Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 28, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կնոջ Մասին

– Կիներու բոլոր տեսակի զառածումներուն մէջ պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին մը ունին նաեւ այրերը:

Նոյն իրաւունքներով ու պարտականութիւններով կինը կանգնած է ընկերութեան առջեւ, բայց այրը յեցած ֆիզիքական իր ուժին, մերժած է ճանչնայլ այդ իրաւունքները, ինչ որ անուղղակիօրէն խոցած է կնոջ արժանապատուութիւնը: Իր ազատութիւնը ձեռք ձգելու խոտորնակ գայթումները կնոջ` հետեւանք են յաճախ իր անհատականութիւնը վիրաւորող այրերու աններելի արհամարհանքին:

– Մեր ռոմանթիք չափազանցութիւններն են, որ տուած են կնոջ բացառիկ զգայնութեան մը իրաւունքը, որ հասարակաց է երկու սեռերու համար:

Հոն, ուր այրը կ՛ունենայ կթոտումներ եւ անոնց արդիւնք` մեղանչում, կրնայ կինն եւս ենթարկուիլ միեւնոյն շեղումներուն:

Եթէ այրը կը վերածածկէ իր ապօրէն քայլերուն հետքերը ու կը մնայ զերծ` իր մեղքերը դատապարտող սանձումներէ եւ քննադատութիւններէ, կինը, իբրեւ հետեւանք իր բնախօսական կազմուածքին, կը դառնայ նոխազ այրերու թշուառական որոգայթներուն:

Քաղքենի մեր բարոյականը, այդ պարագային, իր ծանր քարերը կ՛արձակէ կնոջ, որ զոհն է պարզապէս այն զգայնութեան, որով գալարուած այր մը բարոյական խարոյկի մատնեց կին մը:

– Իր ապրումներուն սանձ չդնող երիտասարդութիւն մը իրաւունք կը համարի բախել վայելքի դարպասները: Իսկ երբ տեսնէ կնոջ նուազ խիզախ քայլերը, կը դառնայ իսկոյն անողոք դատաւոր ու կը փորձէ խոտորնակ մակարդակի վրայ զոհը դարձնել զայն իր մեղաւոր ցանկութեանց:

Չկարողացա՞ւ. կը դառնայ դաժանօրէն վայրագ ու կը կառչի քսութեան խրուտքներուն:

– Քառասունը անցած կիներու անբեղուն տառապանքին պատճառները փնտռեցէք մասամբ բարոյականէ պարպուած սերունդի մը` կնոջ հանդէպ ցոյց տուած գռեհիկ կեցուածքին մէջ:

– Եթէ այրերու եւ կիներու ֆիզիքական կազմուածքին իբրեւ հետեւանք` կարգ մը արհեստներ եւ աշխատանքներ դարձած են այրերու եւ ուրիշներ` կիներու գործունէութեան մարզին սեփականութիւնը, այս պարագան իրաւունք մը չէ յաւակնելու, թէ կինը զուրկ է կատարելու մտաւոր այն աշխատութիւնները, որոնց մէջ ցարդ այրերը շահած են առաջնութիւն:

Արուեստի, գրականութեան, գիտութեան եւ իմաստասիրութեան մարզերու վրայ նոյնքան փայլուն կիներ կան, որքան` այրեր:

Աւելորդ յոգնութիւն մը պիտի ըլլար գուցէ յիշատակել անուններ` հաստատելու համար այս ճշմարտութիւնը:

Թէ քանակապէս աւելի մեծ է թիւը որակեալ այրերու, իրողութիւն է, ինչ որ, սակայն, իրաւունք պէտք չէ համարել` նսեմացնելու համար կինը: Որովհետեւ իբրեւ մայր` կինը տեղ մը ճակատագրուած է սերունդի աճին ու փրկութեան գործով վերանալ եւ այրերուն թողուլ գործունէութեան որոշ մարզեր:

– Կիներու մէկ մասին սխալը կը կայանայ անոր մէջ, որ այրերու կողմէ իրենց հանդէպ ցոյց տրուած բացառիկ փաղաքշանքներն ու քմծիծաղները կ՛ընդունին սեռին իրաւունք շնորհ մը, հետեւանք` իրենց գեղեցկութեան կամ մտաւոր առաքինութիւններուն: Այրերու կեցուածքը պայմանաւորուած չէ, դժբախտաբար, միշտ ամբասիր յարգանքով:

Սովորամոլութեամբ մը ան փոխանցուած է նոր ժամանակներու, եւ այրը կառչած այդ սովորամոլութեան` կու տայ իր ցուցական տուրքը կնոջ` յետոյ զայն ի խորոց վիրաւորելու եւ մերթ քուրջի մը վերածելու համար:

– Այն օրը, որ կինը պիտի հաշտուի այն տեսակէտին հետ, թէ չկան առաւելակշիռ յարգանքի տարերք սեռերու միջեւ, աւելի պիտի խորանայ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը երկուստեք:

Եւ եթէ  յարաբերութիւններու յարադրութիւնը մղէ այրը գուրգուրանքով ու վայելչութեամբ վերաբերելու կնոջ հանդէպ` հաշուի առած անոր մայրութեան սրբազան իրաւունքներէն իրեն պարտադրուած ֆիզիքական սպառում ու խոնջէնք, տակաւին` իր փխրուն կազմէն հոգածութեան արժանի գուրգուրանք ու նուիրում, այդ բոլորը կինը իրաւունքէ աւելի պէտք է վերագրէ ճակատագրի իր ընկերոջ հոգեկան ազնուութեան: Այն ատեն վերջ կը գտնեն անտեղի ծեքծեքումներ ու պահանջներ, որոնք փոխանակ բարձրացնելու կնոջ ընկերային դիրքը, կը դառնան պատճառ զինք ժամանակաւոր փայփայանքի առարկայ ընելու կարգ մը այրերու նենգամտութեանց:

ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Պուէնոս Այրես

Բանջարեղէնի Շուկան
Նահրի Քորնիշը Պիտի Փոխադրուի

Տարիներէ ի վեր կը խօսուի Պէյրութի կեդրոնին վրայ` Նուրիէի եւ Ռիվոլիի ետեւը գտնուող բանջարեղէնի եւ հաւազգիներու շուկան փոխադրելու անհրաժեշտութեան մասին: Մինչեւ հիմա, սակայն, բանջարավաճառներու սենտիքան կ՛ընդդիմանար այս նախաձեռնութեան` առարկելով, որ պիտի տուժէ:

Առջի օր Պէյրութի քաղաքապետութեան տեղապահը` Հանրի Լահուտ իր մօտ կանչեց բանջարավաճառներու ներկայացուցիչները եւ լուրջ խօսակցութիւն մը ունեցաւ անոնց հետ:

Լահուտ ըսաւ, որ օրէնքը չ՛արգիլեր բանջարեղէններու եւ այլ ապրանքներու ցուցադրութիւնը մայթերու մէկ մասին վրայ, բայց առողջապահութեան եւ քաղաքին գեղեցկութեան տեսակէտէն, պէտք է որ այլեւս յարմար վայր մը գտնուի շուկայի համար: Տեղապահ քաղաքապետը յայտարարեց, թէ  որոշուած շուկան փոխադրել Նահրի քորնիշը, ուր սալայատակուած եւ վրան գոց վայր մը պիտի յատկացուի վաճառականներուն, մինչեւ որ նոյն վայրին մէջ կառուցուին արդիական շուկայի մը բոլոր յարմարութիւնները լրացնող շէնքերը:

Բանջարավաճառներու ներկայացուցիչները համաձայն գտնուեցան: Մօտերս պիտի գումարուի նոր ժողով մը այս որոշման գործադրութեան եղանակները ուսումնասիրելու համար:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Մտորումներ` Համահայկական Կրթական 8-րդ Խորհրդաժողովի Մասին (Աղվերան – Հայաստան) 2-6 Օգոստոս 2018

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?