարձնելու համար պարտաւորուեցաւ ծանրանալ վերջին ամիսներու դէպքերուն վրայ, որոնք մութ ապագայի մը հեռանկարը կու տան մարդկութեան, բայց շատ հաւանաբար ատիկա ըրաւ հանրային կարծիքին համար, մինչ բուն ենթակաները` իբրեւ պատասխանատու, արդէն տեղեակ են...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Սեպտեմբեր 1968)

Նորէ՛ն Հայ ուսուցիչ հասկացողութիւնը, ուրիշ բազմաթիւ հասկացողութիւններու հետ, ստացաւ նոր բովանդակութիւն մը, աւելի ճիշդը` զգալիօրէն պարպուեցաւ իր բովանդակութենէն: Դեռ տասնամեակ մը առաջ հայ ուսուցիչը հայ ուսուցիչ էր, հայութեամբ զօրացած գործօն, որ իրենց նկարագրով ոչ ազգային նիւթերը` օտար լեզու, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն աւանդած ժամերուն իսկ մեծ օժանդակութիւն մը կը բերէր հայ տղուն ժառանգական ընդունակութիւնները զարգացնելու համար ստեղծուած ընդհանուր մթնոլորտին: Հիմա նոյնը չէ մթնոլորտը: Ներկայիս հայ ուսուցիչ կը հաշւըուի մայրենի լեզու, հայ գրականութիւն ու հայոց պատմութիւն աւանդող անձը: Միա՛յն: Մեր ամբողջ ճիգերուն, զոհողութիւններուն, երազներուն պսակը կախում ունի այդ մէկուն որակէն, պատրաստութենէն,  կորովէն, արդիւնաւորելու նախանձախնդիր կամքէն: Մեր վարժարաններէն ներս ան մինակը պիտի տանի այս...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1968)

Խմբագրական Անձկութեան Օրեր Գրեթէ ամէն կողմ ժողովուրդները մտահոգ են: Խորհրդային Միութեան եւ իր արբանեակներուն Չեխոսլովաքիոյ դէմ առած զինուորական քայլը ո՛չ միայն բիրտ կերպով կոտրեց չեխ ժողովուրդին բնականոն ընթացքը դէպի ազատութիւն եւ ազգային գերիշխանութիւն, այլ նաեւ աշխարհը մատնեց անդոհանքի մը, արդիւնք` այն իրողութեան, որ Քենետի-Խրուշչով 1961-ի Վիեննայի հանդիպումէն ետք գոյացած լռելեայն համաձայնութիւնը խախտած է, եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Պաղ պատերազմը պիտի վերսկսի նախկին թափով: Այսօր, Պալթիք ծովէն մինչեւ հարաւարեւելեան Եւրոպա, ռուսերը քաշած են հրասայլերու պատ մը` երկաթեայ նշանակութիւն տալով այն վարագոյրին, որուն մասին Չըրչիլ խօսած էր Ֆուլթընի մէջ: Մեղմացումի քաղաքականութիւնը լրջօրէն վտանգուած է, ու Քրեմլին այնպէս կը վարուի,...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 17 of 69 1 16 17 18 69

Արխիւներ