Մեր Հայրենիք
Ուսուցչական Համագումար
Կամքէ անկախ ուշացայ գրելու Հայաստանի ուսուցիչներու 3-րդ համագումարին մասին, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Բ. համագումարէն մինչեւ Գ.ը` անցնող ութ տարիներու ընթացքին նկատելի փոփոխումներ արձանագրեց երկրի կրթական կեանքը:
Նախ` նիւթական աւելի լայն միջոցներով օժտուեցան կրթական հաստատութիւնները: Մասնաւորապէս վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին դպրոցները ստացան բնագիտութեան եւ տարրաբանութեան յատուկ սարքաւորումներ, աւելի քան հազար շարժանկարային գործիքներ, եօթը հարիւր յիսուն հեռատեսիլ, ութ հարիւր երիզագրող եւ այլն:
Այժմ երկրի դպրոցներու թիւը հասած է 1596-ի, ուր կ՛ուսանին շուրջ վեց հարիւր հազար աշակերտ-աշակերտուհիներ: Իսկ ուսուցիչ-փրոֆեսէօրներուն թիւը բարձրացած է 28 հազարի:
Ծանօթ է, որ Խ. Միութեան կրթական գործը եւս փոփոխումներու ենթակայ եղաւ պարբերաբար: Տնտեսութիւնը, որ հիմքն է վարչաձեւին, առիթ տուաւ, տարիներ առաջ, որ «դպրոցը կեանքին կապեն» Նկատելի վերիվայրում մըն էր այս, որուն նախաձեռնողն էր Խրուշչով: Արդիւնքը չարդարացուց ակնկալութիւնը: 1966 նոյեմբերին եւս Խ. Միութեան նախարարներու խորհուրդը եւ կուսակցութեան Կ. Կոմիտէն տուին ծրագրային որոշումներ: Հայաստան, իբրեւ մէկ մասնիկը խորհրդային պետութեան, հետեւեցաւ ու կը հետեւի իրերայաջորդ ծրագիրներուն:
Գ. համագումարին լուսաւորութեան նախարար Շ. Սիմոնեանի զեկուցման համաձայն, Բ. համագումարէն ասդին` «աւելի են ամրապնդուել միջնակարգ դպրոցները` աշակերտութեան թիւը 318.323-ից հասնելով 557.016-ի»:
1967-ի յուլիսին էր, որ Հայաստանի Կ. կոմիտէն իւրացուց կեդրոնէն ուղարկուած ծրագիրները, իսկ ամիս մը ետք հաստատեց դպրոցական դասագրքերու նախապատրաստման ժամկէտերը: Սեպտեմբերին ԿԿ եւ նախարարներու խորհուրդը միասնաբար որոշեցին ուսուցչական անձնակազմերու որակի բարձրացումը:
Այս երեք որոշումները, տրուած` յաջորդական երեք ամիսներու ընթացքին, ցոյց կու տան, որ հիմնական թերութիւններ նկատուած են մինչեւ 1966 կիրարկուող կրթական դրութեան մէջ:
Այս որոշումներէն երկուքը մասնաւորապէս շատ կարեւոր են` ուսուցչական անձնակազմերու որակի բարձրացում եւ նոր դասագրքերու պատրաստութիւն: Համագումարի գլխաւոր օրակարգն էր միջնակարգ դպրոցի։ Քանի մը առիթներով անդրադարձած եմ ուսուցչական կազմի որակի անբաւարարութեան:
Ըստ Շ. Սիմոնեանի, «մանկավարժական բուհերից եւ պետական համալսարանից շրջանաւարտների մի մասը անհրաժեշտ պատրաստութիւնը չունի»:
Նայիրի Զարեան համագումարի առթիւ գրած իր յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Երբ այդ մասին խօսում ենք լուսաւորութեան նախարարութեան ղեկավարների հետ, պատասխանում են. ի՞նչ անենք, բարձրագոյն դպրոցները մեզ տալիս են մայրենի լեզուին լրիւ չտիրապետող շրջանաւարտներ, իսկ բարձրագոյն դպրոցների ղեկավարները ասում են, որ միջնակարգ դպրոցները մեզ տալիս են լեզուն լրիւ չիմացող շրջանաւարտներ»… Շ. Սիմոնեանը կը խոստովանի, որ` «Հանրապետութեան դպրոցներում դեռ ունենք ուսուցիչներ, որոնք իրենց գիտելիքներով, առարկայական, մեթոտական պատրաստութեամբ զգալիօրէն ետ են մնացել այսօրուան պահանջներից»:
Ինչ կը վերաբերի դասագիրքերուն, իր կարգին բաւական լուրջ խնդիր մըն է անշուշտ: Պատրաստողը ոչ միայն պէտք է տիրապետած ըլլայ այն նիւթին, որուն յատկացուած է իր պատրաստելիք դասագիրքը, այլեւ ունենայ մանկավարժական փորձառութիւն: Արտասահմանի համար պատրաստուած հայոց լեզուի դասագիրքերը լաւ վկայութիւն մը չեն տար այդ մասին:
Մասնաւորապէս մայրենի լեզուի եւ հայ գրականութեան ուսուցման բարելաւման համար ջանքեր եղան. տեղաւորուեցան որակաւոր ուսուցիչներ, աւելցան ուսումնական ձեռնարկները, կը կիրարկուին աշխատանքի նոր կերպեր: «Այսուհանդերձ,- կ՛ըսէ Շ. Սիմոնեանը,- ցածր է սովորողների գրաւոր ու բանաւոր խօսքի կուլտուրան, բաւարար ուշադրութիւն չի նուիրւում աշակերտների տեսական գիտելիքների հարստացմանը: Քերականութեան ուսուցման մէջ դեռ չի յաղթահարուել ձեւական մօտեցումը»:
Այս մատնանշումները կը կրկնուին տարիներէ ի վեր, ինչպէս կը կրկնուին դասարան կրկնողներու պարագան: «Այս խնդիրը,- կ՛ըսէ Շ. Սիմոնեանը,- եղել է եւ մնում է գլխաւորներից մէկը: Աշակերտների գիտելիքների մակարդակի հարցը մշտապէս անհանգստացնում է մեզ: Այս հարցը մեզ համար չի կարող լուրջ նշանակութիւն չստանալ, քանի որ հանրապետութեան ժողովրդական կրթութեան բնագաւառի ստուերոտ կողմերից մէկն է: Վերջին տարիներին եղել է սովորողների առաջդիմութիւնը, աճել է դասարան կրկնողների թիւը: Մեզ մօտ իւրաքանչիւր տարի միջնակարգ դպրոցներն աւարտում են 20-30 հազար հոգի, իսկ երկրորդ տարին միեւնոյն դասարանում են մօտ 40 հազար աշակերտ»:
Պատկերը վհատեցուցիչ է: Տարօրինակը այն է, որ մինչ դպրոցներու նիւթական միջոցները կ՛ընդլայնուին, սարքաւորումները կը ճոխանան, ուսուցչական անձնակազմերու որակը մասամբ կը բարելաւուի, սակայն աշակերտներու կրթական մակարդակը կը շարունակէ մնալ ցած:
«Ներկայումս,- կ՛ըսէ Շ. Սիմոնեանը,- մեր առջեւ խնդիր է դրուած մինչեւ 1970 տարին աւարտել ընդհանուր պարտադիր միջնակարգ կրթութեան իրականացումը»:
Անշուշտ կարեւոր, բայց դժուար իրագործելի առաջադրութիւն մըն է ասիկա: Տրուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 8-րդ դասարաններու աշակերտներուն մեծ մասը ուսումը կը շարունակէ 9-րդ դասարանին մէջ: Եթէ իրականանայ այդ ծրագիրը, միջնակարգ դպրոցներու շրջանաւարտներուն թիւը (տարեկան) միջին հաշուով պիտի ըլլայ 40-45 հազար, իսկ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները հնարաւորութիւն կ՛ունենան ընդունելու այդ թիւին կէսը:
Պարզ է, որ թիւերու այս տոկոսը համեմատաբար կ՛աճի բնակչութեան թիւին աճման հետ:
Աստիճանաբար կ՛ընդլայնի նաեւ աշխատող երիտասարդներու ուսուցման ցանցը: Այժմ երկրի մէջ գոյութիւն ունին 223 երեկոյեան եւ հեռակայ դպրոցներ` 26.875 հետեւողներով:
Ա. քարտուղար Ա. Քոչինեան եւս նոյն համագումարին խօսած իր ճառին մէջ մատնանշած է, որ` «Վերջին տարիներին իջել է սովորողների առաջդիմութիւնը, աճել է կրկնողների թիւը: Չեմ թաքցնում, հայոց լեզուի տրուածքը եւ դասաւանդման արդիւնքները չեն գոհացնում ո՛չ մեզ, ո՛չ էլ իրեն` ուսուցչութեանը»:
Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը` «Սովետական Հայաստան», իր կարգին, կ՛ըսէ. «Չի կարելի հանդուրժել, երբ տարուէ տարի աճում է մաղումների թիւը` առաջնից մինչեւ ութերորդ դասարաններում: Փաստ է, որ ամէն տարի միջնակարգ դպրոցները բարձր գնահատականներով աւարտող շատ պատանիներ ու աղջիկներ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների ընդունելութեան քննութիւնների ժամանակ ցուցադրում են ցածր պատրաստութիւն»:
ՎՐՈՅՐ