Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Սեպտեմբեր 1968)

Սեպտեմբեր 3, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճամբու Պատահական Նոթեր 

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Փարիզ, Մոնրէալ, Լոս Անճելըս, հուսկ, ուրեմն, Մեքսիքօ պիտի ըլլան ճամբորդութեանս գլխաւոր հանգրուանները, որուն ձեռնարկած եմ առաւելաբար ներկայ գտնուելու համար Մեքսիքոյի 19-րդ ողիմպիական խաղերուն:

Յուլիսի վերջերս եւ ամբողջ օգոստոսին լոյս քաղաքը` Փարիզ, գրեթէ կը պարպուի: Մեծ վաճառատուները կը փակուին, գրեթէ աշխատանքները կանգ կ՛առնեն, ժողովուրդին համար «սաքրէ» դարձած, ինչպէս կը սիրեն ըսել ֆրանսացիները, համատարած արձակուրդով: Միայն օտար զբօսաշրջիկներ, մեծ տոկոսով ամերիկացիներ եւ գերմանացիներ, կը լեցնեն պատմական վայրերը, թանգարանները, ճաշարաններն ու հաճոյքի սրահները:

Այս անբաղձալի մթնոլորտը աւելի ծանրացաւ վրաս, երբ Փարիզ հասնելուս տհաճ անակնկալը ունեցայ` լսելով նախ առողջական ծանր վիճակը մեծանուն եւ վաստակաւոր Շաւարշ Նարդունիի եւ երկու օր ետք` մահուան գուժը: Մարսէյի ընկերներուն խնամքն ու գուրգուրանքը եւ բժշկական բոլոր միջոցառումները չէին կրցած փրկել հէգ Շաւարշը:

Անտրամադիր ու ընկճուած` օդանաւ առի դէպի Մոնրէալ եւ հոն հասայ եօթուկէս ժամուան ճամբորդութենէ մը ետք:

Նոր քաղաքն ու զիս դիմաւորող ՀՄԸՄ-ական եղբայրներս ու ընկերներս գրկաբաց ընդունեցին զիս, որոնց հետ ունեցած կարօտալի ողջագուրումներս թեթեւցուցին հոգեկան ճնշուած վիճակս:

Առաջին երեք օրերը առիթը ունեցայ պտտելու անծայրածիր երկարութեամբ, ճամբաներու եւ պողոտաներու մաքուր ցանցով, բազմաթիւ գետերով ու լիճերով շրջապատուած Մոնրէալ քաղաքը:

Այցելեցի 1967-ին բացուած միջազգային ցուցահանդէս: Հակառակ մեծ թիւով տաղաւարներ փակուած ըլլալուն` հետաքրքրութենէ բոլորովին զուրկ չէր: Անցեալ տարի վեց ամսուան ընթացքին  այցելած է 50 միլիոն հոգի: Այս տարի այցելած է հազիւ 5 միլիոն հոգի:

Առաջին երկու օրերուն մօտէն հետաքրքրուեցայ ՀՄԸՄ-ի նորակազմ «Կամք» մասնաճիւղի գործունէութեամբ: Գնահատելի գտայ կատարուած բեղուն աշխատանքներն ու ձեռք բերուած նուաճումները: Շաբաթ մը առաջ, յուլիս 27-ին, մեր մարզահանդէսով եւ խանդավառ խրախճանքով տօնակատարուած էր ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակը:

Այս թղթակցութիւնը գրելուս աւելի շատ մղում տուողը եղաւ կիրակի Ս. Յակոբ եկեղեցին ու անոր յարակից սրահը տուած այցելութիւնս: Ըսած էին արդէն, որ հին ծանօթներն ու նոր եկողները կրնամ միայն հոն տեսնել: Ճիշդ էր: Գաղութի միակ ժամադրավայր-սրահը, որ ակումբի դերը կը կատարէ, լեցուն էր: Հանդիպեցայ բազմաթիւ հին բարեկամներու եւ ծանօթներու, որոնցմէ շատերուն Քանատա գտնուիլը ինծի համար նորութիւն էր:

Նոր հիւր մըն էի: Կու գայի Լիբանանէն, բոլորին շատ սիրած երկրէն, որուն բնական եւ անմիջական հետեւանքը պիտի ըլլար շրջապատել զիս: Մեր սեղանը մեծցաւ, աթոռները բազմապատկուեցան, շրջանակը ընդարձակուեցաւ: Արդարեւ, վաղեմի ընկերներու, եղբայրներու եւ բարեկամներու հետ հաճելի առիթը ունեցանք հին ու անուշ յիշատակներ քրքրելու, մօտաւոր անցեալի գեղեցիկ օրերը վերապրելու:

Ու սկսաւ հարցումներու երկար շարք մը. մեր Պէյրութի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերը ինչպէ՞ս են, ախոյեանութիւն շահեցա՞ն: Ո՞ր տղաքը դեռ կը խաղան: Լեւոնը շատ կոլ կ՛ընէ՞: Եղբայրներ Ժոզեֆ Նալպանտեանը եւ Յակոբ Գատեանը կը շարունակե՞ն մարզել մեր խումբերը: ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ճամբարներու կը մասնակցի՞ն: Վահագն Յովհաննէսեանը դեռ փինկ-փոնկի ախոյեա՞ն է: «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացումներ կու տա՞յ: Համազգայինը դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ՞: Երեսփոխանական ընտրութիւնները կանոնաւոր ընթացա՞ն: Քանի՞ հայ երեսփոխան ունինք: Անվերջ հարցումներ, որոնց պատասխանները քիչ մը ժպիտով, բայց միշտ գոհունակութեամբ ու յուզումով անդրադարձը կ՛ունենային իրենց դէմքերուն վրայ:

Ամբողջ երեք ժամ մնացինք սեղաններու շուրջ: Չէին ուզեր բաժնուիլ: Բոլորի աչքերուն մէջ, իրենց վառ հետաքրքրութեան հետ կը կարդայի կարօտը մեր քաղաքին, փոքրիկ Հայաստանին:

Առհասարակ գոհ են իրենց նոր կեանքէն: Գործի ու ապրուստի դժուարութիւն չունին: Սակայն լռելեայն կարելի է հասկնալ, որ չեն մոռցած եւ չեն կրնար մոռնալ որքան իրենց ընկերներն ու բարեկամները, այնքան` այն միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնց հետ հեռուէն կամ մօտէն շաղախուած էին: Բոլորն ալ անզուսպ փափաքը ունին, երբ նիւթապէս քիչ մը բարելաւուին, անպայման այցելել Լիբանան:

Քանատայի հայ գաղութին կեանքը սկսած է 1925-ին: Առաջին ներգաղթողները, շատ փոքր թիւով, եկած են Պոլսէն եւ Յունաստանէն: Մինչեւ 1950 գրեթէ ազգային աչքառու գործունէութիւն տեղի ունեցած չէ:

1960-62 թուականէն սկսեալ բազմացած է գաղութի հայութեան թիւը: Ընդհանրապէս եկած են Միջին Արեւելքի երկիրներէն, մասնաւորաբար` Եգիպտոսէն եւ Սուրիայէն: Գաղութին ընդհանուր թիւը ներկայիս մօտ 12 հազար է: Համախմբուած են մեծ քաղաքներու` Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:

Ըստ վերջին գնահատումներու, ութ հազար հայեր կ՛ապրին Մոնրէալի մէջ եւ չորս հազար` Թորոնթոյի մէջ: Նախքան այս երկու մեծ քաղաքներու մէջ հայերու կեդրոնացումը` հայկական փոքր գաղութներ եղած են Համըլթէնը եւ Սեն Քաթրինը:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

(Շար. 1)

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հակառակ Մերքելի Հայաստան Կատարած Յուսադրող Այցելութեան` Ան Չարտասանեց «Ցեղասպանութիւն» Բառը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?