Մինչեւ Որ Նիւթը
Ոգի Չդառնայ
Անցնող յիսնամեակը բաւեց, որպէսզի կոտորակուած, թշուառ ու կիսամերկ մեր բազմութիւնները կազմակերպուին գաղութէ գաղութ, տնտեսական բարգաւաճ կեանք մը ստեղծեն եւ նախաձեռնարկ ըլլան կրթական, բարեսիրական, առողջապահական եւ մշակութային գործունէութեան:
Շինուեցան հոյակապ եկեղեցիներ` նախկին տախտակէ մատուռներու փոխարէն, բարձրացան արդիական վարժարաններ` նախկին թիթեղածածկ վարժատուներու տեղ: Ունեցանք նոյնիսկ մեծածախս թատերասրահներ, բուժարաններ եւ ակումբներ:
Շինարարական այս թափը կը շարունակուի, եւ խոր գոհունակութեամբ կը հաստատէ իւրաքանչիւր հայ, թէ զոհողութեան եւ նուիրաբերումի առհաւական երակը ոչ միայն չէ ցամքած մեր ժողովուրդին մէջ, այլ նոր կենսունակութեամբ մը կը յորդի: Իրարու ետեւէ «ազգային բարերարներ» ի յայտ կու գան` պատկառելի գումարներ նուիրելով ազգօգուտ ձեռնարկի մը իրականացման համար: Անոնցմէ ոմանք Մեծ եղեռնի սարսափներէն հրաշքով ազատած վերապրողներ են, երէկ տակաւին` պարզ աշխատաւոր, այսօր սակայն մեծատուն ու մեծահոգի անձնաւորութիւն մը` շնորհիւ հայու նախաձեռնող ոգիին եւ առասպելական աշխատասիրութեան:
Ազգային հաստատութեանց կառուցման գործին մէջ անմասն չէ նաեւ ժողովուրդը` իր յարատեւ, ամէնօրեայ զոհաբերութեամբ: Հանգանակութիւններու եւ տոմսակներու անհատնում շարքը միայն բաւարար է գաղափար կազմելու համար, թէ ի՛նչ կու տայ ազգը հաւաքաբար` առանց ծափ ու պատիւ պահանջելու: Ամերիկայէն մինչեւ Լիբանան նորաշէն եկեղեցիներու արժէքը միլիոններու կը հասնի:
Մխիթարական, յուսադրիչ երեւոյթ` սփիւռքի մեր կեանքը հարուածող այնքա՜ն ուրիշ տխուր երեւոյթներու կողքին:
Գիտակցաբար կամ բնազդաբար հայ մարդը կը զգայ, որ նիւթը մնայուն արժէքի չի վերածուիր, մինչեւ որ ոգի չդառնայ: Հայութիւնը հնագոյն դարերէն ունեցած է այս ապրումը` իր ընտիր զաւակներուն սրտով: Ինչպէ՞ս պահուած են կրթութեան եւ դպրութեան օճախ մեր վանքերը, ինչպէ՞ս ստեղծագործուած են մագաղաթեայ մեծարժէք մեր ձեռագիրները, ինչպէ՞ս կառուցուած են հոյակապ մեր տաճարները, եթէ ոչ` իշխանական նուիրատուութեամբը մեր նախարարական տոհմերուն:
Այսօր ո՛չ նախարարութիւն ունինք, ո՛չ իշխաններ, բայց իշխանական նուիրատուութիւն ընելու ընդունակ հայու զաւակներ չեն պակսիր ահաւասիկ, որոնք գերագոյն հրճուանքը կ՛ապրին իրենց վաստակը նետելու հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ:
Ընդհանրական չէ ապրումը, տարածուն չէ շարժումը եւ չի կրնար ալ ըլլալ: Ծանօթ բարերարներուն չափ եւ անոնցմէ աւելի հարուստ ազգակիցներ շատ կան մեր մէջ, որոնք պինդ նստած են իրենց հարստութեան վրայ եւ չեն մտածեր բաժին հանել հայութեան` ո՛չ իրենց ողջ եղած միջոցին, ո՛չ ալ յետմահու կտակով: Դիւրին չէ բաժնուիլ նիւթէն: Դիւրին չէ մէկ անգամէն ընծայաբերել խոշոր գումար մը, որուն իւրաքանչիւր մասնիկին համար կեանք ու սիրտ մաշեցուցած է տէրը: Եւ դժուար ըլլալու համար է արդէն, որ բարեգործութիւնը գովաբանուած առաքինութիւն է, աստուածահաճոյ գործ եւ ազգասիրութեան կենդանի փաստ:
Մարդիկ առհասարակ նիւթապաշտ կը ծնին: Դաստիարակութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը, մարդկային պարտականութեանց ըմբռնումներն են, որոնք հոգեփոխութեան կ՛ենթարկեն մեզ: Եւ բնականաբար լաւ արարքներու կրկնութիւնը ինքնին կը դառնայ բարեսիրութեան վարակիչ ազդակ: Ուրիշ ազգերու մէջ եւս շատ չեն ծնիր նիւթական լայն զոհողութիւններ կատարելու ընդունակ անհատներ: Համեմատած մեր թիւին` բարեգործ ազգայիններու փաղանգը կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայոց պատմութեան ընթացքին մէջ:
Ամբողջ արուեստ մըն է անհատները զոհաբերութեան մղելու կարողութիւնը: Անորոշ ցանկութիւններով բաբախող սրտեր կան, տարտամ ծրագիրներ որոճացողներ կան, տալու փափաքը տարիներ շարունակ փայփայողներ կան, որոնք այս կամ այն պատճառով կը յետաձգեն իրենց որոշումը: Որքա՜ն «ծնած բարերարներ» գոյութիւն ունին մեր շուրջ, որոնք առանց բարերարութիւն կատարելու` կը մեկնին այս աշխարհէն, եւ իրենց հարստութիւնը յումպէտս կը վատնուի: Շատ անգամ ազգականներ իսկ չկան մահացողին քով, եւ օտար պետութեան մը բաժին կ՛իյնայ հայուն վաստակը:
Ծանօթ է այս ցաւը քիչ մը ամէն տեղ, բայց մասնաւորաբար` Եւրոպայի ու Ամերիկայի մէջ: Ժամանակը եկած ու քիչ մըն ալ անցած է, որպէսզի լուրջ մտահոգութեան առարկայ դառնայ հայուն նիւթական հարստութիւնը հայուն վերադարձնելու կենսական կարեւորութիւնը: Հեռատես եւ սրտցաւ անհատներու թափած մեկուսի ճիգերը արժէքաւոր են անշուշտ, բայց կազմակերպուած աշխատանք մը այս ուղղութեամբ աւելի արդիւնաւոր կրնայ դառնալ:
Մշակուած ծրագրի ու կազմակերպութեան կը կարօտի նաեւ նուիրաբերուած գումարներու գործածութիւնը: Մեր ժողովուրդի ազգապահպանման պայքարը մէկ ճակատ չունի միայն: Հայ մշակոյթը եւ ոգեկան անդաստանը իր բոլոր կողմերով ու բերքերով հոգածութեան կը կարօտի, մինչդեռ ունինք մարզեր, որոնք անտեսուած, գրեթէ լքուած են: Հայ գիրքը, օրինակ, մեծագումար նուիրատուութիւններու նպաստէն հազիւ փշրանքներ կը ստանայ: Նուա՞զ կարեւոր է արդեօք դարերուն դիմաց նետուած լոյսի մատեան մը, քան` շէնքի մը կառուցումը:
Ի՛նչ ալ ըլլայ սակայն, վերջին տասնամեակին մասնաւորաբար թափ առած նուիրատուութիւններու աճը, մեր գաղութներուն մէջ, բացայայտ նշանն է ազգային գիտակցութեան վերելքին: Պէտք է խորացնել այս ապրումը հոգիներէն ներս, որովհետեւ մշակոյթի ծաղկումը պայմանաւորուած է գլխաւոր չափով մը նիւթական կարելիութիւններով: Ճիշդ է` հոգին գերազանց է, քան նիւթը, բայց առանց այս վերջինին` հոգեկան թռիչքները կը կաշկանդուին շատ անգամ եւ կը դատապարտուին անդամալուծութեան:
Ո՛չ միայն նոր արժէքներ ստեղծելու, այլ մեր ունեցածը աշխարհին ծանօթացնելու համար ալ նիւթական միջոցներու անհրաժեշտ կարիքը կայ: Օտարները անհաշիւ գումարներ կը ծախսեն իրենց ազգային քարոզչութեան համար: Մեր ունեցածն ու ըրածը այս մարզին մէջ արժանի չէ մինչեւ իսկ նկատառման:
Գալիք ժամանակները, իբրեւ ոգեղինացած արժէք ու գեղեցկութիւն, պիտի պահեն միայն այն գանձերը, որոնք հրաշափոխուելով դարձան տաճար ու դպրոց, գիրք ու նկար, երգ ու բանաստեղծութիւն:
Մնացածը` հող ու փոշի…
Մ. ԻՇԽԱՆ