Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1968)

Սեպտեմբեր 7, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աճապարե՛նք…

Սարդարապատի յիսնամեակին առիթով, ազգային արժէքները իրենց բուն իմաստին մէջ գնահատելու նախանձախնդիր հայ մարդուն համար այս տարի կեանքը նուազ դառնալի եղաւ:

Մեր մամուլին մէջ գուշակուած էր այս օրը:

Ներկայ Հայաստանը չէր կրնար ուրանալ իր գոյութեան հիմնաքարը:

Ու յիսնամեակին կատարուեցաւ երախտագիտական ծիսակատարութիւնը` պաշտօնական բերաններով ու ժողովրդական լայն զանգուածներու մասնակցութեամբ:

Տրամագծօրէն մեզ հակառակ գաղափարախօսութեան մը ներկայացուցիչները յիսուն տարի ետք հանդիսաւորապէս հաստատեցին այն, որ առաջին օրէն լոյսի պայծառութեամբ ներկայացուած էր այս ճակատին վրայ, թէ` «Սարդարապատի ճակատամարտը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովրդի, նրա ապագայ սերունդների համար, … հայ ժողովրդի ազգային վերածննդի համար»:

Դէպքերու մեկնաբանման մէջ հաստատուած այս ընդհանուր կարծիքը ընդհանուր ուրախութիւն մը յառաջացուց, որ դեռ կ՛արձագանգէ հորիզոնէ հորիզոն, հոգիէ հոգի:

Համերաշխութիւնը խանգարող մէկ կէտ մնաց:

Սարդարապատի նուիրուած առաջին աշխատութիւններուն ու կոթողին առջեւ արտասանուած ճառերուն մէջ մարդիկ, լուրջ մարդիկ, ու տիտղոսակիր անձեր, արդար նժարներու մէջ գնահատելով հանդերձ Սարդարապատի ու նոյն օրերուն մղուած զուգակշիռ միւս ճակատամարտերուն անկիւնադարձային արժէքը, վերստին տուրք տուին իրենց նախկին նեղմտութեան` անհիմն ակնարկութիւններ ընելով ու անտեսելով այդ փառապանծ դէպքերուն ընթացք ու որակ տուած մեծահռչակ դէմքերը: Մեծ դերակատարներէն յիշեցին միայն գնդապետ Դանիէլ Փիրումեանը ու միշտ անտեսեցին բոլոր այդ շարժումներուն մղիչ ուժը` անկրկնելի Արամը եւ անոր հմայքին ու հրահանգին ենթակայ պայծառանուն միւս դէմքերը` Նազարբէկեանը, Սիլիկեանը, Դրոն, Զեմլեակի, Յովսէփեանի, Մովսէսեանի նման քաջեր, փոխարէնը դրուատելով յիշեալ ճակատամարտերուն տարեգրութեան անծանօթ սպարտականներ եւ կոմունիստներ:

Խորհրդային ղեկավարներուն ու անոնց գաւառական ենթականերուն վերաբերմունքին մէջ ինչ-որ ստալինեան տարր մը կայ տակաւին, որ իր հերթին պիտի չքանայ անշուշտ, եւ առիթ պիտի տրուի Հայաստանի մարդուն, որ լրիւ բանայ իր սիրտը ու թերի չմնայ ճշմարտութեան հանդէպ իր կատարած պաշտամունքը:

Վերջին հաշուով, կարելի չէ կուսակցական հրովարտակներով սուտ մը յաւերժացնել կամ մթագնել լոյս մը: Ժամանակը վերջ դրաւ ստալինեան կռապաշտութեան մեծ տոկոսին, բայց անկարելի եղաւ իրեն մթագնել մեր արիւնով վառուած սարդարապատեան ջահը:

Մեկնելով անհերքելի այդ ճշմարտութիւններէն` քանիցս ըսուեցաւ, որ լոյսը իր անունով կոչելու ընդհանրական վայելքին համար շատ երկար սպասելու հարկ պիտի չըլլայ:

Աճապարենք ու ըսենք, որ մեր ձեռքը նոր հասաւ «Սովետական Հայաստան» ամսաթերթին մայիսի թիւը, ուր պատմական գիտութիւններու տոքթոր-փրոֆեսէօր Ա. Ն. Մնացականեանի կողմէ ստորագրուած «Հայ ժողովրդի բախտորոշ հերոսամարտը» անուն գրութեան ոգին աւելի կը շեշտէ մեր լաւատեսութիւնը:

«Յիշատակենք հազարներից գոնէ մի քանիսի անունները` յաւակնութիւն չունենալով նրանց ներկայացնել որպէս ամէնից աչքի ընկածներ կամ բացառիկ հերոսներ, որովհետեւ այդ կռւում կատարուած իրադարձութիւնները, առաւել աչքի ընկած մարտիկների սխրագործութիւնները  ժամանակին վաւերագրերում չեն ձեւակերպուել եւ չեն հետազօտուել»:

Կ՛ըսէ` իր ըսածին հետ անհաշտ մարդու մը երկչոտութեամբ եւ կը յիշատակէ անուններ, որոնց հաւանաբար առաջին անգամ է, որ կը հանդիպի ընթերցողը:

Բայց Մնացականեան միւսներուն բացայայտ կողմնակալութիւնը չի մատներ, Անտոն Քոչինեանին, Նայիրի Զարեանին ու Մ. Արզումանեան կոչուած միւս փրոֆեսէօրին չի նմանիր, շարքային զինուորներու մասին կը խօսի` առանց վճռական շեշտի, «յաւակնութիւն չունենալով նրանց ներկայացնել որպէս բացառիկ հերոսներ», չմոռնալով մանաւանդ բացառիկներէն մէկ քանին.

«Այդ ճակատի զօրքերի հրամանատարութիւնը ստանձնեց գնդապետ Դանիէլ Փիրումեանը: Երեւանեան զօրախմբի ընդհանուր հրամանատարը գեներալ Սիլիկեանն էր, իսկ շտապի պետը` Վէքիլեանը (հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ սովետական ականաւոր գեներալներից մէկը): Երեւանում ստեղծուեց Յատուկ կոմիտէ` թիկունքի աշխատանքները կազմակերպելու եւ ռազմաճակատին օգնութիւն ցոյց տալու համար: Յատուկ կոմիտէի գլուխը կանգնեց Արամ Մանուկեանը, որն աչքի էր ընկել նաեւ 1915 թուականին, Վանի հերոսական պաշտպանութեան ժամանակ:

Ճշգրիտ ըլլալու եւ պարկեշտ մնալու նախանձախնդրութեամբ գրիչ շարժող այս Ա. Ն. Մնացականեանն է, եթէ չենք սխալիր, Ասատուր Մնացականեանն է: «Բագին»-ի լոյս ընծայած Լեւոն Մկրտչեանի «Հայոց արեւելից կողմանց» յօդուածաշարքին մէջ ընթերցողը կարդացած է հարկաւ անոր նուիրուած գնահատական ջերմ տողերը: Անոր անծանօթ չէ նոյնպէս «Ազդակ»-ի ընթերցողը: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին (23, 24 եւ 25) այս թերթին մէջ արտատպուեցաւ Պարոյր Սեւակին հետ միասին ստորագրած այս մտաւորականին ջախջախիչ գրախօսականը` ի մասին ազրպէյճանցի տխրահռչակ Պունիաթովի կեղծարարութիւններուն: Հանգամանքներու բերումով, նաե՛ւ իմացապէս մեզ կողոպտելու միտող թաթարական վերջին արշաւանքին դէմ ցցուած զինաթափող ուժ է Մնացականեան, Հայաստանի ողջ մտաւորականութեան համարումը վայելող արուեստաբան, գրականագէտ, պատմաբան, առաւել` քաղաքացիական քաջութեան օրինակելի տիպար, որուն կուռ ու լուսապայծառ փաստարկութիւններուն կռթնելով` Հայաստանի հայը կողոպտիչներուն երեսն ի վեր կը պոռայ, որ` «Հայ բանասիրութիւնն ու աղբիւրագիտութիւնը որբի գլուխ չէ, որ ով ցանկանայ, դալաքութիւն սովորի»:

Սարդարապատի ճակատամարտին առիթով, նոյն պատմաբանը, թէեւ` քիչ մը անհամարձակ ձեւով, բայց նորէն իր կոչումին բարձրութեան վրայ է, ճշմարտութեան հետ, պատմութիւնը որբի գլուխ դարձնողներուն դէմ. աճապարենք ու ընծայենք մեր յարգանքը իրեն, արժանի է…

Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մի՛ Փորձէք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?