Հակադրութիւններ
Թուրքիոյ գաւառներուն մէջ ապրող մեր բեկորները, ապրելու իբրեւ վերջին կարելիութիւն, դէպի Պոլիս ուղղեցին իրենց ակնարկները ու երբեմն առանց հնարաւորութիւնները չափելու, առանց ապահովութեան որեւէ կռուան ունենալու` սկսան խուժել դէպի Պոլիս եւ խռնուիլ եկեղեցիներու դռներուն առջեւ:
Երկու տարի առաջ աւելի լայն չափերու հասաւ այս շարժումը` ստիպելով մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, որ յանձնախումբ մը կազմէ չքաւոր եւ անոնք այդ խլեակներուն նախնական կարիքներուն հասնելու եւ բնակարան ու գործ հայթայթելու համար անոնց:
Յանձնախումբը երկու տարուան իր գործունէութեան պատկերը ներկայացնող հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց վերջերս, ուրկէ կ՛իմանանք, որ իր ստեղծած միջոցներով 100 ընտանիք, թիւով 518 անձեր ինքնաբաւ կեանք մը կը վարեն, «Որոնց մէջ 100 մանուկներ եւ պատանիներ արդէն իսկ կը խօսին ու կը գրեն մեր ոսկեղինիկ լեզուն»:
«Մարմարա»-ի մէջ տրուած այս լուրին կողքին, մենք կարդացինք նաեւ Լոնտոնէն տրուած հետեւեալ լուրը.
«Նուպար Կիւլպէնկեան արեւելեան Անատոլուի շրջանին մէջ վարժարանի շինութեան համար Թուրքիոյ Կարմիր մահիկի ընկերակցութեան 50.000 սթերլինի նուիրատուութիւն մը ըրաւ»:
Թուրքը անպայման բախտաւոր է մեզմէ, մեր մանուկներէն: Մինչ մենք եկեղեցիներու շրջափակին մէջ պնակ դնելով, սրտառուչ կոչերով ու ձեռնարկներով կը փորձենք տանելի կացութիւններ ստեղծել մեր մանուկներուն, թուրքը, ընդհակառակն, «թուրք հայրենակից Կիւլպէնկեանի» առատաձեռնութեամբ գոհացում կու տայ իր մէկ կարիքին, թէեւ եղածը «չնչին գումար մըն է` բաղդատմամբ հսկայ հարստութեան», ինչպէս կ՛ըսէ իրենց հրապարակագիրներէն մէկը` Ուլունայ:
Առիթը պատեհ սեպելով, նոյն հրապարակագիրը «Պանդուխտներ» վերնագրին տակ տուած է թրքութեան ուրիշ ապացոյցներ եւս` թրքօրէն մեկնաբանելով մեր կարօտներն ու պանդխտութեան պատճառները.
«Մենք լաւ կը ճանչնանք հայերը, որ արտասահմանի մէջ կարեւոր դիրքերու կը տիրանան եւ Թուրքիոյ կարօտովը կ՛ապրին: Անոնք «պանդուխտներ» են, որոնք որեւէ պատճառով գաղթած եւ զրկուած են մեր հայրենիքէն»:
Ցեղասպանութեան իրենց արարքները եւ մեր պապենական իրաւունքները անտեսելով` հայ մարդուն կարօտը թրքացնելու ընթացիկ խորամանկութիւն մըն է կիրարկուածը, որ մասնաւոր քննութեան նիւթ չէ այսօր: Մենք «թուրք հայրենակից Կիւլպէնկեան»-ն ու անոր սրտաբո՜ւխ առատաձեռնութեան յարակից խնդիրները յիշեցինք հակադրաբար, իրենց անձուկ միջոցներով հրաշքներ գործող Թուրքիոյ հայութեան փրկարար ճիգերը ընդգծելու համար` նախ, եւ յետոյ` մեր ոսկեղինիկ լեզուն նոր գրող ու խօսող թրքահայ մանուկներուն առթած ուրախութիւնը փոխանցելու համար պէյրութահայ թրքախօսիկներուն…
Պ. Ս.
ՀՄԸՄ–ի Սկաուտներուն
Ընդհանուր Բանակումը Այնճարի Մէջ
ՀՄԸՄ-ի սակուտներուն ընդհանուր բանակումը այս տարի, կազմակերպուած` միութեան յիսնամեակին առիթով, պաշտօնապէս պիտի բացուի ուրբաթ, 23 օգոստոսին, Այնճարի մէջ:
Կիպրոսէն արդէն հասած են խումբ մը սկաուտներ, որոնց շատ հաւանաբար միանան այլ մասնաճիւղերէ հրաւիրուած սկաուտական խումբեր: Յունաստանէն յատկապէս այս տօնակատարութեան մասնակցելու համար Պէյրութ հասած է աւագ խմբապետ` Լեւոն Գայըեանը` իր կնոջ հետ, մասնակից դառնալու համար ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն հետ հայկական մարզա-սկաուտական անդրանիկ կազմակերպութեան յիսնամեակի տօնակատարութեան:
Այսօր` երեքշաբթի, 20 օգոստոս, սկաուտական խումբերը բանակավայր պիտի բարձրանան բանակավայրի հաստատման աշխատանքները կատարելու համար, ուր իւրաքանչիւր մասնաճիւղ, իրեն յատկացուած հողամասին վրայ վրաններ լարելէ ետք, ձեռական աշխատանքներ պիտի կատարէ:
Ուրբաթ, 25 օգոստոս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի, Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Յարութիւն Շէրպէթճեանի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններու, սկաուտական խորհուրդներու եւ խմբապետներու ներկայութեան պիտի կատարուի պաշտօնական բացումը:
Բացման արարողութեան ամէնէն յուզիչ մասը, անկասկած, պիտի ըլլայ դրօշակի արարողութեան պահը, որուն ընթացքին, լիբանանեան եւ միութենական դրօշակներու կողքին, կայմին վրայ պիտի բարձրանայ հայկական եռագոյն դրօշակը:
Այս եռագոյն դրօշակը 1982-էն ի վեր կը ծառայէ միջազգային ճամբարներու հայ արիները ներկայացնելու` այլ ազգերու շարքին: Նոյն դրօշակը` Մարաթոնի ճամբարի հայ արիներու հետ տոքթ. Գ. Մեծատուրեանի կողմէ աւանդ տրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտներուն` ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակին պարզելու համար:
ՀՄԸՄ-ի սակուտները իրենց միութեան յիսնամեակը առաձին չտօնելու եւ իրենց ուրախութիւնը հայ հասարակութեան հետ բաժնելու մտադրութեամբ, կիրակի, 25 օգոստոս կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին փառաւոր տողանցք մը պիտի կատարեն Այնճարի մէջ` մասնակցութեամբ սկաուտական բոլոր միաւորներուն, առաջնորդութեամբ Պուրճ Համուտի սկաուտական նուագախումբին:
Նոյն օրը, ժամը 5:00-ին տեղի պիտի ունենայ հանդէս մը` հովանաւորութեամբ վարչպետ Ապտալլա Եաֆիի եւ նախագահութեամբ Հաննա Գասարճիի:
ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակի տօնակատարութիւնը, այս անգամ, իր կրտսեր անդամներուն կողմէ կատարուելով, վստահ ենք, որ պիտի քաջալերուի սկաուտական շարժումին օգտակարութեան հաւատք ունեցող հոծ զագնուածներուն կողմէ, որոնք պիտի չբաւարարուին միայն իրենց նիւթական աջակցութեամբ, այլ անձամբ ներկայ գտնուելով Այնճար` պիտի դիտեն սկաուտներուն կատարած գործը եւ ձեռք բերած նուաճումները, պիտի բաժնեն անոնց ուրախութիւնը եւ վկան պիտի ըլլան ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը շատ աւելի բախտաւոր պայմաններու մէջ տօնակատարելու անոնց ուխտին: