Գրական Խնդիրներ
Հինը Եւ Նորը
Գրականութեան Մէջ
Այս օրերս մեր մամուլն ու գրական շրջանակները զանազան առիթներով զբաղեցան այս հարցով: Ամէն հարցի պէս, այս մէկն ալ հակընդդէմ կարծիքներ եւ համոզումներ ստեղծած է իր շուրջը: Այն աստիճան այժմէական է խնդիրը, որ Երեւանի «Գրական Թերթ»-ը նոյնիսկ հարկ տեսած է հարցարան մը բանալու` «Ո՞րն է նորարարութիւնը պոէզայի մէջ»:
Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ առիթով կը ծնի գրական այս տագնապը:
Վերջին տասնամեակին մանաւանդ առանձին հատորով կամ մեր պարբերական մամուլին մէջ յաճախակի դարձաւ հրատարակութիւնը այնպիսի բանաստեղծութիւններու, որոնց հիմնական յատկանիշը հանելուկային ըլլալն է: Եւ սովորութիւն եղաւ «պոէզայի մէջ նորարարութիւն» կոչել այն գրուածքները, որոնք կա՛մ բոլորովին անհասկնալի են, կա՛մ շատ դժուար հասկնալի: Ընթերցողը լայնօրէն վարձատրուած պէտք է զգայ ինքզինք, եթէ քանի մը լարուած ընթերցումէ ետք յաջողի իմաստի բարակ ճեղք մը բանալ անոնցմէ ներս: Շատ անգամ, սակայն, ի զուր իր գանկը պիտի բախէ բառերու խառնահիւս եւ անթափանց պարիսպի մը, որմէ ներս, կ՛ըսուի, հոգեկան հրաշալի գանձեր կան:
Բառերը հայոց լեզուին կը պատկանին, բայց շարահիւսութիւնը յայտնի չէ, թէ ո՛ր քերականութեան: Պատկերներ կան, երբեմն փայլատակող, որոնք իրարու կը յաջորդեն առանց տրամաբանական կառոյցի եւ կը քայքայեն հոգեկան միութիւնը: Փոխանակ կարգ ու յստակութիւն յառաջ բերելու մեր զգացումներու եւ մտածումներու աշխարհին մէջ, կը բազմապատկեն քաոսը:
Պարզ է, որ գրական այս «նորարութիւնը» մեր մէջ օտարամուտ է, այսինքն` օտար ազդեցութիւններու հետեւանք: Վերացական կոչուող նկարչական դպրոցին բառերով կիրարկումը, անձեւ եւ անկերպարան: Գերիրապաշտ հոսանքներու եւ խռովատանջ այլ որոնումներու պղտոր մէկ խառնուրդը:
Արդ, բանաստեղծութիւն գրելու այս կերպը ո՞ր աստիճան «նորարարութիւն» է եւ ո՞ր աստիճան «նորաձեւութիւն»:
Երբ հարցը այսպէս պարզ ձեւի տակ դնենք, կը հասնինք յաւիտենական ճշմարտութեան մը, որուն օրէնքները ի զօրու կը մնան արուեստի արշալոյսէն սկսեալ մինչեւ հիմա:
Եթէ գրողը տաղանդ ունի եւ տէր է բացառիկ խառնուածքի, եթէ բանաստեղծը ըսելիք ունի եւ տէր է ներքին փոթորկումներու, այդ պարագային նո՛ր են իր խօսքն ալ, իր ապրումն ալ: Անպայման կը տիրապետէ ժամանակակից եւ գալիք սերունդներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը յեղաշրջէ որոշ չափով արուեստի ըմբռնումը:
Իսկ եթէ գրողը հետեւակ մըն է, տաղանդազուրկ եւ տքնաջան աշխատաւոր, այն ատեն իր գրածներով սովորական տուրք կ՛ընծայէ պարզապէս օրուան նորաձեւութեան:
Տարազը փոխելով` կարելի չէ նոր մարդ դառնալ: Որքա՜ն անձեր կան մեր շուրջ, որոնք կը սիրեն հագուիլ վերջին նորաձեւութեամբ, բայց հին են եւ հնաբոյր` իրենց մտածումներով, ըմբռնումներով եւ զգալու եղանակով:
Նոյնն է պարագան նաեւ գրականութեան մէջ: Նոր բանաստեղծը ա՛ն է, որ նոր խօսք կ՛ըսէ աշխարհին կամ աշխարհը կը ներկայացնէ նոր ձեւով, իր տեսած եւ ըմբռնած ձեւով: Երբ հարուստ է բանաստեղծին ներաշխարհը եւ զօրաւոր` անհատականութիւնը, անպայման որ անոր խօսքին բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեւը նոր կ՛ըլլան:
Վերջին հաշուով, «նորարարութեան» հիմնական պայմանը տաղանդն է, ի վերուստ ընծայուած ստեղծագործական շնորհքը:
Մէկը կրնայ պարզ գրել, բայց բարդ ապրումներ արտայայտել, ականակիտ խորութիւններու հասնիլ, իսկ ուրիշ մը կամովին բարդացնել իր լեզուն եւ պատկերները` բան մը չըսելու համար:
Ամէն ժամանակաշրջան իր նորոյթները ունի: Վա՜յ անոնց, որ կը կապկեն զանոնք` առանց համապատասխան հակումը եւ տաղանդը ունենալու:
Բանաստեղծութեան մէջ էականը սեփական խառնուածքին հաւատարմութիւնն է: Կեղծիքը, բռնադատեալ ամուսնութիւնը` քողարկուած մասերու հետ, կը տանին դէպի արուեստականութիւն եւ խաթարում: Նորաձեւութեանց ետեւէն շնչասպառ վազելու ախտը շատ անգամ արիւնաքամ կ՛ընէ շնորհալի երիտասարդներ, որոնք կրնային տեղ մը հասնիլ, եթէ չիյնային օտար ազդեցութիւններու շրջապտոյտին մէջ եւ եթէ համեստօրէն ու պարկեշտօրէն լսէին լոկ իրենց ներքին ձայնը:
Շատեր կը վախնան պարզութենէն` իբրեւ յետամնաց չամբաստանուելու համար: Կը կարծեն, թէ ժամանակին քայլ յարմարցնելու միակ միջոցն է գրական նորաձեւութեան հետեւիլ կամ փառաբանել գրուածքներ, որոնց թնճուկը կը խեղդէ զիրենք: Հապա եթէ յիսուն տարի ետք «լոյսի պէս յստակ» երեւին անոնք, իրենք ի՞նչ երեսով պիտի ներկայանան պատմութեան դատաստանին:
Ծիծաղելի են նման նկատումներ:
Ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը այնպիսի հրաշալիք մըն է, որուն գեղեցկութիւնը եօթը քողի ետեւէն կը ճառագայթէ ընթերցողին վրայ` հեքիաթի աննման գեղուհիին պէս:
Սփիւռքի տարածական մեր կեանքը մեզ շփման մէջ կը դնէ եւրոպական ամէնէն յառաջընթաց քաղաքակրթութիւններուն եւ արուեստներուն հետ: Բարիք մը` անշուշտ, եթէ գիտնանք օգտուիլ` առանց անձնատուութեան, եթէ գիտնանք աճեցնել մեր անհատականութիւնը` առանց կորսնցնելու մեր դիմագիծը:
Գրական նորաձեւութեանց այս հարցը, անհատական ըլլալով հանդերձ, ազգային բնոյթ ալ ունի: Վերջ ի վերջոյ կայ եւ պէտք է ըլլայ «հայ բանաստեղծութիւնը»` իր ինքնուրոյն նկարագրով: Չենք սպասեր բնականաբար, որ այսօրուան հայ քերթողը գրէ անպայման Յ. Թումանեանին պէս, բայց չենք ալ մաղթեր, որ ձախաւեր մէկ նմանակը դառնայ ֆրանսացի կամ անգլիացի գերարդիական գրողի մը:
Ծծել այլազան ծաղիկներու հիւթը, բայց` շինել սեփական մեղրը: Չկորսնցնե՛լ գրականութեան եւ արուեստի մարզին մէջ անհատական եւ ազգային ինքնուրոյնութիւնը: Ահա՛ հիմնականը:
Վերջին խօսքը միշտ տաղանդինն է:
Մ. ԻՇԽԱՆ