Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1958)

Օգոստոս 18, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գարեգին Եւ Արտաւազդ Եպիսկոպոսներու
Այցելութիւնը Նանսենի Շիրիմին

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի չորրորդ ընդհանուր համագումարի աւարտին (Ուփսալա, 4-20 յուլիս), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկու պատգամաւորները` Գարեգին եպս. Սարգիսեան եւ Արտաւազդ եպս. Թրթրեան գեղեցիկ մտածումը ունեցան սկանտինաւեան երկրէն չմեկնիլ` առանց այցելելու Ի. դարու մարդկային պատմութեան ամէնէն ականաւոր դէմքերէն մեծ հայասէր եւ հայանուէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի շիրիմին, որ կը գտնուի Օսլոյէն քիչ անդին, իր բնակարանի պարտէզին մէջ, որ այժմ Նորվեկիոյ համար դարձած է ազգային հաստատութիւն եւ սեփականութիւն:

Յուլիսի 22-ի երեկոյին երկու սրբազանները Ուփսալայէն մեկնեցան Օսլօ եւ յաջորդ առաւօտ յատուկ ժամադրութեամբ այցելեցին պետական քարտուղարներէն Հենրիկ Պարկեմի, որ կրօնական եւ կրթական գործոց ընդհանուր քարտուղարն է, եւ անոր ընկերակցութեամբ գացին Նանսենի շիրմի այցելութեան: Տեղւոյն վրայ արդէն հաւաքուեր էին հեռատեսիլի եւ թերթերու թղթակիցները եւ կը սպասէին սրբազաններու ժամանումին: Այնտեղ էին նաեւ Նանսենի որդւոյն կինը, Նանսենի թոռն ու թոռնորդին: Իր որդին դժբախտաբար չկրցաւ ներկայ ըլլալ` նախորդ օր անակնկալ անհանգստութեան պատճառով հիւանդանոց մտած ըլլալով: Ներկաներուն մէջ էին նաեւ երեք հոգեւոր հովիւներ` Անդրէաս Արֆլոթ, Սքոլերուտ եւ Թրոն Թրոնսեն, ինչպէս նաեւ` խորհրդարանի անդամներէն եւ Նորվեկիոյ եկեղեցիի Ուփսալայի պատուիրակներէն Յակոբ Անօ:

Երկու սրբազանները նախ ծաղկեփունջ մը զետեղեցին կանաչներու եւ ծաղիկներու մէջ հանգչող գերեզմանին վրայ: Ապա հոգեհանգստեան արարողութիւն մը կատարեցին` երգելով «Ի վերին Երուսաղէմ»-ը եւ արտասանելով «Քրիստոս որդի Աստուծոյ» աղօթքը: Բոլոր ներկաները խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան բնութեան ծոցին մէջ հայ հոգիներէ բարձրացող այս աղօթքին` ի յիշատակ Նորվեկիոյ արժանաւորագոյն եւ բազմերախտ զաւակներէն Ֆրիտիոֆ Նանսենի:

Աղօթքի վերջաւորութեան, թղթակիցները շրջապատեցին երկու սրբազան հայրերը եւ ըրին բազմաթիւ հարցումներ հայ ժողովուրդին ներկայի կացութեան, Նանսենի դերին եւ այլ յարակից նիւթերու շուրջ:

Տեսակցութեան աւարտին հեռատեսիլի վրայ թղթակիցը հետեւեալ հարցումը ըրաւ` որպէս տեսակ մը եզրափակիչ հարցում. «Ինչո՞ւ համար հայ ժողովուրդը կը յարգէ Նանսենի յիշատակը: Ի՞նչ է Նանսենի արժէքը ձեզի համար»: Գարեգին սրբազան ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը` որպէս պատասխան.

«Անտարակոյս Նանսեն տեղ ունի իւրաքանչիւր գիտակից հայու սիրտին մէջ: Անջնջելի՛ տեղ մը: Ո՛չ անոր տամար միայն, որ մեր տառապանքի եւ տագնապի օրերուն, երբ գաղթականութեան յատուկ կեանքի մը ծանր պայմաններուն տակ կ՛ապրէինք, գաղթականներուն սնունդ եւ հագուստ ապահովելու համար տքնաջան աշխատանք տարաւ ան, այլ նաեւ ու մանաւանդ` անոր համար, որ հայ ժողովուրդի տագնապին լուծումը արդարութեան հատուցումին մէջ տեսաւ: Ահա, այդ իմաստութեամբ եւ խոր ճանաչողութեամբ միջազգային ատեաններու առջեւ փաստաբանը եղաւ Հայ դատին: Արդարութիւն պահանջեց եւ բուռն կերպով մեղադրեց եւ դատապարտեց, երբ մարդիկ, կազմակերպութիւններ եւ ազգեր լուռ եւ անտարբեր մնացին:

«Նանսեն մեծ է հայ ժողովուրդին համար ոչ միայն անոր համար, որ անցեալին գաղթականներու հարցով զբաղեցաւ, այլ նաեւ ու մանաւանդ` անոր համար, որ հայ ժողովուրդի վերածնունդի մէջ դեր ունեցաւ: Եւ մենք իբրեւ ժողովուրդ` այսօր կ՛ապրինք այդ վերածնունդը: Նանսեն չի կրնար մոռցուիլ մեր ժողովուրդին կողմէ: Ես դեռ ծնած չէի, երբ ինք մահացեր էր արդէն: Բայց ինծի նման բազմահազար երիտասարդ հայերուս համար Նանսեն ծանօթ ու սիրելի եւ անմոռանալի անձ է, որովհետեւ արդարութեան ախոյեան մը եղաւ եւ հայ ժողովուրդին համար քաջօրէն պահանջեց այս արդարութիւնը, անոր իրաւո՛ւնքը: Արդարութեան եւ խաղաղութեան առաքեալ մը, որ յաւէ՜տ կ՛ապրի»:

Նոյն երեկոյ, ժամը 8:15-ին, հեռատեսիլի վրայ հաղորդուեցաւ այս յայտարարութիւնը` սրբազաններու այցելութեան կարեւոր վայրկեաններու հեռասփռումին հետ միասին:

Գարեգին եւ Արտաւազդ սրբազաններ այցելեցին նաեւ Նանսենի բնակած տունը, շիրիմի կողքին, որ այժմ թանգարանի արժէքով կարեւոր հաստատութիւն մըն է դարձած: Մասնաւորաբար տեսան անոր գրասենեակը, աշխատանոցը (հնախուզական պրպտումներու յատուկ), ընդունելութեան սրահը: Խորունկ տպաւորութիւններով եւ անջնջելի յիշատակներով բաժնուեցան Ի. դարու հայութեան մեծ վկաներէն Նանսենի այս ուխտավայր-գերեզմանէն:

Ժամը 1:00-ին այցելեցին Օսլոյի թեմակալ առաջնորդ Յովհաննէս Սմիմօ սրբազանին եւ շատ սիրալիր խօսակցութիւններ ունեցան հայ ժողովուրդի, Ուփսալայի համաժողովին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի մասին:

Յաջորդ առաւօտ Օսլոյի բոլոր օրաթերթերը յատուկ սիւնակներով անդրադարձեր էին այս այցելութեան եւ տեսակցութեան` հրատարակելով նաեւ լուսանկարներ: Մասնաւորաբար «Աֆթենփոսթեն» («Երեկոյեան Լուրեր», «Մորկենփոսթեն» («Առաւօտեան Լուրեր», «Վարթլանտ» («Մեր երկիրը») եւ «Նացիոնեն» (Ազգ») թերթերը լայնօրէն անդրադարձան այս այցելութեան:

Արդարներուն եւ արդարութեան ախոյեաններուն ընծայուած պատիւը, ժողովուրդի մը վաւերական արժանիքներէն մէկն է: Եւ հայ ժողովուրդը միշտ տուած է փաստը այդ արժանիքին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լուրեր Աշխարհէն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?