Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Օգոստոս 1968)

Օգոստոս 29, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զոհեր`
Ոսկեզօծ Սուտերու

Ռուսիոյ մէջ իրենց իշխանութիւնը հաստատելէ ետք, սովետները, առաջին օրէն, աշխարհի միւս ժողովուրդներուն փրկութիւն բերելու կարգախօսի մը կառչեցան եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկեցին հսկայ քարոզչութեան մը: Նոյնը պարտադրուեցաւ նաեւ համայնավար օղակին մէջ առնուած տարբեր հայրենիքներու: Իրենց ենթակայ ժողովուրդները ճնշելով` հեռու հեռաւորներուն ազատութեան համար բարձրացուած այդ դիւրին աղաղակները բոլորովին ապարդիւն չանցան: Հեռուէն եկած թմբուկին անուշ ձայնը ունկնդիր ունեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն: Ամէնուրեք գտնուեցան համայնավար փրկչական խոստումներուն հաւատք ընծայող մարդիկ, որոնց գլխուն, սակայն, ոչ միայն փրկութեան ծիածան չբացուեցաւ, այլեւ շատ բան վրայ տուին իրենց վարկէն:

Նման դառնութիւններ քիչ ապրած չենք նաեւ մենք` հայերս, մեր կրօնական առաջնորդներուն ու մտաւորական ներկայացուցիչներուն հետ, անոնց իմաստո՜ւն նախաձեռնութեամբ:

Հայ կեանքի հանգուցային իրադարձութիւնները միտք պահող մարդիկ կը յիշեն անշուշտ մեզմէ ոչ հեռու 1946-ը, Էջմիածնի մէջ այդ թուականին կայացած ազգային-կրօնական ժողովը եւ չեն մոռցած այն նամակը, որ Գէորգ Զ.-ի, Գարեգին Ա.-ի, Կիւրեղ Բ.-ի, Աւետիք Իսահակեանին, Ստեփան Մալխասեանի եւ բազմաթիւ պատգամաւորներու ստորագրութեամբ ղրկուեցաւ «Մեր բարեկամ Մեծ Մարշալ Ստալինին».

«Մեծ Ստալին, դուն պողպատէ վճռակամութեամբ իրագործեցիր ուքրանացիներու, պիելոռուսերու, մոլտաւացիներու եւ պալթիկ ժողովուրդներու ազգային ամբողջացումը. դուն նաեւ թշնամիի անարգ լուծէն ազատեցիր լեհերը, չեխոսլովաքները, աւստրիացիները, պուլկարները եւ եուկոսլաւները` իրաւամբ նուաճելով համայն ազատասէր մարդկութեան սիրտը եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱՐԱՐի կոչումը»:

Ազգիս հայոց ներկայացուցած այս փրկիչը եւ փրկուածները, սակայն, խաղաղ ներդաշնակութեամբ մը չընթացան հետագայ օրերուն: Նախ` աւստրիացիները մերժեցին «Ժողովուրդներու ազատարար»-ին երախտագէտ ըլլալ, յետոյ Եուկոսլաւիան չուշացաւ ցոյց տալ իր «ապերախտ» դէմքը, իսկ Հունգարիոյ, Չեխոսլովաքիոյ եւ միւսներուն փրկութեան գործը, ըստ երեւոյթին, անկատար մնացած էր, «Մեծ Մարշալը» բաւական գործ ձգած էր իր ժառանգորդներուն եւ ժառանգորդները, հաւատարիմ իրենց ժառանգականութեան գծին, փրկուածը վերստին փրկելու շռայլ հոգատարութեամբ մը ներխուժեցին յիշեալներու սահմաններէն ներս, եւ աշխարհը, աստիճանաբար, ու միշտ հրասայլերու դղրդիւնին ընդմէջէն, իմացաւ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ փրկութիւն բառը համայնավար բառարանին մէջ:

Համայնավարներուն համար ժողովուրդ մը փրկել` անոր գլխուն նստիլ կը նշանակէ, անոր երակները քամել, կամքը բռնաբարել: Մենք կանուխ ապրեցանք այդ դառնութիւնը, մինչ մարդկութեան մեծ տոկոսոը նոր կը զգայ աղէտին ահաւորութիւնը, որ վստահաբար պիտի խնայուի ուրիշ հայրենիքներու, որովհետեւ Չեխոսլովաքիոյ առիթով համայնավարութեան ցոյց տուած անհանդուրժողութիւնը, ամբողջատիրական ձգտումը բացայայտ իրողութիւններ են այլեւս, եւ դժուար թէ այսուհետեւ ան կարենայ շուկայ գտնել ժողովուրդներուն փրկութիւն խոստացող իր ոսկեզօծ սուտերուն:

Պ. Ս.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան` Միաբան Ուխտին Աղթամարայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?